Միացեալ Նահանգներ Սադրանք Կը Նկատեն Հայաստանի Սահմաններուն Մօտ Ազրպէյճանի Գործողութիւնները
17 ՄԱՅԻՍ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
Միացեալ Նահանգներ կ՛ակնկալեն, որ Ազրպէյճան Հայաստանի սահմանէն անմիջապէս ետ քաշէ բոլոր զօրքերը եւ հրաժարի սադրանքներէն: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժալինա Փորթըր:
«Միացեալ Նահանգներ ուշադիր կը հետեւին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ տիրող կացութեան եւ չարդարացուած ու անպատասխանատու կը նկատեն «վիճելի շրջաններու մէջ» զօրքերու որեւէ տեղաշարժ», ըսած է Փորթըր` հեռաձայնային մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
Ան շեշտած է, որ սահմանագծման առնչուած բոլոր խնդիրները պէտք է լուծել բացառապէս բանակցութիւններու միջոցով:
www.aztagdaily.com/archives/508884