
ԴՈԿՏ.ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ կը գրէ.
Այշային հանդիպեցայ Նիկոսիա, Կիպրոս։ Եկած էր մաս կազմելու Քրիստոնէական տեղեկատուութեան կազմակերպութեան մէկ համագումար-ժողովին։ Ան քաղաքացիութեամբ թրքահպատակ էր, ազգութեամբ՝ թուրք եւ Պոլսոյ բնակիչներէն։
Այշան երիտասարդ աղջիկ մըն է, որ ապրելու եւ գործելու տենչ ունի, բայց նաեւ կեանքի ու համոզմունքներու նկատմամբ՝ կեցուածք։
Ինծի հետ հանդիպելէ եւ զրուցելէ, մանաւանդ գիտնալէ ետք, որ ես հայ եմ՝ Այշան սկսաւ իր կեցուածքները մէկ-մէկ բացայայտել։
«Երեւի կ’ատես եւ չես փափաքիր թուրքի մը հետ խօսիլ», եղաւ Այշային առաջին արագ ակնարկը, աչքերը վար եւ քիչ մը ծայրէն հպանցիկ նայուածք մը նետելով վրաս։
«Այդպէս չէ, բայց մեր միջեւ առկայ է մեծ «թնճուկ» մը, որ պէտք է հանգուցալուծել», եղաւ իմ պատասխանս։
Այշան նկատեց, որ իմ հետս կարելի է խօսակցութիւնը շարունակել։ Երեւի սպասեց իմ դիրքորոշումիս, թէ արդեօ՞ք պիտի ուզէի հետը խօսիլ։ Վերջապէս ես հայ եմ եւ ինքը թուրք։
Եւ չուշացաւ երիտասարդ Այշային կեանքի պատմութիւնը։ Հաւանաբար նաեւ ես պէտք էր կրահէի, թէ ան կ’ուզէ իր պատմութիւնը ներկայացնել ինծի, որպէսզի ես ալ գիտնամ։
«Ծնած եմ Պոլիս եւ ընտանիքիս բոլոր անդամներն ալ իսլամական կրօնքին եւ դաւանանքին կը պատկանին», եղաւ Այշայի առաջին ակնարկութիւնը։
Այշան այսօր երեսուն տարեկան է. ան քսան տարեկան հասակին դարձած է քրիստոնեայ, եւ այսօր կը գործէ Պոլսոյ մէջ Քրիստոնէական տեղեկատուութեան մէկ կազմակերպութեան հետ։ «Ծնողքս եւ ընտանիքս տակաւին իսլամ են», ըսաւ ան։
Այշային ընտանիքը տակաւին կը յարաբերի անոր հետ, անկախ այն իրականութենէն, որ ան քրիստոնէական հաւատամքը ընդունած է՝ իր կեանքին իբրեւ հիմք։ Եւ Այշային համար քրիստոնեայ ըլլալը միայն հաւատքի մարմնացում չէ եղած, այլ՝ կեանքին բացուելու, ինչպէս նաեւ «ուրիշը» տեսնելու եւ հասկնալու միջոց։
«Հայրս ազգայնամոլ թուրք է», ըսաւ Այշան, «եւ մենք մեր կրթութիւնը ստացանք դաստիարակուելով ազգայնամոլ ու ծայրահեղ ուսուցմունքով», աւելցուց ան։ Քրիստոնեայ ըլլալէ ետք, Այշան սկսած է բացուիլ աշխարհին, տեսնել ուրիշը, եւ հասկնալ ու ընդնուիլ զայն։ «Եւ այդ «ուրիշին» մէջն է նաեւ հայը, որուն ընդմէջէն իմացայ ու սորվեցայ Հայոց ցեղասպանութեան մասին, ծանօթանալով այդ ահաւոր դէպքերուն, որ իմ ժողովուրդս գործած է ձեզի դէմ», ըսաւ Այշան։
Այշային համար՝ Ցեղասպանութիւնը եւ իր երկրի արիւնոտ ու սարսափազդու պատմութիւնը ուրուականի մը նման զինք հալածած է ու ցայսօր կը շարունակէ հալածել։ «Չեմ ուզեր իմ ինքնութիւնս առնչել այս երկրին ու ժողովուրդին հետ», եղաւ Այշայի զօրաւոր ու խիզախ կեցուածքը. ան աչքերը աւելի հաստատ եւ ինքնավստահ կերպով սեւեռեց վրաս ու շարունակեց. «Իմ հայրս չի գիտեր իր ընտանիքին պատմութիւնը։ Իսկ «պատմութիւնը» չի գիտնալը պատահական երեւոյթ չէ, այլ՝ կանխամտածուած ծրագիր՝ ջնջելու համար անցեալի հետ կապուած ամէն փաստ ու յիշատակ»։
Այշային ընտանիքը Գոնիայէն է. հոն ապրած են յոյներ։ «Կրնայ՞ ըլլալ, որ ես յունական արմատներ ունիմ», շուարած հարցուց ինծի ինքնութեան փնտռտուքի մէջ եղող երիտասարդուհին։
Այշան կը փնտռէր պատկանելիութիւն՝ հեռանալու եւ անջատուելու համար իր ներկայի ինքնութենէն, որմէ ամէն ձեւով կը փորձէր փախուստ տալ։ Անոր դէմքին վրայ գծուեցաւ պզտիկ ժպիտ մը, կարծես «յոյս»-ի ժպիտ մըն էր, որուն կ’ուզէր ամէն գնով հասնիլ։ «Մարդիկ կ’ըսեն ինծի, որ դէմքիս գիծերն ու արտայայտութիւնները յունական են», աւելցուց ան։
Իմանալէ ետք, թէ քանիցս գտնուած եմ Թուրքիա եւ յատկապէս Պոլիս, Այշա ըսաւ. «Մեր երկրին վրայ անէծք կայ»։ «Այս անէծքը ամէն օր կþապրիմ, եւ ատոր համար չեմ ուզեր առնչուիլ իմ ժողովուրդիս հետ»։ Ու դարձեալ ինծի նայելով հարց տուաւ. «Չե՞ս զգացած այս անէծքը երբ յաճախ գտնուած ես Պոլիս»։
Այշային «անէծքը», իմ եւ հայուն համար Ցեղասպանութեան ցաւն է։ Եւ Ցեղասպանութեան ցաւը՝ իմ «անէծքը», հայուն ապրած եւ տակաւին շարունակուող կեանքն է որ վերածւած է ինքնութեան։ Այս «ինքնութիւնն» էր, որ պէտք է բաժնէի Այշային հետ։
«Իմ ընտանիքս քսան եւ հինգ նահատակ տուած է Հայոց դէմ գործուած տարբեր ցեղասպանութիւններուն ընթացքին. սկսելով Ատանայի ջարդերէն,1909-ին եւ մինչեւ Մեծ Եղեռնը», ըսի Այշային։ «Եւ այս իւրաքանչիւր հայուն անէծքն է, որովհետեւ իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի մէջ կայ թափած արիւն»։
Սկսած էի տեսնել, թէ Այշան զգայուն նկարագիր իւրացուցած անձ մըն է։ Եւ եթէ ան ունէր հաստատ եւ խիզախ կեցուածքներ, բայց նոյնքան մեղմ սիրտ ու հոգի մը։ Այշային աչքերուն մէջ սկսան կուտակուիլ արցունքներ։ «Անէծքին» արցունքները։
Չեմ գիտեր սակայն, թէ ինչո՞ւ «մխրճուեցայ» նիւթին մէջ եւ պատմութեան սեւ փորձառութիւնները մէկ-մէկ կիսեցի անոր հետ։ Եւ իմ ընտանիքիս պատմութիւններուն անդրադառնալով վեր առի իմ հարազատներէս՝ հօրս, մօրեղբօրս, տոքթ. Ֆիլիփ Յովնանեանի քաջարի կեցուածքը, երբ բուժած էր իր փոքր եղբօր սպաննող թուրք զինուորականը, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորուած էր եւ բերուած հիւանդանոց, ու դրուած անոր խնամքին տակ։ Ան բուժած էր թուրքը եւ ոչ թէ սպաննած զայն, երբ այդ նոյն թուրք զինուորականը ջախջախած էր իր պատանի եղբօր գլուխը։
«Այս պատմութիւնը հոլիվուտեան ֆիլմ չէ»։ Ես կը խօսէի Այշային հետ՝ դէմքիս վրայ պզտիկ ժպիտով մը, բայց այդ ժպիտը խառնուած էր տխրութեան։ Որովհետեւ ասիկա իմ հարազատ պատմութիւնս է, որ իմ մէջս կերտած է «ցաւը»։
«Այս է հայուն կեցուածքը։ Հայը չի սիրեր սպաննել՝ կ’ուզէ բուժել», եղաւ իմ եզրակացութիւնս։
Բայց «բուժելը» ունի նաեւ իր պարտաւորութիւնները։ «Ես Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու երրորդ սերունդին կը պատկանիմ, իսկ զաւակներս չորրորդ։ Մենք չ’ապրեցանք Ցեղասպանութիւնը, բայց մեր բոլոր էութեան մէջ կը կրենք ցաւը՝ քու ըսած անէծքիդ ցաւը», ըսի Այշային։
Կը զգայի, որ պէտք է շարունակեմ. «Գիտեմ, որ դուն Ցեղասպանութիւնը չի գործեցիր։ Բայց ինչպէս ես իմ ժողովուրդիս կրած ցաւը կ’ապրիմ, դուն ալ պիտի ապրիս քուկիններուդ գործած ոճիրին հետեւանքը, եւ պիտի աշխատիս բուժել իմս՝ հայուն ցաւը»։ Պարտականութի՞ւն, թէ մարտահրաւէր երիտասարդ Այշային։
Զգացի, որ ծանրաբեռնուած էի։ Եւ նոյնքան ծանրաբեռնած էի Այշային մեղմ ու զգայուն, միաժամանակ փխրուն հոգին, որ կը փնտռէր ելք մը՝ անէծքի իր կեանքէն դուրս գալու համար։
Կը գտնուէինք ընկերային հաւաքոյթի մը մէջ։ Մեզի հետ էին նաեւ բաւական այլ բարեկամներ։ Մեր խօսակցութեան տուինք «ընդմիջում» մը։
Հաւաքոյթի աւարտն էր արդէն եւ պէտք էր մեկնէինք։ Այշան դարձեալ մօտեցաւ. անոր աչքերուն մէջ կար այդ նոյն արցունքը։ Անէծքին արցունքները, բայց Այշան իր հաստատ կեցուածքին մէջ էր դարձեալ։
«Կ’ուզեմ ներողութիւն խնդրել քեզի տառապեցնող այդ ցաւին համար, որ մենք պատճառած ենք», ըսաւ ան։
Այշային եւ իմ միջեւ այդ օրը կար մէկ օղակ, որ կը միացներ մեզի. այդ ալ «անէծքն» էր։ Անէծքը՝ Ցեղասպանութեան եւ անոր ահաւորութեան։ Իմ եւ իւրաքանչիւր հայուն ցաւը, որ մինչեւ այսօր կը շարունակենք տանիլ։
Այշա եւ իւրաքանչիւր թուրք, գիտակցին թէ ոչ, ընդունին թէ դրժեն Հայոց ցեղասպանութիւնը. անոնք իրենց կեանքերուն եւ երկրին վրայ կը զգան ու կþապրին այդ անէծքը, որ ուրուականի մը նման կը հալածէ զիրենք։
Չեմ գիտեր մինչեւ ե՞րբ Այշան եւ իր նմանները պիտի կարենան փախչիլ իրենց ինքնութենէն, եւ կամ պիտի ապրին այդ ինքնութենէն անջատ։ Վերջապէս սակայն «անէծքը» տակաւին առկայ է։ Այշային եւ իւրաքանչիւր թուրքին «Անէծքը», ինչպէս նաեւ՝ հայունը, որ պէտք է բուժուի ու հատուցուի։
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com





