Մաքրոն Շեշտեց Հայաստանէն Ատրպէյճանական Ուժերը Անյապաղ Դուրս Բերելու Անհրաժեշտութիւնը
14 ՄԱՅԻՍ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին հետ՝ վերջինիս նախաձեռնութեամբ: Անոնք քննարկեցին Սիւնիքի մարզին մէջ ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը ներխուժելուն իբրեւ արդիւնք ստեղծուած իրավիճակը եւ զայն հանգուցալուծելու քայլերը:
Ֆրանսայի նախագահը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ հայ ժողովուրդին՝ հարցը խաղաղ կերպով լուծելու առումով: Ան վերահաստատեց Ֆրանսայի հաւատարմութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ եւ ընդգծեց Հայաստանի տարածքէն ատրպէյճանական զինուած ուժերը անյապաղ դուրս բերելու անհրաժեշտութիւնը:
Մաքրոն շեշտեց, որ Ֆրանսա պատրաստ է հետագային եւս իր նպաստը բերելու Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու լուծման, անոր զարգացման եւ յառաջընթացին:
asbarez.com/arm/389529/մաքրոն-շեշտեց-հայաստանէն-ատրպէյճանա/