«Ադրբեջանական Ուժերը​ Մայիսին 13ից Յետոյ Ոչ Միայն Առաջ Չեն Եկել, Այլեւ Ստիպուած Են Եղել Հեռանալ Որոշ Տարածքներից». ՊՆ

«Ադրբեջանական Ուժերը​ Մայիսին 13ից Յետոյ Ոչ Միայն Առաջ Չեն Եկել, Այլեւ Ստիպուած Են Եղել Հեռանալ Որոշ Տարածքներից». ՊՆ

15 ՄԱՅԻՍ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԿարդալ նաեւ՝:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը 14 Մայիսին հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ դիտել կու տայ, թէ 12 եւ 13 Մայիսին, «սահմանների ճշգրտման» պատրուակով ատրպէյճանական զինուած ուժերը Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերու սահմանային որոշ հատուածներու հանդէպ կատարած ոտնձգութիւններէն ետք ստեղծուած իրադրութիւնը չէ փոխուած, իսկ հայկական կողմը ատրպէյճանական զինուորականներուն ներկայացուցած է իր յստակ պահանջը` առանց որեւէ նախապայմանի ելման դիրքեր վերադառնալու վերաբերեալ: Այնտեղ կ՛ըսուի, որ հարցը խաղաղ հանգուցալուծելու նպատակով բանակցութիւնները կը շարունակուին:

Նախարարութիւնը կը հերքէ համացանցին մէջ եւ տարբեր լրատուամիջոցներով շրջանառուող տեղեկութիւնները՝ ատրպէյճանական զինուած ուժերու յառաջխաղացման նոր դէպքերուն վերաբերող:

«Ադրբեջանական ստորաբաժանումները Մայիսին 13ից յետոյ ոչ միայն առաջ չեն եկել, այլեւ, հայկական Զու գործողութիւնների արդիւնքում ստիպուած են եղել հեռանալ որոշ տարածքներից:

«Եւս մէկ անգամ կոչ ենք անում ձեռնպահ մնալ չստուգուած, առաւել եւս կեղծ տեղեկութիւններ տարածելուց, մանաւանդ այսպիսի զգայուն խնդիրների շուրջ:

«Իրադրութեան ցանկացած զարգացման դէպքում Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդէս կը գայ համապատասխան յայտարարութեամբ», կը յայտնէ նախարարութիւնը։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեան Սիւնիքի դէպքերուն վերաբերեալ հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ ՀԱՊԿի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նախագահ, Տաճիկիստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Սիրոճիտին Մուխրիտտինի հետ, եւ քննարկեց Հայաստանի պետական սահմանին ստեղծուած դրութեան եւ իրավիճակի հանգուցալուծման առնչութեամբ ձեռնարկուող քայլերը:

Մուխրիտտին Այվազեանին յայտնեց, որ ՀԱՊԿի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի գործող նախագահ, Տաճիկիստանի Հանրապետութեան նախագահ Էմոմալի Ռահմոնի կողմէ արդէն իսկ տրուած են յանձնարարութիւններ՝ համապատասխան դասաւորումներու:

Իր կարգին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Վաղարշակ Յարութիւնեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի հետ, որուն ներկայացուց Սիւնիքի մէջ ստեղծուած իրադրութիւնը եւ հայկական կողմին ձեռնարկած գործողութիւնները եւ շեշտեց իրավիճակի խաղաղ հանգուցալուծման կարեւորութիւնը: Միաժամանակ, պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը անթոյլատրելի նկատեց Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներուն նկատմամբ նման սադրանքները՝ նշելով, որ անոնք էապէս կը վտանգեն արդէն իսկ փխրուն խաղաղութիւնը:

Վաղարշակ Յարութիւնեան կացութեան մասին տեղեկութիւն փոխանցեց նաեւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար, զօր. Սերգէյ Շոյգուին: Յարութիւնեան իր ռուս պաշտօնակիցին ներկայացուց ստեղծուած իրադրութեան մէջ հայկական կողմին գործողութիւնները՝ նշելով, որ բոլոր այն վայրերուն մէջ, որոնց կարգին Սեւ լիճին, ուր ներխուժած են ատրպէյճանցիները, թէ՛ ամբողջ շրջանը, թէ՛ զինուորականները եւ թէ անոնց ապահովման ուղիները կը գտնուին հայկական բանակի ամբողջական վերահսկողութեան տակ: Կարեւոր նկատելով իրադրութեան խաղաղ հանգուցալուծման անհրաժեշտութիւնը, նոյն ժամանակ նախարարի պաշտօնակատարը անթոյլատրելի նկատեց Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ որեւէ ոտնձգութիւն:

Այս ծիրին մէջ Վաղարշակ Յարութիւնեան նաեւ ընդունեց աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Ռուսիոյ զինուած ուժերու հարաւային ռազմական ջոկատի հրամանատար, բանակի զօրավար Ալեքսանտր Տուորնիքովը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Սիւնիքի մարզին մէջ ստեղծուած իրադրութիւնը եւ անոր հանգուցալուծման ուղիները, Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերուն մէջ մեկնարկած բարեփոխումները. անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերող հարցերուն:

asbarez.com/arm/389584/ադրբեջանական-ուժերը%e2%80%8b-մայիսին-13ից-յե/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail