Սուրիոյ Մէջ Տեղի Ունեցաւ Նախագահական Ընտրութիւն

Here is an ancient world map in the Italian city of Rome, showing neither today's Azerbaijan nor the Ottoman Empire and Republic of Turkey.

Սուրիոյ Մէջ Տեղի Ունեցաւ Նախագահական Ընտրութիւն

27 ՄԱՅԻՍ 2021 –

Երէկ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութիւն: Քուէարկողները առտուընէ ուղղուեցան քուէարկութեան կեդրոններ` ընտրելու համար երկրին նախագահը: Պաշտօնին համար գոյութիւն ունէին երեք թեկնածուներ` գործող նախագահ Պաշշար Ասատ, Մահմուտ Մըրհի եւ Ապտալլա Սալլում Ապտալլա:

20 մայիսին արտասահման բնակող սուրիացիներու քուէարկութեամբ ընթացք առած էր ընտրութեան առաջին փուլը:

Գործող նախագահ Պաշշար Ասատ եւ անոր կինը քուէարկեցին Արեւելեան Ղութայի Տումա քաղաքին մէջ: Ասատ քուէարկելէ ետք շնորհաւորեց Տումայի բնակիչները ահաբեկչութենէն ազատագրուելնուն ու հայրենիքի ծոցը դառնալնուն համար:

«Տումա այցելութիւնն ու այդտեղ ընտրութեան կայացումը կը հաստատեն, որ Սուրիան շրջան շրջանի դէմ կամ յարանուանութիւն յարանուանութեան դէմ չէ: Ընտրութիւնն ու ժողովրդային հակազդեցութիւնը կու գան հաստատելու, որ սուրիացի քաղաքացին ազատ ու անկախ է»:

Նկատի ունենալով մասնակցութեան բարձր համեմատութիւնը` Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը Սուրիոյ բոլոր նահանգներուն մէջ քուէարկութիւնը 5 ժամով երկարաձգեց:

www.aztagdaily.com/archives/510140

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail