Թուրքիա Կոչ Կ՛ուղղէ` Պաղեստինցիներու Պաշտպանութիւնը Ապահովող Միջազգային Ուժեր Ստեղծելու
17 ՄԱՅԻՍ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
Թուրքիան կոչ կ՛ուղղէ` պաղեստինցի խաղաղ քաղաքացիներու ֆիզիքական պաշտպանութիւնը ապահովելու համար միջազգային ուժեր ստեղծելու: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Սէուտական Արաբիոյ հրաւէրով Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԻՀԿ) արտաքին գործոց նախարարներու երէկ տեղի ունեցած արտակարգ ժողովի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու:
«Միջազգային ընտանիքը պատասխանատուութիւն կը կրէ պաղեստինցի խաղաղ քաղաքացիներու անվտանգութեան ապահովման համար: Եւ այդ պատասխանատուութեան կարեւոր մասը ինկած է ԻՀԿ-ի վրայ», ընդգծած է ան:
«Մենք պէտք է աշխատինք Պաղեստինի խաղաղ քաղաքացիները պաշտպանելու համար միջազգային գործիքակազմի ստեղծման ուղղութեամբ` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի յունիս 2018-ին որդեգրուած բանաձեւին համապատասխան: Այս նախաձեռնութիւնը պէտք է ներառէ նաեւ ֆիզիքական պաշտպանութիւն` միջազգային ուժերու ստեղծման միջոցով, որոնք պիտի ունենան շահագրգիռ երկիրներու կողմէ զինուորական եւ ֆինանսական աջակցութիւն», աւելցուցած է թրքական դիւանագիտութեան պետը:
Չաւուշօղլուի համաձայն, «եկած է Պաղեստինի հարցին մէջ միասնականութեան եւ վճռականութեան ժամանակը»: «Իսլամական աշխարհը մեզմէ առաջնորդութիւն կ՛ակնկալէ, եւ Թուրքիան պատրաստ է բոլոր անհրաժեշտ քայլերուն», աւելցուցած է ան:
Նշենք, որ Սէուտական Արաբիոյ հրաւէրով գումարուած Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան ժողովը յայտարարեց. «Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է աշխատանքի լծուի դադրեցնելու իսրայէլեան բարբարոս յարձակումը, եւ Ապահովական խորհուրդի` իր պատասխանատուութեան տէր չկանգնիլը մեզ պիտի մղէ ուղղուելու (ՄԱԿ-ի) ընդհանուր ժողովին, որովհետեւ Երուսաղէմն ու Աքսայի մզկիթը իսլամ ժողովուրդին համար կարմիր գիծեր են»:
«Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը կը գնահատէ Երուսաղէմի յանձնախումբի նախագահութեան` սրբազան վայրերու պաշտպանութեան մէջ դերակատարութիւնը, եւ պէտք է պաղեստինցի ժողովուրդին ամէն տեսակի աջակցութիւն տրամադրել, եւ կազմակերպութիւնը կոչ կ՛ուղղէ միջազգային իրաւաբանական քայլերու` Իսրայէլին հատուցումներ վճարել ստիպելու համար», նշուած է ժողովէն բխած հաղորդագրութեան մէջ:
www.aztagdaily.com/archives/508872