Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը Կը Դատապարտէ Հրեայ Երիտասարդներու Կողմէ Հայ Հոգեւորականին Վրայ Յարձակումը

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը Կը Դատապարտէ Հրեայ Երիտասարդներու Կողմէ Հայ Հոգեւորականին Վրայ Յարձակումը

19 ՄԱՅԻՍ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԿարդալ նաեւ՝:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան հոգեւորականներէն մէկը հրեայ երիտասարդներու կողմէ յարձակման ենթարկուեցաւ:

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը դէպքին առիթով հրապարակեց յայտարարութիւն մը՝ խստիւ դատապարտելով Սուրբ Յակոբեանց միաբանութեան անդամ Արբակ աբղ. Սարուխանեանի վրայ հրեայ երիտասարդներու յարձակումը, որ գործադրուեցաւ Սուրբ Յարութեան տաճարի ճանապարհին վրայ:

Հայր Արբակը վիրաւորուեցաւ եւ անմիջապէս տեղափոխուեցաւ հիւանդանոց, ուր բժշկական անհրաժեշտ օգնութիւն ստանալէ ետք դուրս եկաւ:

«Պատրիարքութիւնը ոստիկանութեան ներկայացուց պաշտօնապէս բողոք, որմէ ետք յարձակուողներէն երեքը ձերբակալուեցան: Մեր պահանջն է, որ ոստիկանութիւնը արդար քննութիւն կատարէ եւ յանցագործները պատժուին օրէնքի համաձայն՝ ապագային նման դէպքերու կրկնութենէն խուսափելու համար», կը յայտնէ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Կորիւն վրդ. Պաղտասարեան:

asbarez.com/arm/389754/երուսաղէմի-հայոց-պատրիարքարանը-կը-դա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail