Թուրքիոյ Խորհրդարանը Դատապարտած Է Պայտընը` Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Անոր Յայտարարութեան Համար
29 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Թուրքիոյ խորհրդարանը որդեգրած է բանաձեւ մը, որով կը դատապարտէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն համար: «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ բանաձեւի քուէարկութիւնը տեղի ունեցած է երեքշաբթի օր:
«Խորհրդարանը կտրուկ եւ կարծր կերպով կը դատապարտէ Ճօ Պայտընի` 24 ապրիլին կատարած յայտարարութիւնները, որոնք կը բովանդակեն հայկական լոպիի հաղորդագրութիւնները: Մենք կը մերժենք այդ անհիմն յայտարարութիւնները: Անոնք ոչ մէկ ուժ ունին մեզի համար», գրուած է բանաձեւին մէջ:
Թուրքիոյ խորհրդարանը նաեւ Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղած է` «սրբագրելու այս սխալը, որ խորապէս վիրաւորած է թուրք ազգը»:
Պայտընի խօսքերը, ըստ թուրք երեսփոխաններուն, «անխուսափելիօրէն պիտի վնասեն երկկողմ յարաբերութիւններուն»:
www.aztagdaily.com/archives/507428