Շուշին եւ Հադրութը Վերադարձնելու Համար Նոր Յարաբերութիւններ Պէտք Են Ռուսիոյ Հետ
10 ՄԱՅԻՍ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Մայիս 9-ին Եռաբլուր զինուորական պանթէոն այցելած էր նաեւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան, որ պատասխանած է 24news-ի հարցերուն:
«Այսօր մենք այստեղ ենք Շուշիի ազատագրութեան օրուան առիթով, նաեւ յիշելու եւ յիշեցնելու, որ պայքարը պէտք է շարունակուի»,- ըսած է Մուրատ Փափազեան:
Խօսելով վերջին շրջանին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ տնտեսական կապեր հաստատելու ՀՀ իշխանութիւններու մտադրութիւններուն մասին՝ ան նախազգուշացուցած է, որ ատիկա պիտի ըլլայ լրջագոյն սխալ, որովհետեւ մեր յետագայ սերունդները ստիպուած պիտի ըլլան աշխատելու թրքական եւ ազրպէյճանական ընկերութիւններու մէջ:
Մուրատ Փափազեան նաեւ անդրադարձած է Շուշին եւ Հադրութը ետ բերելու ուղղութեամբ նոր քաղաքականութիւն վարելու անհրաժեշտութեան եւ նշած, որ ՀՀ պարտուած իշխանութիւնները չեն կրնար այդ հարցով յաջողիլ:
Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով
yerakouyn.com/2021/05/10/շուշին-եւ-հադրութը-վերադարձնելու-համ/