Ո՞ւր Է Սահմանագիծը – Արդեօք Երեւանի մանր քաղաքագէտները կը կարծեն, թէ թշնամին կը գործէ պարապութեան (vacuum) մէ՞ջ – ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ
18 ՄԱՅԻՍ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ
Այսօր աւելորդ անգամ մը եւս հաստատուեցաւ, որ ՀՀ իշխանութեան գերագոյն դիրքը զբաղեցնող անձնաւորութիւնը եւ իր վարչախումբը վերջնականօրէն սնանկացած են թէ՛որպէս կառավարութիւն եւ թէ՛որպէս քաղաքական ուժ եւ պէտք է անյապաղ դուրս գան հայ անկախ պետականութեան քաղաքական բեմէն:
Ազրպէյճանական զինուժը այս առաւօտ, խախտելով գոյութիւն ունեցող բոլոր պայմանագրերը, 3,5 քմ խորութեամբ (Սիւնիքի մէջ) յառաջացաւ հայկական գիծերէն ներս` առանց դոյզն դիմադրութեան:
Այս փաստը, երկար եւ ապակողմնորոշիչ ելոյթներէ ետք, ի վերջոյ հաստատեց նոյնինքն պր. Փաշինեան` միաժամանակ յայտարարելով, որ իր կառավարութիւնը դիւանագիտական միջոցառումներէ զատ` որեւէ այլ քայլի դիմելու մտադրութիւն չունի:
Ակնյայտօրէն կը գտնուինք թշնամիի նոր նախաձեռնութիւններու նախօրեակին: Զարմանալ պէտք չէ: Թշնամին չէ մեզ ապակողմնորոշողը: Մեզ ապակողմնորոշողը ՀՀ իշխանութիւնը առեւանգած իշխանաւորն է: Թշնամին յստակ է իր դիտաւորութիւններուն մէջ: Ան բացէ ի բաց յայտարարած է, թէ ի՛նչ կը ծրագրէ ընել Սիւնիքի կապակցութեամբ եւ պատրաստ է դիմելու պատերազմական գործողութիւններու:
Իսկ ՀՀ իշխանութիւնը ի սկզբանէ ինքզինք հռչակած է պարտուած: Ան նոյնիսկ «արժանի» չէ պատերազմող կողմ ըլլալու հայրենիքի պաշտպանութեան գործին մէջ: Ան ինքզինքին զլացած է այդ արժանիքը, քանի որ ան զուրկ է արժանապատիւ պետականութեան արժէքային համակարգէն: Ինչպիսի՜ ահաւոր զրկա՛նք, որուն նշաւակ կը դառնայ մեր ազգը: Պատերազմող կողմը կը յառաջանայ մեր հողերէն ներս` առանց դոյզն պաշտպանողականի: Ի՜նչ պատերազմ, կ’ըսէ երեւի Ալիեւ` զարմանալով իր բախտին վրայ եւ այպանելով ինքզինք աւելին չպահանջելուն համար: Ասիկա այլեւս միակողմանի անձնատւութիւն է մեր երկրի թուլամորթ իշխանութեան կողմէ: Մեր երկիրը բլուր առ բլուր կը յանձնուի` առանց փամփուշտ մը իսկ կրակելու:
Հետեւելով պր. Փաշինեանի հրահանգին` ՀՀ արտաքին գործերու նախարար պր. Այվազեան դիմած է Մոսկուայի օգնութեան… ՌԴ արտաքին գործերու նախարար պր. Լաւրովէն ակնկալելով իր, եւ մեր, փրկութիւնը: Հարցո՛ւմ. ինչո՞ւ Մոսկուա պիտի ուզէ կասեցնել ազրպէյճանական յարձակողականը: Արդեօք Երեւանի մանր քաղաքագէտները կը կարծեն, թէ թշնամին կը գործէ պարապութեան (vacuum) մէ՞ջ: Հո՞ս հասանք: Ի վիճակի չե՞ն կռահելու, որ Հարաւային Կովկասի մէջ եւ այլուր (ԱՊՀ տիեզերքէն ներս) ամէն բան համադրուած է ի սկզբանէ, նոյնիսկ եթէ իրենք ընդգրկուած չեն տարածաշրջանի խաղին մէջ:
Յամենայն դէպս ՀՀ հանրութիւնը մեծ սխալ մը կը գործէ` այս հարցերուն պատասխանը ակնկալելով պր. Փաշինեանէն, որ առհասարակ հետաքրքրուած չի թուիր ըլլալ հայ անկախ պետականութեան ազգային գերագոյն շահերով: Ան հետաքրքրուած է` իր պատանդի գոյավիճակը վերարտադրելով եւ իր յանցաւոր համակարգը մշտնջենաւորելով:
Այսօր ՀՀ ընդդիմութիւնը հաւաքաբար անյետաձգելի պարտաւորութեան տակ կը գտնուի ընտրարշաւէն շատ անդին անցնելու եւ մէկ ընդհանուր հակաճգնաժամային քաղաքականութիւն որդեգրելու:
Քաղաքականութի՛ւն, որ յստակօրէն կը բանաձեւէ ընդդիմութեան հաւաքական դիրքորոշումը ՀՀ յետպատերազմեան կենսական յանձնառութիւններուն մասին:
Քաղաքականութի՛ւն, որ յստակ խօսք կ՛ըսէ, թէ ո՛րն է իր կողմէ կանխորոշուած ՀՀ եւ ԱՀ անվտանգային սահմանագիծը, անկախ այն բանէն, թէ ի՛նչ ըսուած է նոյեմբեր 9-ի համաձայնագրին եւ անոր հետեւող այլ յայտնի կամ գաղտնի համաձայնութիւններուն մէջ: Քաղաքականութի՛ւն, որ տէր կը կանգնի հայ անկախ պետականութեան դատին: Տէր կը կանգնի ՀՀ քաղաքացիի դատին: Եւ վերջապէս` քաղաքականութի՛ւն, որ յստակօրէն կը գծէ մեր ճանապարհային քարտէզը ներկայ գահավիժումը կասեցնելու:
Անկեղծ պիտի ըլլանք եւ պիտի ընդունինք, որ «Հայաստան» դաշինքի ոգեւորող յայտարարութենէն ետք հանրութիւնը դրուած է հարցականի առջեւ: Կը ձեւաւորուին նոր բեւեռներ ընտրական դաշտէն ներս, «Հայաստան» դաշինքէն անկախ, մտնելու ընտրական դաշտէն ներս: Այսպիսի կոտորակումները միայն կ՛աւելցնեն Փաշինեանի խուսանաւելու կարելիութիւնները եւ միայն կը նուազեցնեն մեր միասնական ուժը` թշնամիի մարտահրաւէրը դիմագրաւելու:
ԱՆԿԱԽ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐԷ` ԿԵՆՍԱԿԱ՛Ն Է, ՈՐ ԱՄԲՈՂՋ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ՀՐԱՊԱՐԱԿԷ ՈՒԽՏԱԳԻՐ ՄԸ (PACT)` ԻՆՔԶԻՆՔ ԴՆԵԼՈՎ ԱՐՏԱՔԻՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐԸ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼՈՒ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ, ՅՍՏԱԿՕՐԷՆ ՃՇԴԵԼՈՎ ԻՐ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԸ ՇՈՒՇԻԻ, ՀԱԴՐՈՒԹԻ, ՔԱՐՎԱՃԱՌԻ, ՔԱՇԱԹԱՂԻ, ՍԻՒՆԻՔԻ ԱՆՍԱԿԱՐԿԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՅԼ ՆՄԱՆՕՐԻՆԱԿ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ:
Պարզ խօսքով, ընդդիմութիւնը պէտք է յստակացնէ իր կարմիր գիծերը` յանուն հայ անկախ պետականութեան: Առանց նմանօրինակ յստակ յանձնառութեան` կարելի չէ ակնկալել ՀՀ քաղաքացիական հասարակութեան եւ առհասարակ մեր աշխարհասփիւռ ժողովուրդի միասնական ներդրումը յառաջիկայ օրերու մեր ազգային պայքարին մէջ:
Այսօր մենք համոզած ենք թշնամին, որ հայկական կողմը այլեւս չի գիտեր, թէ ուրկէ՛ կ՛անցնի կամ ո՛ւր կանգ կ՛առնէ իր հայրենիքի սահմանագիծը: Շնորհի՜ւ փաշինեանական իշխանութեան` մենք այլեւս կոսնցուցած կը թուինք հաւաքական գիտակցութիւնը մեր հայրենական ժառանգութեան (patrimoine): Այսպէս է, որ մենք կորսնցուցինք մեր երկիրը` վեց հարիւր տարի շարունակ ապրելով գերութեան մէջ: Արմենական, հնչակեան եւ ի վերջոյ դաշնակցական ռահվիրաներու յեղափոխական սերունդն էր, որ համարձակօրէն ետ շրջեց պատմութեան անիւը եւ տէր կանգնեցաւ հայոց հայրենիքի շօշափելի իրականութեան:
Անոնք ճշդեցին սահմանագիծը: Անոնք վերականգնեցին մեր արժանապատուութիւնը: Այս ուշ ժամուն չէ, որ մեր ժողովուրդը թոյլ պիտի տայ, որ խումբ մը պոլշեւիկեան քլոններ վերստին մատնեն մեզ պատմութեան ամօթին: Այդ բանը տեղի պիտի չունենայ: Այդ բանը Փաշինեանն ու իր հետեւորդները պիտի չտեսնեն: Իրենք յետադիմականներն են, որոնք դուրս պիտի քշուին հայ ժողովուրդի պատմութեան բեմէն: Դո՛ւրս պիտի քշուին ամէն գնով:
12 մայիս 2021
www.aztagdaily.com/archives/508941