Հետեւելով գրուածներուն եւ ըսուածներուն. Թուրքիա Կը Հակազդէ Պայտընի «Ճանաչման» Եւ Լրագրողը Կը Խօսի «Թուրք Հայեր»ու Մասին
07 ՄԱՅԻՍ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Մարք Յարութիւնեան
Ֆրանսական AFP մամլոյ գործակալութիւնը, 27 Ապրիլ 2021ին, անդրադարձած էր Ամերիկայի նախագահին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Պոլսոյ մէջ եղած հակազդեցութիւններուն, հետեւեալ խորագրին տակ. «Թուրք Հայերը Գլխիկոր Են Ուաշինկթընի Կողմէ Ցեղասպանութեան Ճանաչումէն Ետք»:
«Թուրք հայեր»… Պատմութեան եւ քաղաքականութեան մեկնաբանութեան չկարօտող արտառոցութիւն… Բառերը իմաստ եւ կշիռ ունին. թուրք հայեր: Սովորաբար կը լսէինք թուրքիացի հայեր…
Հայու կամ թուրքի նոր տեսա՞կ մըն են թուրք հայերը…
Թէ ինչո՞ւ այդ թուրք հայերը գլխիկոր են, լրագրողը պարտաւոր էր բացատրութիւն մը տալ, որպէսզի տեղեկութիւնը իմաստ ունենար, հասկնալի ըլլար: Ամչնալիք սխալ մը գործա՞ծ են անոնք:
Կ՛ըսուի, որ իշխանութեան լրատուամիջոցները հրահրեցին Թուրքիոյ հանրային կարծիքը Ամերիկայի եւ Ճօ Պայտընի դէմ, Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով:
AFPի թղթակիցը կ՛ըսէ նաեւ, որ հայկական պզտիկ համայնքը անտեսանելի կը մնայ, թիրախ չըլլալու համար: Չի վարանիր յիշեցնելու, որ այդ համայնքի մէկուկէս միլիոն նախնիներ ջարդուած էին 1915ին, Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Եւ թէ աշխարհի հզօրագոյն պետութեան նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Թուրքիոյ մէջ գործադրուած հայկական ջարդերու ճանաչումը պատմական պահ մըն է: Բայց AFPի թղթակիցը չի գործածեր ցեղասպանութիւն եզրը: Կ՛ըսէ, որ ըստ Անգարայի Պայտըն կը ծպտէ պատմութիւնը ենթարկուելով Թուրքիոյ նկատմամբ թշնամական վերաբերում ունեցող հայանպաստ լոպիներու ազդեցութեան:
Լրագրողը պատմութիւնը կը կրկնէ թրքական տեսակէտներով: Օսմանեան կայսրութեան փլուզումէն ետք, 1920ին ստեղծուած Թուրքիան կ՛ընդունի, որ ջարդեր տեղի ունեցած են, բայց կը մերժէ ցեղասպանութիւն եզրը, կացութիւնը կը բացատրէ Անատոլուի մէջ տեղի ունեցած քաղաքացիական կռիւներով եւ սովով, որոնց ընթացքին 300,000էն 500,000 հայեր եւ նոյնքան ալ թուրքեր մեռած են:
Լրագրողը կը հաստատէ նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ ազգայնական զգացումը զայրոյթով տարուած է, ցեղասպանութիւն եզրը ոչ միայն բացարձակապէս կը մերժուի իշխանութեան կողմէ, այլ նաեւ ընդդիմութեան, քիչեր կը համարձակին պաշտօնական տեսակէտին դէմ երթալ: Եւ կրկին նոյն եզրը, «թուրք հայ» եզրը գործածելով, կը գրէ. ««Զգուշաւորութիւնը մաս կը կազմէ մեր կենսակերպին», կ՛ըսէ երիտասարդ թուրք հայ մը, որ ինչպէս ուրիշ անդամները այս համայնքին, AFPի հարցումներուն պատասխանելով, կը նախընտրեն չյայտնել իրենց ինքնութիւնը, իրենց գործերը չվտանգելու համար»:
Առեւտրական մը ըսած է, որ «Թուրքիոյ հայերը, շուրջ 60,000, թիրախ կը դառնան ժողովրդական ոխի ամէն անգամ, որ վիճարկումի առարկայ կ՛ըլլայ Ցեղասպանութեան հարցը»:
Լրագրողը կ՛անդրադառնայ նաեւ Ազրպէյճանի եւ Արցախի պատերազմին, եւ կ՛ըսէ. «Թուրքիա դիրքորոշուեցաւ Պաքուի կողքին եւ աջակցեցաւ զինուորապէս, ու անոր օգնեց հայկական ուժերը պարտութեան մատնելու»:
Լրագրողը հայերու այլ վկայութիւններ արձանագրած է: Օրինակ․ ««Երբ մանուկ ենք, կը դաստիարակուինք, որ փողոցը հայերէն պէտք չէ խօսիլ: Մեզի սորվեցուցած են մեր մայրերը կոչել թրքական աննէ եզրով եւ չըսել մամա», կ՛ըսէ երիտասարդ գործարար մը: Եւ կ՛աւելցնէ. «Թուրքիոյ մէջ ամէն բանի մասին տարակարծութիւն կայ, բայց երբ հարցը կը վերաբերի Ցեղասպանութեան, ամէնքն ալ կը միանան»»:
Լրագրողը այլ վկայութիւններու շարքին կ՛անդրադառնայ Տիգրանակերտի հայ բնակիչ Փարամազ Մերքանի, որ ըսած է, թէ «փորձած է իր համայնքի զգացումներուն մասին խօսիլ մամուլով, բայց ի զուր», աւելցնելով․ «Երբեմն կը խօսիմ լրատուամիջոցներուն: Անգամ մը ցանկութիւն յայտնեցի իմ մշակոյթովս ապրելու մասին: Այդ մեկնաբանութիւններու պատճառ եղաւ, որ զիս տարագրելու կոչ ընեն»:
AFPի թղթակիցի տեղեկութիւններէն կը պարզուի, որ Թուրքիոյ հայերը զանազան ձեւերով մնայուն ճնշումի ենթակայ են: Պարզապէս՝ վտանգուած են:
Ուրիշներ ըսած են․ «Փոխանակ ամբոխային մոլեռանդութեամբ եւ պոռոտախօսութեամբ փոքրացած հայ համայնքը ճնշումի տակ պահելու, Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հակազդելով, Թուրքիա եւ թուրքերը Ճօ Պայտընի դէմ թող կանգնին, պատերազմ յայտարարեն: Դիւրին է փոքրացած հայկական համայնքին սպառնալ…»
Կամ․ «Այդ հայկական համայնքը Պոլսոյ գրաւումէն առաջ հոն էր, ուր եղած է հայազգի կայսր, հայ բնակչութիւն…»
Եւ․ «Հարցում. Ի՞նչ կը բանին ՄԱԿը եւ անոր Ապահովութեան Խորհուրդը…»
AFPի թղթակիցի անունն է Ֆուլիա ՕԶԷՐՔԱՆ:
Ինչո՞ւ այսքան զայրացած են թուրքերը, երբ Ամերիկայի նախագահը այնքա՜ն զգուշութեամբ, ձեռնոցներ դնելով, ըսած էր. «Մենք կը հաստատենք պատմութիւնը: Այս չենք ըներ որեւէ մէկը ընկճելու համար, այլ ապահովուելու համար, որ ինչ որ պատահած է, չկրկնուի»: Թուրքերը ինչո՞ւ դժգոհ են. կը բողոքեն ցեղասպանական արարք գործելու արգելքի հաւանականութեա՞ն դէմ…
Թրքական կեցուածքը պարզապէս կ՛ամփոփուի արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուի խօսքերով, ըստ որուն Թուրքիան «իր պատմութեան համար ոչ ոքէ դասեր ստանալու պէտք չունի»…
Այսինքն, ինչ որ աշխարհ կրնայ դատել, փաստել եւ ըսել ոչինչ է: Հին հայկական առածը կ՛ըսէ. «Ականջ ունեցողը թող լսէ», Փարիզէն Ուաշինկթըն, Մոսկուա եւ այլուր…
3 Մայիս 2021
Փարիզ
asbarez.com/arm/389005/հետեւելով-գրուածներուն-եւ-ըսուածներ/