Թուրք Ընդդիմադիրները Էրտողանը Մեղադրած Են Պայտընին Թոյլ Պատասխան Տալու Յանցանքով Եւ Զինք Կոչած «Ազգային Անվտանգութեան Ուղղուած Սպառնալիք»
29 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
24 ապրիլէն ետք, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, սպասելի էր, որ թրքական ընդդիմութիւնը պիտի մեղադրէ երկրին կառավարութիւնը, մասնաւորաբար` Էրտողանը, այն բանի համար, որ Պայտընը Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ ժողովուրդի ողբերգութիւնը կոչած է ցեղասպանութիւն:
Թուրքիոյ նախագահի խօսքէն ետք ընդդիմադիր քաղաքական գործիչները սկսած են գնահատել անոր խօսքերը: Շատերու համար անոր յայտարարութիւնները բաւարար չափով կոպիտ չէին թուեր:
«Ապագայի կուսակցութեան» ղեկավար, Էրտողանի նախկին կուսակից, նախկին արտաքին գործոց նախարար ու վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուին հաճելի չեն եկած Էրտողանի 26 ապրիլին կատարած յայտարարութիւնները` ի պատասխան Պայտընին:
«Նախագահի յայտարարութիւններուն մէջ կայ պաթոս, սակայն ոչ մէկ արդիւնք: Կայ անձնատուութիւն, արձագանգ չկայ: Կան հերթական խօսքեր, եւ չկայ հեռատեսութիւն: Ի՞նչ որոշած ենք եւ ի՞նչ ըրած էք ընդդէմ, այսպէս կոչուած, ցեղասպանութեան մասին Միացեալ Նահանգներու նախագահի յայտարարութիւններուն: Մի՞թէ դուք պարզապէս մտահոգուած էք, որ յունիսին Պայտընի հետ եւս մէկ այլ բաժակ թէյ պիտի խմէք», գրած է Տաւութօղլու «Թուիթըր»-ի վրայ:
Քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու երէկ խօսած է իր կուսակցութեան անդամներուն հետ: Ան նոյնպէս քննադատած է Թուրքիոյ նախագահին արձագանգը:
«Նախապէս Թուրքիոյ մէջ շատ տարբեր կառավարութիւններ կային, ամերիկացիներու հետ խնդիրներ կային, սակայն Միացեալ Նահանգներու ոչ մէկ նախագահ, խօսելով Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915 թուականի իրադարձութիւններուն մասին, ատոնք չէր որակած իբրեւ ցեղասպանութիւն: Էրտողանը երեք օր լռեց, չէր պատասխաներ Պայտընին: Եւ երբ ան սկսաւ խօսիլ, բոլորը որոշեցին, որ ան առիւծի պէս պիտի մռնչէ, սակայն ան մլաւեց կատուի պէս: Տխուր է: Հիմնական հարցը հետեւեալն է` ինչո՞ւ հիմա: Մեր պետութիւնը հետեւած է հիմնական սկզբունքին` խաղաղութիւն երկրին մէջ, խաղաղութիւն աշխարհի մէջ (Թուրքիոյ պաշտօնական կարգախօսը): Աթաթուրքը մեզի կտակած է. «Մի՛ խառնուիք արաբական երկիրներու գործերուն»: Սակայն ներկայիս ղեկավարութիւնը որոշեց չկատարել այս խորհուրդը: Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը Թուրքիոյ Հանրապետութեան համար դարձած է ազգային անվտանգութեան խնդիր», նշած է ան:
www.aztagdaily.com/archives/507409