Վախճանեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս

Վախճանեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը

25 ՄԱՅԻՍ 2021 – ԳԱՂՈՒԹՆԵՐ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:

Հիւսիսային Ամերիկայի Կաթողիկէ Հայոց թեմը կը գուժէ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 25 Մայիսին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ՝ Պէյրութ:

Երջանկայիշատակ կաթողիկոսին թաղման կարգը եւ յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուին Շաբաթ, 29 Մայիսին, եւ մարմինը պիտի ամփոփուի Զմմառու կաթողիկոս պատրիարքներու դամբարանին մէջ:

Երջանկայիշատակ պատրիարքը 87 տարեկան էր։

Ստորեւ կու տանք Գրիգոր Պետրոս Ի. Կապրոյեան կաթողիկոս պատրիարքին հակիրճ կենսագրականը, առնուած Վատիկանի ձայնասփիւռի հայկական բաժինի կայքէն․

Ծնած է Հալէպ, 15 Նոյեմբեր 1934ին, տասներորդը 12 զաւակներով ընտանիքի մը: Ծնողքը ապաստանած էին Հալէպ, Մարտին քաղաքի ջարդերէն ետք: Ընտանիքը վերջնականապէս կը հաստատուի Լիբանան 1938ին:

Ան Կը մտնէ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան փոքր ընծայարանը, ապա կը յաճախէ Մարիստ Ֆրերներու վարժարանը:

Պաքալորէեան առնելէ ետք կ՛ուղարկուի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ վարժարանը, Հռոմ եւ վեց տարի կը յաճախէ Քահանայապետական Գրիգորեան համալսարանը, ստանալով սքոլասթիք փիլիսոփայութեան պաքալորէեան եւ աստուածաբանութեան վկայականը:

Ան Կը վերադառնայ Լիբանան, ուր կը ձեռնադրուի Զմմառու միաբան կուսակրօն վարդապետ 28 Մարտ 1959ին: Մէկ տարի պաշտօնավարելէ ետք, Ճունիի մէջ՝ իբրեւ փոխտեսուչ փոքր ընծայարանին՝ կը նշանակուի տնօրէն Պուրճ Համուտի Մեսրոպեան Հայ կաթողիկէ վարժարանին. Ան այդ պաշտօնը կը վարէ 9 տարիներ:

3 Յունուար 1977ին՝ Պօղոս Զ. պապը զայն կ՛անուանէ տիտղոսաւոր եպիսկոպոս Ամիտայի (Տիգրանակերտ) հայոց: Եպիսկոպոս կ՛օծուի 13 Փետրուար 1977ին, Պուրճ Համուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ:

20 Յունիս 1986ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը կը ստեղծէ Փարիզի Սուրբ Խաչ թեմը, Ֆրանսայի հայ կաթողիկէներուն համար եւ զայն կ՛անուանէ առաջին եպիսկոպոսը այդ թեմին: 15 Հոկտեմբեր 1988ին ան կը նշանակուի Առաքելական այցելու Արեւմտեան Եւրոպայի հայոց, որոնք զուրկ էին տեղական առաջնորդէ:

1997ին կ՛աւարտէ «Քրիստոնէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ» արեւմտահայերէն թարգմանութեան հրատարակութիւնը, որուն թարգմանութիւնը եւ տպագրութիւնը վարած էր ան:

2005ին եւ 2009ին կը կազմակերպէ Հռոմի եւ Լիբանանի մէջ, այժմ Ընդհանրական եկեղեցւոյ վարդապետ՝ սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի նուիրուած երկու գիտաժողովներ, որոնց ընթացքին ներկայացուած նիւթերուն հրատարակութիւններն ալ կը հոգայ:

1997էն 2014 կը վարէ Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ վարժարանի ընդհանուր մատակարարի պաշտօնը: 7 Ապրիլ 2013ին, երբ կը հաստատուի իր յաջորդը՝ Յովհաննէս եպս․ Թէյրուզեան, իբրեւ թեմին առաջնորդ, ան կը դառնայ վաստակաւոր եպիսկոպոս Ֆրանսայի թեմին:

-25 Յունիս 2015ին, յետ մահու, երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին, ան դարձաւ պատրիարքական կառավարիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ:

– 25 Յուլիս 2015ին Հայ Կաթողիկէ պատրիարքական եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերը զինք կ՛ընտրեն 20րդ կաթողիկոս պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց եւ ան կ՛առնէ Գրիգոր Պետրոս Ի. անունը:

asbarez.com/arm/390133/վախճանեցաւ-տանն-կիլիկիոյ-կաթողիկէ-հա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail