Պաշտպանութեան Նախարարութիւն. «Հայաստանի Տարածք Ներթափանցած Ազրպէյճանի Զինուած Ուժերու Անձնակազմի Մէկ Մասը Վերադարձած Է Ելման Դիրքեր»
24 ՄԱՅԻՍ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ հայ-ազրպէյճանական սահմանին իրականացուած սադրանքներէն ետք ստեղծուած իրադրութիւնը, 23 մայիսի կէսօրուան դրութեամբ, համեմատաբար կայուն է, դէպքեր չեն արձանագրուած: Այս մասին տեղեկացուցին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:
«22 մայիսի երեկոյեան ազրպէյճանական զինուած ուժերու Հայաստանի տարածք ներթափանցած անձնակազմի մէկ մասը վերադարձած է ելման դիրքեր: Մամուլով շրջանառուող պնդումը, թէ «Սիւնիքի մարզի Սեւ լիճին մօտ 1000-է աւելի ազրպէյճանցի զինուորական կայ», չի համապատասխաներ իրականութեան», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ աղբիւրին, հայկական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները լիարժէքօրէն կը վերահսկեն իրադրութեան` շարունակելով արգելափակուած պահել ազրպէյճանցի զինուորականները:
Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեկնաբանած է Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու վերաբերեալ բանաձեւի ընդունումը:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշած է նաեւ. «Եւրոպական խորհրդարանը յստակօրէն կը մատնանշէ, որ 12 մայիսին ներթափանցելով Հայաստանի տարածք` Ազրպէյճանը ոտնահարած է միջազգային իրաւունքը եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Այս ծիրին մէջ յատկապէս մտահոգիչ որակուած են ազրպէյճանցի ներկայացուցիչներու, ներառեալ` նախագահի մակարդակով կատարուած յայտարարութիւնները, որոնց մէջ կը բարձրացուին տարածքային պահանջներ եւ ուժի կիրարկումի սպառնալիքներ: Ազրպէյճանի այս գործողութիւնները Եւրոպական խորհրդարանը կ՛որակէ իբրեւ շրջանին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան ուղղուած ջանքերու խաթարում:
Եւրոպական խորհրդարանի այս բանաձեւը անգամ մը եւս կը փաստէ, որ ուժի կիրարկումով կարելի չէ լուծել ղարաբաղեան տագնապը եւ Արցախի ժողովուրդը զրկել իր անքակտելի իրաւունքներէն, այդ կարգին` ինքնորոշման իրաւունքէն»:
www.aztagdaily.com/archives/509779