Առաջին Հանրապետութեան կերտիչներու անյեղաշրջելի տեսլականը իրագործելու ճանապարհով. Խմբագրական «Հորիզոն»ի

Առաջին Հանրապետութեան կերտիչներու անյեղաշրջելի տեսլականը իրագործելու ճանապարհով. Խմբագրական «Հորիզոն»ի

28 ՄԱՅԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:

«Երկիրը կատարեալ քաոսի և անիշխանութեան մէջ էր… Մի խօսքով, պէտք էր ոչինչից պետութիւն ստեղծել:»

Սիմոն Վրացեան

1918 թուականի Մայիսի աւարայրեան գուպարներու արգասիքն է Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որուն վերընձիւղման համար չխնայուեցաւ ինքնազոհաբերութիւնը եւ որուն անզուգական օրինակն ու նախատիպարը հանդիսացան ժողովուրդի առաջնորդ՝ Արամ Մանուկեանն ու անկախութեան կերտիչ իր սերնդակիցները։ Ազգային ոգիի ու հայրենատէր հայ ազգի այդ սերուցքն էր, որ անկախութեան երկու տարուան ժամանակահատուածին, հեռատեսութիւնը ունեցաւ ընդարձակելու եւ ամրագրելու նորաստեղծ հանրապետութեան բոլոր տարածքներն ու սահմանները, Սիւնիքէն մինչեւ Լոռի, Արցախէն մինչեւ Կարս, Նախիջեւան։

Հայաստանի հանրապետութեան հիմնադրման 103-ամեակը կը նշենք, երբ այս օրերուն, ՀՀ իշխանութիւններու անկարողութեան, ապիկարութեան, ձեռնածալութեան եւ անձնատուողական վարքագծին պատճառով բռնագրաւուած են ազատագրուած Արցախի տարածքներու ստուար մէկ հատուածը եւ սպառնալիքի տակ կը գտնուին Հայաստանի Հանրապետութեան արեւելեան սահմանադռները։

Սիրոյ և համերաշխութեան «յեղափոխութեամբ» պետութեան ղեկը ձեռք առած այս վարչախումբը, երկու տարուան ընթացքին հայ ժողովուրդին մէջ սերմանեց ատելավառութիւն, երկպառակոուոթիւն, թշնամութիւն եւ ստոյգ կործանման եզրին հասցուց հայոց պետականութիւնը։ Այս խմբաւորումը պետական իր ողջ գործունէութեան ընթացքին ցուցաբերեց քաղաքական ու դիւանագիտական անատակութիւն, որովհետեւ անակարող եղան գործադրելու իրենց իսկ խմբագրած Ազգային անվտանգութեան հայեցակարգը, որովհետեւ ձախողեցան ձեւաւորել նոյնինքն այդ հայեցակարգի հիմնարար արժէքներու կիզակեդրոնը հանդիսացող Արցախի պաշտպանա-անվտանգային համակարգը։

Պատերազմէն ետք, անցնող ժամանակահատուածին, սեփհական իշխանութիւնը վերարտադրելու նպատակով, գահամոլութեան տենդով տարուած անոպայ ղեկավարն ու քաղաքականապէս թերաճ իր վարչախումբը՝ պետութիւնը նուաստացուցին եւ ազգը հայրենազրկման ենթարկեցին։ Առանց արեան հեղման 2018ի իշխանափոխութենէն երկու տարի ետք՝ հեղուեցաւ հազարաւոր հայ զինուորներու արիւնը։ Փաշինեան եւ իր խմբակիցները, պէտք է ըմբռնեն ու հասկնան, որ թաւշեայ յեղափոխութիւնը ոչ միայն աւարտած է, այլե՛ւ՝ մսխուած է, կորստաբեր քաոսի մէջ տեղադրելով ազգն ու պետութիւնը։ Պէ՛տք է գիտակցին, որ կեղծիքներով խորտակած են հանրապետութեան հիմնասիւները ու թիզ առ թիզ կազմաքանդման հունի մէջ դրած են երկրի սահմանները։

Առաջին Հանրապետութենէն 100 տարի ետք, Արցախեան պատերազմի աշխարհաքաղաքական ենթախորքը գրեթէ մնացած է նոյնը։ Ինչպէս 1918 թուականին, այսօր նոյնպէս, Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական հիմնական ուղղութիւնն է Զանգեզուրի եւ Արցախի տարածքներով միանալ Նախիջեւանին՝ ճանապարհ հարթելով դէպի Թուրքիա։ Ատրպէյճանի նպատակն էր անէացնելով Մեղրիի տարածքը՝ վերջնականօրէն սահմանային կամուրջ ստեղծել Նախիջեւանի հետ։ Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզին մէջ ատրպէյճանական հայկական տարածքներ կորզելու ամէնօրեայ ճիգերը կը հետապնդեն այս նպատակը. տկարացնել, արնաքամ ընել եւ հայաթափել Սիւնիքը։

Այսօր, արտաքին և ներքին սպառնալիքներէ մեր պետականութեան կայուն զարգացումը ապահովելու եւ ազգային շահերու պաշտպանուածութիւնը կենսագործելու համար, օրուան հրամայական է ամրագրելու Հայաստանի ազգային անվտանգութեան համակարգը՝ քաղաքական, տնտեսական, ռազմական եւ տեղեկատուական բնագաւառներէն ներս։

ժամանակն է ձեւաւորելու Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու արդիականացման ուղին, ժամանակն է, ազգովին ինքնակազմակերպուելու, համահայկական ներուժը վերադասաւորելու, հայ ժողովուրդի ռազմունակութիւնը վերընձիւղելու ու յաղթանակ կերտելու հոգեկերտուածքը վերահաստատելու, որպէսզի վերջնականապէս իրագործենք Առաջին Հանրապետութեան կերտիչներու անյեղաշրջելի տեսլականը՝ աշխարհագրականօրէն միաւորուած Հայաստանը։

Խմբագրական «Հորիզոն»ի

հorizonweekly.ca/en/առաջին-հանրապետութեան-կերտիչներու-ա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail