Չինաստանի Եւ Ռուսիոյ Հետ Մագլցումի Չենք Ձգտիր – Կ՛ըսէ Պայտըն

GÉNOCIDE DES ARMÉNIENS - Massacres hamidiens Erzurum - La Turquie et les atrocités arméniennes, d'après un témoin oculaire, 1896 - genocide-museum.am

«Չինաստանի Եւ Ռուսիոյ Հետ Մագլցումի Չենք Ձգտիր» Կ՛ըսէ Պայտըն

30 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց, որ Չինաստանի հետ տագնապի չի ձգտիր, սակայն նոյն ատեն պատրաստակամութիւն յայտնեց բոլոր ոլորտներուն մէջ ամերիկեան շահերը պաշտպանելու:

Պայտըն Քոնկրեսին առջեւ իր պաշտօնավարման 100-րդ օրուան առիթով արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ իր չինացի պաշտօնակիցին յայտնած է, թէ իր երկիրը Հնդկաց եւ Խաղաղական ովկիանոսներուն մէջ զինուորական ուժեղ ներկայութիւն պիտի պահէ, եւ աւելցուց, որ Ռուսիոյ նախագահին յստակ դարձուցած է. «Մագլցումի չեմ ձգտիր, սակայն անոնց արարքները հետեւանքներ ունին»:

Պայտըն նաեւ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներուն սպառնացող ահաբեկչական հիմնական վտանգը սպիտակամորթներու գերակայութեան հաւատացող ցեղապաշտներու ալիքի բարձրացումն է` աւելցնելով, որ ինք իշխանութիւնը ստանձնած է մէկ դարէ ի վեր յոռեգոյն համաճարակի եւ Մեծ անկումէն ի վեր տնտեսական յոռեգոյն ճգնաժամի պայմաններուն մէջ:

GÉNOCIDE DES ARMÉNIENS – Massacres hamidiens Erzurum – La Turquie et les atrocités arméniennes, d’après un témoin oculaire, 1896 – genocide-museum.am

www.aztagdaily.com/archives/507600

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail