«Ճենոսայտ Եւ 100-Ամեակ» Յեղյեղելէ Ետք, Կարգը Հասաւ «Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան»…

16 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Բռնագրաւուած Հայաստանէն թիզ մը հող չկցուեցաւ Հայաստանի: Հայաստանի դրկից Կարսը չվերադարձուեցաւ Հայաստանի: Առաքելոց եկեղեցւոյ մէջ հայկական պատարագ չի մատուցուիր: Հարիւրամեակը նշուեցաւ, համայն աշխարհին համար անիկա եղաւ ի միջի այլոց հանդիսութիւն մը, ոսկեղէն առիթ մը Հայաստան այցելելու եւ պարտականութիւն կատարածի գոհունակութեամբ վերադառնալու: Հռոմի սրբազան քահանայապետը խօսեցաւ ի լուր աշխարհին: Դրական էր. լրատուամիջոցները առատ նիւթ ունեցան` հայկական բովանդակութեամբ: Յուզումներ: Եթէ յուզումներով հարցեր կը լուծուին եւ կարելի է յառաջդիմել:

Հաշուեկշիռ. հոն ենք, ուր որ էինք: Ոչ յոռետեսութիւն, ոչ լաւատեսութիւն:

Ամէն տարի հարիւրամեակ չէ: Հանրութիւնը զբաղեցնելու համար նորը եւ ուշագրաւը պէտք է հրամցնել: Այդ նորը հիմա գտնուած է` արեւմտահայերէնի պաշտպանութիւն: Հայաստան նախաձեռնութիւններ ունի այդ պաշտպանութեան գծով: Եւ այդ բնական է: Իր տաքով եւ պաղով` պետութիւն կայ: Ազգի լեզուի պաշտպանութիւնը եւ տիրութիւնը առաջին հերթին պետութեան պարտականութիւնն է, քանի որ լեզուն մէկութեան առանցք է: Նոյնիսկ խորհրդային շրջանին, արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան օգնելու խարխափող փորձեր եղած են: Այժմ Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէն կ’ուսուցուի կարգ մը վարժարաններու մէջ:

Հայաստանի մէջ խորհրդաժողովներ գումարուեցան արեւմտահայերէնի օրակարգով: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը յատուկ մարմին ստեղծած է այս հարցով, ուսումնասիրութիւններ կատարուած են եւ պիտի հրատարակուին: Զոյգ պարագաներուն ալ հարցերը առանձնացուած են եւ արդիւնքի հասնելու բարիկամեցողութիւն կայ: Դժբախտաբար, այս հարցը եւ ուսումնասիրութիւնները փակ շրջանակի մէջ մնալու վտանգի ենթակայ են, եւ բախտաւոր պարագային կրնան ծառայել համոզուածները համոզելու, քանի որ հասարակաց եւ ընդունուած հսկողութիւն կատարող եւ պարտադրող ոչ մէկ կառոյց գոյութիւն ունի: Հետզհետէ աւելի տարտղնուող եւ գունաթափող սփիւռքները գրեթէ անկարելի կը դարձնեն համադրուած եւ զանգուածներու կողմէ ընդունելի-ընդունուած նախաձեռնութիւնները: Խօսքը կը վերաբերի զանգուածին եւ ոչ ինքնագոհ բջիջներու:

Սփիւռք(ներ)ը հետզհետէ աւելի մեծ խառնակութիւն պիտի ապրին, քանի որ շրջապատի լեզուն ըլլալով կեանքի լեզուն, (ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, սպաներէն, արաբերէն, մօտիկ ապագային նաեւ չինարէն եւ այլ), պիտի նեղցնէ հայերէնի գործածութեան, իւրացման եւ ստեղծագործական արդէն սահմանափակ կարողութիւնը, նաեւ` արտագաղթածներու արդէն վիրաւոր աշխարհաբարի պարագային: Արեւմտահայերէնը կապի մէջ ըլլալով այս արտագաղթած աշխարհաբարին եւ Հայաստանի հաղորդակցական միջոցները ողողող լեզուին հետ, իր ինքնուրոյնութիւնը աւելի պիտի կորսնցնէ, եւ գեղագիտական թափահարումներով կարելի պիտի չըլլայ զայն պաշտպանել եւ զարգացնել, օրինակ` համակարգչային թուայնացած ուսուցումով եւ խաղերով:

Սփիւռք(ներ)ի մէջ դեռ կան արեւմտահայերէնի իրապէս տիրապետողներ (կան նաեւ աղմկարար չտիրապետողներ), որոնց թիւը հետզհետէ կը նուազի, կը դառնայ «ընտրանի»-ի մը փակ պարտէզը, տեսակ մը հպարտութեան պատուանդանը, որուն վրայ տեղ չկայ զանգուածներուն: Կրնա՞յ հասնիլ օր մը, որ մեծ թիւով հայերու (եւ օտարներու) մասնագիտութիւն դառնայ աշխարհաբարի գիտութիւնը, ինչպէս գրաբարի պարագան էր դար մը առաջ (հիմա անոնք հազուագիւտ են):

Միամիտ պէտք չէ ըլլալ: Գիտաժողովներ կրնան բեմ ըլլալ չնաշխարհիկ արտայայտութիւններու եւ տպաւորիչ առաջարկներու, որոնք կրնան սրահներու պատերէն դուրս չգալ, եթէ չկայ պետական-համազգային վերաբերում, որ պարզ բառերով կը նշանակէ քաղաքականութիւն: Իրապաշտ եւ իրատես պէտք է ըլլալ. այս քաղաքականութիւնը ընտրանիի մը, միութեան մը, մասնագէտի մը (եթէ այս բառը պերճանք չէ) բարիկամեցողութեամբ չի կրնար կենսագործուիլ: Պետութիւնը, եթէ որոշէ, միջոցները ունի արեւմտահայերէնի ուսուցման ծրագիր մշակելու: Ծրագիրի իրականացման համար սփիւռքի մէջ հեղինակութեան կռուանի պէտք ունի: Ներկայի տուեալներով, այդ հեղինակութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնն է: Հայրենի պետութեան եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համատեղ եւ համադրուած ճիգերով կարելի կ’ըլլայ պաշտպանել, զարգացնել եւ տարածել արեւմտահայերէնը:

Արեւմտահայերէնի պաշտպանութիւնը, որպէս ընդհանրապէս հայերէնի պաշտպանութեան եւ զարգացման նպաստ պէտք է դիտել Հայաստանի մէջ, զայն ուսուցանել ո՛չ միայն կարգ մը դասարաններու եւ դպրոցներու մէջ, այլ նաեւ զայն դարձնել կրթական ընդհանուր ծրագիրին մաս, այդ ձեւով թերեւս ճամբայ հարթելով ուղղագրութեան միասնականացման: Նուազագոյն ողջմտութիւնը պիտի յուշէ այն գաղափարը, որ լեզուն նախ կը պահպանուի եւ կը զարգանայ հայախօս համախումբ զանգուածի ծոցին մէջ, որ այսօր եւ վաղը Հայաստան կը գտնուի, որքան որ ալ հոգեպարար ըլլան սփիւռքի հայերէնապաշտպանութեան խօսքերը:

Հայերէնը կը պաշտպանուի եւ կը զարգանայ պետութեան միջոցներով եւ հայերէն գիտցողներով: Առաւել եւս` արեւմտահայերէնը: Այսքան ճշմարտութիւն պէտք է «բարձրաձայնել», որպէսզի կիսատ-պռատ հայերէն գիտցողներ «շնորհ» չընեն, հայերէնի պաշտպանութեան ինքնաշնորհուած իրաւասութիւններով հրապարակը չգրաւեն:

Գիտաժողովներ, խորհրդաժողովներ, համաժողովներ իմաստ կ’ունենան իրենց առարկաներու եւ նպատակի սահմանումով: Կազմակերպողները պիտի կարենան նախապէս ըսել, թէ ո՞ր մասնակիցը ո՞ր հարցին իւրայատուկ լուսաւորում պիտի բերէ:

Պիտի չզարմանամ, եթէ վաղը Շանկհայի նոր հարստացած հայը ինք ալ լեզուական «գիտաժողով» մը կազմակերպէ, նոյն հարցերը քննելու համար` մեկնելով նոր կազմուող համայնքի լեզուագիտական մակարդակէն:

Արեւմտահայերէնի եւ ընդհանրապէս հայերէնի պաշտպանութեան ու զարգացման խնդիրը համազգային քաղաքականութեան օղակ է, եւ եթէ այդպէս չդիմաւորուի, կը շարունակենք մանուկներու պղպջակներու խաղը:

Հարիւրամեակէն ետք արեւմտահայերէնի պաշտպանութիւն, յաջորդ հանգրուանային նիւթերուն մասին ալ պէտք է մտածել, օրինակ` հայկական նոր տարին կամ հայկական ամիսներու պատմական անունները որդեգրելու մասին, եւ գումարել ամպագոռգոռ անուններով ժողովներ:

Երբեմն պէտք է ըսել, թէ Նիւ Եորքի հայերը քիչ մը աւելի հայախօս դարձա՞ն ժողովներէ ետք, հայերէն գիրք կը կարդա՞ն, բազմամարդ ֆրանսահայ գաղութը հայկական գրատուն ունի՞:

Մինչ այդ հանրային կարծիքը պէտք է զբաղցնել: Յետո՞յ…

Իսկ եթէ կանգ պիտի առնենք Շաւարշ Միսաքեանի դառն երգիծանքով սահմանած «հաց-պանիրի հայերէն»-ի եզերքներուն, ի՞նչ ապագայ կը նախատեսենք մեծ բառերու համար, ռազմավարութիւն եւ մարտավարութիւն…

14 յունուար 2016, Փարիզ
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail