Անդրադարձ – Ակնարկ. Քաղաքական Եզրաբանութեան Ուղենիշները

Անդրադարձ – Ակնարկ. Քաղաքական Եզրաբանութեան Ուղենիշները

11 ՄԱՅԻՍ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ օգտագործուող քաղաքական բառապաշարը, յատկապէս եզրաբանութիւնը ուղենշային իմաստ ունի ամբողջ վարքագիծ մը կամ քաղաքական գործընթացներու ընկալումը փոխանցելու առումով: Աւելի՛ն, անիկա իր մէջ կ՛ամփոփէ ռազմավարական հայեցակարգ` առաջադրանքներու իրականացման ուղղութեամբ:

Այսպէս. արցախեան հակամարտութեան բնութագրումը կատարելու համար երբ կը շեշտուի Արցախ-ազրպէյճանական հորիզոնական ձեւակերպումը այնտեղ կայ ո՛չ միայն հակամարտութեան էութիւնը շեշտող ըսելաձեւ, այլ նաեւ բանակցային ռազմավարական հիմնական ելակէտ Արցախը իբրեւ անկախ միաւոր ներկայացնելու. իբրեւ` բանակցային կողմ, որուն նկատմամբ Ազրպէյճանը կը շարունակէ իրականացնել ցեղային զտման քաղաքականութիւն: Հետեւաբար, արցախեան հակամարտութեան բնութագիրը հայ-ազրպէյճանական կամ Հայաստան-Ազրպէյճան հորիզոնական դրուածքով ներկայացնելը չի բխիր հայկական կողմի շահերէն: Բան մը, որ Պաքուն հետեւողականօրէն կը փորձէր ո՛չ միայն պաշտօնական յայտարարութիւններով, այլ նաեւ ռազմագործողութիւններով, երբ տարբեր բնոյթի յարձակումներ կը գործէր Հայաստան-Ազրպէյճան պետական սահմաններուն ուղղութեամբ: Այդ բոլորը կը միտէին Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծը տեղափոխել Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանագօտի` հակամարտութիւնը վերածելու համար Հայաստան-Ազրպէյճանի:

Այս բոլորին նպատակը Արցախը անկախ միաւոր իրաւակարգելու փորձերը չէզոքացնելու համար էին: Միաժամանակ, հակամարտութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իբրեւ նախայարձակ ներկայացնելու: Հայկական կողմը թէ՛ պետական եւ թէ՛ տեղեկատուական մակարդակներով բազմիցս ներքաշուեցաւ ազրպէյճանական եզրաբանական ծուղակին մէջ` յաճախ հակամարտութիւնը ներկայացնելով իբրեւ Հայաստան-Ազրպէյճան:

Արցախեան 44-օրեայ պատերազմը ընդհատած հրադադարի նոյեմբերեան յայտարարութիւնը նուիրականացուց հակամարտութեան բնութագիրին տեղափոխումը այլ հարթութիւն. յատկապէս յայտարարութեան 9-րդ կէտով: Վերյիշենք 9-րդ կէտը.

9.- Ապաշրջափակւում են տարածաշրջանում բոլոր տնտեսական եւ փոխադրական կապերը: Հայաստանի Հանրապետութիւնն ապահովում է փոխադրական հաղորդակցութիւնը Ազրպէյճանի արեւմտեան շրջանների եւ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան միջեւ` երկու ուղղութիւններով քաղաքացիների, փոխադրական միջոցների եւ ապրանքների անխոչընդոտ տեղաշարժը կազմակերպելու նպատակով: Փոխադրական երթեւեկութեան հսկողութիւնն իրականացնում են Ռուսաստանի Դաշնութեան Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան Սահմանապահ ծառայութեան մարմինները:

Ազրպէյճան-Արցախ պատերազմի հրադադարի համաձայնութեան մէջ կը խօսուի ո՛չ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան հետ փոխադրական հաղորդակցութեան, անխոչընդոտ տեղաշարժերու մասին, այլ նաեւ տարածաշրջանի ապաշրջափակման, որ բնականաբար կը վերաբերի Թուրքիոյ, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի սահմաններուն:

Հայկական լրատուադաշտի մէջ երեւցաւ նաեւ «յետքոնֆլիքթային» բառեզրը` ներկայ իրավիճակը բնութագրող: Ձեւակերպումը կը պատկանի նախ եւ առաջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին: Յետհակամարտայինը կ՛ենթադրէ հակամարտութեան աւարտ, կ՛ենթադրէ կարգաւորում: Մինչդեռ արձանագրուածը հրադադար է: Կարգաւորման համար բանակցութիւններու վերաձեռնարկումը արդէն օրակարգ է:

Առաւելագոյն պարագային յետպատերազմեան իրավիճակ ըսելը կրնայ բացատրել ներկայ կացութիւնը: Յետհրադադարայինը աւելի բնութագրական է, եթէ կ՛ընդունինք, որ պատերազմի մէկ արարն է, որ փակուած է, եւ հայկական կողմը դեռ վերականգնելի շատ բան ունի: Այլապէս այս եզրաբանութիւնը կը նպաստէ Ալիեւի կատարած յայտարարութեան` Արցախի խնդիրը անցեալ է արդէն: Յետհակամարտայինը ուրեմն չի բխիր հայկական կողմի շահերէն:

Վերջերս թէ՛ խորհրդարանական եւ թէ՛ գործադիր մակարդակներու վրայ ամէնէն բարձր ամպիոններէ կը հնչէ «անջատում փրկութեան դիմաց» բանաձեւը: Հասկնալի է, որ այս բանաձեւը ցեղասպանական տարր կը ներառէ իր մէջ: Միտքը այն է, որ Արցախի ժողովուրդը պէտք է անջատուի Ազրպէյճանէն` ցեղասպանութեան չենթարկուելու համար: Այս մօտեցումը կը նպաստէ Ազրպէյճանի ցեղասպանական դիմագիծը բացայայտելու համար եւ կը շեշտէ Արցախի եւ Ազրպէյճանի անհամատեղելիութիւնը: Սակայն…

Երբ Ազրպէյճանէն անջատում կ՛ըսուի, այդ կ՛ենթադրէ, որ Արցախը պէտք է տարանջատուի, անկախանայ Ազրպէյճանէն, որուն իրաւականօրէն երբեք մաս չէ կազմած. ո՛չ 1918-ին, ո՛չ ալ 1991-ին: Արցախը պարզապէս բռնակցուած է Ազրպէյճանին ստալինեան որոշումով. իսկ բռնակցումը միջազգային իրաւունքով ճանաչելի աքթ չէ: Ա՛յս է հայկական կողմին մօտեցումը, անկախ անկէ, որ կրնայ հաշտ չըլլալ միջազգային ընտանիքին համար: Ի վերջոյ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը հայկական կողմին համար կ՛ենթադրէ առանց Արցախի Ազրպէյճան, որուն սահմաններուն մէջ չէր ներառուած Արցախը: Արցախը անկախացած է Խորհրդային Միութեան փլուզումով, ինչպէս անկախացած են Խորհրդային Միութեան նախկին երկիրները: Հանրաքուէով, ինչպէս տարբեր երկիրներ:

Պաքուն, որոշ ժամանակ ետք փախստական եզրը օգտագործելէ ետք Արցախի մէջ ապրած եւ պատերազմէն ետք Ազրպէյճան հաստատուած իր համաքաղաքացիները դասակարգելու համար, խուսափեցաւ այդ բառի օգտագործումէն: Միջազգայնօրէն փախստական կ՛անուանուին այլ երկրէ մը այլ երկիր ապաստանածները: Այս պարագային կը նշանակէ, որ Արցախը Ազրպէյճանէն տարբեր երկիր է:

Եզրոյթները, մանաւանդ քաղաքական եզրաբանութիւնը իր մէջ կը ներառէ իրաւականութիւն եւ այս պարագային բանակցային ռազմավարական առաջադրանքներու ուղենշային իմաստ:

«Ա.»

www.aztagdaily.com/archives/508448

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail