Կարօ Քեպապճեանի Եւ Անոր Մեծ Վաստակին Մասին Ցաւակիցներու Վկայութիւններ «Ան Մեծ Հայ Էր, Հայրենիքի Նուիրեալը»

Հայ սեւ գօտիներու միութեան հիմնադիր եւ տնօրէն Կարօ Քեպապճեան (Մասթըր Կարօ)

Կարօ Քեպապճեանի Եւ Անոր Մեծ Վաստակին Մասին Ցաւակիցներու Վկայութիւններ «Ան Մեծ Հայ Էր, Հայրենիքի Նուիրեալը»

08 ՄԱՅԻՍ 2021 – Մասթըր Կարօ Քեպապճեան:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Մասթըր Կարօ Քեպապճեանի մահուան առիթով տարբեր անձնաւորութիւններու յղած ցաւակցագիրներէն եւ անոր մասին վկայութիւններէն ու արտասանուած դամբանականներէն:

Ան եղաւ անձնաւորութիւն մը, որ անմնացորդ նուիրուածութեամբ, անսպառ եռանդով ու անսահման լաւատեսութեամբ համակուած ծառայում էր հայրենիքի զարգացման ու զօրացման, աշխարհասփիւռ հայութեան բոլոր հատուածներու միաւորման ու միասնականութեան ամրապնդման, երիտասարդութեան հայեցի դաստիարակութեան եւ հայրենադարձութեան վեհ գործին:

Մեծ ճանաչում ունենալով հայրենիքում եւ սփիւռքում` նա իրականացնում էր ազգանպաստ գործունէութիւն, անում էր հնարաւորն Արցախի միջազգային ճանաչման, ընկերային-տնտեսական առաջընթացի ապահովման ուղղութեամբ` իր անուրանալի աւանդը բերելով այստեղ բազմաբնոյթ ծրագրերի կեանքի կոչմանը:

Կարօ Քեպապճեանն արժանիօրէն վայելում է արցախցիների սէրն ու յարգանքը: Նրա հայրենանուէր ջանքերը բարձր են գնահատուել: Արցախին մատուցած ծառայութիւնների համար Կարօ Քեպապճեանն արժանացել է պետական բարձր պարգեւների:

Արայիկ Յարութիւնեան
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ

***

 

31 մարտ 2021-ին Արցախի Հանրապետութեան մատուցած ծառայութիւններուն համար նախագահ Յարութիւնեան Կարօ Քեպապճեանը յետմահու պարգեւատրեց «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:

2 սեպտեմբեր 2014-ին Արայիկ Յարութիւնեան` իբրեւ Արցախի օրուան վարչապետ, Կարօ Քեպապճեանը պարգեւատրած է «Վարչապետի ոսկէ մետալ»-ով` հաստատելով, որ Կարօ Քեպապճեանը ո՛չ միայն մարզած է հայ երիտասարդները, այլ նաեւ մաս կազմած Արցախի անկախութեան բոլոր հանգրուաններուն ու իր ներդրումն ունեցած է բոլոր բնագաւառներուն մէջ` ռազմական, դաստիարակչական, տնտեսական եւ մշակութային:

Նոյն օրը օրուան մարմնակրթութեան նախարար Ռազմիկ Յովսէփեան նոյնպէս յատուկ մետալով պարգեւատրած է Կարօ Քեպապճեանը:

***

 

Խոր կսկիծով ու ափսոսանքով տեղեկացայ Մերձաւոր Արեւելքի երկրներում Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանի վաղաժամ մահուան մասին:

Կեանքից հեռացել է մի անհատականութիւն, որ 22 տարի շարունակ արժանապատուօրէն ներկայացրել է Արցախը եւ ջանք ու եռանդ չի խնայել աշխարհասփիւռ հայութեան ներուժի համախմբման միջոցով ամրապնդելու Արցախ-Հայաստան-սփիւռք եռամիասնութիւնը` ի նպաստ հայապահպանութեան եւ հայկական երկու հանրապետութիւնների հզօրացման ու բարգաւաճման:

Մեծ է նրա աւանդը նաեւ մատաղ սերնդի հայրենասիրական դաստիարակութեան գործում:

Նա մեր յիշողութեան մէջ կը մնայ որպէս իմաստուն դիւանագէտ, եռանդուն, նախաձեռնող ու վեհանձն անհատ, որ իր կեանքն անմնացորդ նուիրել է հայրենիքին ու հարազատ ժողովրդին:

Դաւիթ Բաբայեան
Արցախի Հանրապետութեան
արտաքին գործոց նախարար

***

Դաւիթ Բաբայեան Կարօ Քեպապճեանի յուղարկաւորութեան հաստատած է. «Կարօ Քեպապճեանի կեանքը ինքնին եղած է մեր ժողովուրդին պատմութեան արտացոլացումը: Անոր ծնողները մազապուրծ ազատած են Ցեղասպանութենէն, գացած ու հաստատուած են Լիբանան, ուր ապրած եւ արարած են: Կ. Քեպապճեանի հայրը եղած է անուանի խմբապետ եւ կատարած է բազմաթիւ սխրագործութիւններ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ինքնապաշտպանական գործի ընթացքին: Նոյնպիսի  եռանդով Կարօ Քեպապճեան մասնակցած է այդ գործին: Ան նաեւ շատ աւելի կարեւոր ներդրում ունեցած է` մարմնամարզութեան միջոցով համախմբելով նոյնիսկ տարբեր քաղաքական տեսակէտներ ունեցող հայկական ուժերը:

***

Կարոն Լիբանանի պատերազմի օրերուն եղաւ ճակատներու վրայ` իբրեւ կռուող, ինքնապաշտպանութեան կռիւներու մասնակից, իբրեւ հիւանդ խնամող, վիրաւոր խնամող, վիրաւորներ հիւանդանոց փոխադրող, արիւն տուող եւ արիւն ապահովող, բայց ամէնէն աւելին` կամք եւ հաւատք կռանող ընկերը:

«Ես բախտը ունեցայ, իբրեւ Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի տնօրէն, զինք հրաւիրելու, որպէսզի մեր աշակերտութեան նաեւ տայ քունկ ֆուի ո՛չ միայն մարզանքը, այլ նաեւ հոգեւոր գաղափարական սնունդը:

Արցախի մէջ էր. կը հաւատար հողին, կը հրաւիրէր բոլորս, որ հոն երթանք, հոն մնանք: Կարոն չընկրկեցաւ, նոյնիսկ երբ Շուշին յանձնուեցաւ եւ իր անձնական կորուստէն անդին` մտահոգ էր հաւաքական կորուստով: Կարոն մեկնեցաւ, մենք չունինք Կարոն մեզի հետ հիմա, բայց Կարոյին սնուցած հաւատքը, այն սերմերը, որ ինք ցանեց մեր երիտասարդութեան հոգիներուն դաշտին մէջ, անպայմանօրէն պիտի մնան, պիտի պտղաւորուին, եւ Կարոյին երազը, խանդավառութիւնը, խիզախութիւնը, կորովը, բռունցքը գետին պիտի չմնան»:

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ

***

Արցախեան ազատամարտի առաջին իսկ օրերէն ընկեր Կարոն Հայաստան էր` Հայաստանի արցախեան հատուածը, առաջարկելով իր ծառայութիւնները, իր կարողութիւնները, իր գիտելիքը եւ հմտութիւնները` կոփելով զինուորները, խրախուսելով եւ քաջալերելով զանոնք:

Եւ զարմանալի չէ, որ 1999-ից Մերձաւոր Արեւելքում Արցախի ներկայացուցիչը հաւատում էր Արցախին, Արցախի յաղթանակին եւ իր խօսքով ու գործով Արցախն ուզում էր սարքել երջանիկ երկիր: Եւ թերեւս, այն առաջին ներդրողներից էր, որ Շուշիում ներդրում կատարեց եւ Շուշիում հիւրանոց հիմնեց:

Երկար ու մեծ ծրագրեր ունէինք, որոնք կարող էին Քարվաճառի կեանքը է՛լ աւելի բարելաւել: Ցաւօք, չհասցրինք: Բայց եթէ մեզ համար ընկեր Կարոյի յիշատակը թանկ է, մենք պարտաւոր ենք ընկեր Կարոյի ծրագրերը իրականացնել:

Արթուր Խաչատրեան
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Անդամ

***

Մասթըր Կարօ Քեպապճեանի մահուան կապակցութեամբ, խորին ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ լիբանանեան ուու շու- քունկ ֆու ֆետերասիոնին, անոր ընտանիքին, բարեկամներուն եւ բոլոր մարզիկներուն:

Ան եղած է հեղինակաւոր անձնաւորութիւն մը` մարմնակրթական մշակոյթի տարածման եւ երիտասարդական ակումբներու զարգացման գործին մէջ:

         Վարդինէ Օհանեան
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան
նախարարի պաշտօնակատար

***

Սրտի  խոր ցաւով ցաւակցում եմ` Կարոյի ընտանիքի անդամներին, բոլոր հարազատներին, ընկերներին, նրան ճանաչողներին, լիբանանահայ համայնքին:

Նա մեծ հայ էր, հայրենիքի նուիրեալը: Կարոն իսկական արցախցի էր: Նա տասնեակ տարիներ բազում գործեր, ծրագրեր իրականացրեց Արցախի զարգացման համար: Աւաղ, Արցախի իրավիճակն այնքան թուլացրեց այդ հզօր մարդուն, որ այդ նենգ

հիւանդութիւնն իր ճիրաններից բաց չթողեց մեր լաւագոյն ընկերոջը:

Թող լոյս իջնի նրա պայծառ շիրիմին:

Հրանուշ Յակոբեան
Հայաստանի Հանրապետութեան
սփիւռքի նախկին նախարար

***

4 Սեպտեմբեր 2014-ին նախարար Յակոբեան Կարօ Քեպապճեանը պարգեւատրած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան «Ոսկէ մետալ»-ով` հաստատելով. «Անգնահատելի է Կարօ Քեպապճեանի ներդրումը սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան, հայի ոգին բարձր պահելու, քաջարի, անկոտրում սերունդ կրթելու գործում: Քառասուն տարի շարունակ այս ակադեմիայի (Հայ սեւ գօտիներու) խումբը կարողացել է մրցանակներ շահել, յաղթել:  Հայ սեւ գօտիների միութեան ակադեմիան հայեցի դաստիարակութեան, հայակերտման մեծ ճամբար է»:

***

Խոր վիշտով տեղեկացանք մեր սիրելի գործընկեր, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանի անժամանակ մահուան մասին:

Իր հայրենիքի անվտանգութեան եւ բարգաւաճման ծառայած իսկական մարտիկ ` Կարոն ջանք ու եռանդ չխնայեց մեր ազգային նպատակները խթանելու եւ Արցախի շահերը պաշտպանելու համար: Անոր անսպառ ու անձնուէր հայրենասիրութիւնը, անձնական եւ մասնագիտական հեղինակութիւնը եւ դիւանագիտական ունակ հմտութիւնները կարեւոր դեր ունեցան Մերձաւոր Արեւելքէն ժամանած մեր հայրենակիցներու` հանրապետութեան զարգացման գործին մէջ աշխուժ ներգրաւման:

Մեր խորին ցաւակցութիւնները Կարոյին` ընտանիքին, բոլոր գործընկերներուն եւ բարեկամներուն:

Շնորհակալութիւն ծառայութեանդ համար, Կարօ՛ ջան:

Հանգչէ՛ խաղաղութեամբ:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ
Արցախի Հանրապետութեան Ներկայացուցչութիւն

***

Մեծ Վարպետ Մասթըր Կարօ Քեպապճեան, նշանաւոր եւ  նուիրուած մարտարուեստագէտ, որ իր ամբողջ կեանքը անցուց  աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին քունկ ֆուի արուեստը սորվեցնելով` Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Հայաստան, Ֆրանսա, Յունաստան, Լիբանան եւ բազմաթիւ այլ երկիրներ:

Ան իմ մօտիկ բարեկամս էր եւ քոնկ ֆուի եղբայրս: Մեծ է անոր կորուստը ինծի եւ քոնկ ֆուի ընտանիքին համար` Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ:

Անոր անունը եւ վաստակը միշտ պիտի յիշուին, եւ քոնկ ֆույի ընդմէջէն անոր սիրոյ եւ խաղաղութեան պատգամները պիտի շարունակուին փոխանցուիլ` իր աշակերտներուն ճամբով:

Իմ, Լիբանանի Ուու շու-քոնկ ֆու  միութեան եւ Համաշխարհային սեւ գօտիներու   միութեան անունով ցաւակցութիւն կը յայտնեմ անոր ընտանիքին եւ Հայ սեւ գօտիներու միութեան գործադիր խորհուրդին ու անդամներուն:

Մեծ Վարպետ Միշէլ Հաուի
Միջազգային Թայ Նիյ Չուան միութեան նախագահ

***

Տասնեակ տարիներ նուիրումին եւ ազգային առաքելութեան հաւատացող ընկ. Կարօ Քեպապճեան եղած էր դաստիարակը հա-զարաւոր երիտասարդներու: Մանաւանդ ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու իրերայաջորդ սերունդներուն համար «առողջ մարմին, ազնիւ հոգի, արթուն միտք» նշանաբանին հաւատարիմ մնացած Մասթըր Կարոն պիտի յիշատակուի սերունդներուն կողմէ: Ան կարեւոր աւանդ թողած էր Շուշի բերդաքաղաքի պայծառութեան եւ յառաջդիմութեան համար: Կարօ Քեպապճեան զօրաւոր կապեր ստեղծեց նաեւ յունահայ գաղութին հետ` իր գործունէութեան հետքերը ձգելով Յունաստանի մէջ եւս:

Դաստիարակը դառնալով ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան անդամներուն, մանաւանդ` Հայ դատի նորանոր շղթայազերծումի ժամանակներուն, ներշնչում տուաւ եւ հայրենասի-րական ոգին ամրապնդեց կազմակերպ երիտասարդ զանգուածներուն մօտ: Անոնք Կարոյի խանդավառ եւ ոգեշունչ ապրումներուն մէջ տեսան մարմնացումը յեղափոխական ոգիի պայծառ երեւման, որ սերունդները համակեց հայրենասիրութեան, Հայաստանն ու Արցախը ամէն բանէ վեր դասելու մաքրամաքուր սկզբունքով:

Հակառակ իր ոգեշնչող եւ զօրաւոր անհատականութեան` մինչեւ իր կեանքին վերջը մնաց անշահախնդիր, հայրենասիրութեան գաղափարը դասելով վեր ամէն տեսակի մանրուքներէ: Եղաւ պահապանը այն սկզբունքներուն, որոնց հաւատարմութեամբ ծառայեց ամբողջ կեանքի ընթացքին, իսկ վերջին տասնամեակներուն ազատ Արցախն ու Շուշին դարձան իր ծառայութեան կիզակէտը:

Յարգանքով կը խոնարհինք Կարօ Քեպապճեանի յիշատակին ու թողած աւանդին առջեւ:

«ԱԶԱՏ ՕՐ» ՕՐԱԹԵՐԹ

***

Լիբանանի Ուու շու-Քոնկ ֆուի ֆետերասիոնը կը գուժէ մահը իր ամենայայտնի անդամներէն ` Մասթըր Կարօ Քեպապճեանի  (Ֆետերասիոնի նախկին փոխնախագահ), որ մեծ ներդրում ունեցաւ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ ապա Հայաստանի մէջ` մարմնակրթութեան եւ երիտասարդական ակումբներու հիմնադրութեան եւ տարածման գործին մէջ:

Քեպապճեան լուռ աշխատեցաւ ի խնդիր Լիբանանի եւ Հայ դատի` տեղական, միջազգային եւ համաշխարհային մակարդակներու վրայ` մարզելով, մշակելով եւ իրականացնելով քաղաքացիական եւ անվտանգութեան ծրագիրներ: Ան զարգացման եւ արդիականացման ռահվիրայ էր:

Շատեր օգտուեցան իր յարաբերութիւններէն. ան անձամբ կը ֆինանսաւորէր իրմէ խնդրուած որեւէ նպատակի իրագործման աշխատանք:

Քեպապճեանի մահը մեծ կորուստ է Լիբանանի եւ Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթական ընտանիքին համար, եւ այդ կորուստը կարելի է փոխհատուցել միայն աւելի շատ աշխատանքով եւ մղումով` հասնելու այն նպատակներուն, որոնք կը փնտռէր հանգուցեալ Կարոն:

Ուու շու-քոնկ ֆուի ֆետերասիոնը իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ` անոր ընտանիքին, բարեկամներուն, զայն սիրողներուն, մարզիկներուն եւ անվտանգութեան մարմինի անդամներուն, որոնք ճանչցան, սիրեցին եւ գնահատեցին Կարոն:

Լիբանանի Ուու Շու Քունկ ֆուի ֆետերասիոն
«Տիար» օրաթերթ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail