Ազրպէյճանը Պատրաստ Է Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Ստորագրութեան Համար Հայաստանի Հետ Բանակցութիւններու Սկսելու
04 ՅՈՒՆԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
Մինչեւ որ պարոն Ալիեւի պէս մտածողները կը կարծեն որ շրջանի անվտանգութեան եւ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելը խաղաղութիւն պիտի պարգեւէ շրջանին վատաբար կը սխալին – Նախ ձեզի շնորհուած հայերու նախահայրերուն հողերը վերադարձուին իրաւատերերուն, այն ժամանակ կը մտածեն հայերը խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու մասին:
– lousavor-avedis.org/
«Ազրպէյճանը Պատրաստ Է Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Ստորագրութեան Համար Հայաստանի Հետ Բանակցութիւններու Սկսելու, Սակայն Հայաստանը Տակաւին Չէ Արձագանգած» Կ՛ըսէ Ալիեւ
2 յունիսին Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը` մանրամասնելով, որ զրոյցի ընթացքին երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացումէն զատ անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութեան ստորագրութենէն ետք շրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման:
Միշել Եւրոպական Միութեան անունով պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանագծման ու սահմանազատման հոլովոյթի մեկնարկին` կողմերուն կոչ ուղղելով թափանցիկութեան պայմաններուն մէջ համագործակցելու այն հարցերուն շուրջ, որոնք կ՛առնչուին պահուող անձերուն, ականազերծման եւ այլ մարդասիրական հարցերուն:
Ալիեւ իր կարգին նշած է, որ Ազրպէյճան պատրաստ է խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան համար Հայաստանի հետ բանակցութիւններու սկսելու, սակայն Հայաստանը տակաւին չէ արձագանգած այդ կոչին:
Շարլ Միշել կողմերուն կոչ ուղղած է կառուցողական միջավայրի մէջ;
www.aztagdaily.com/archives/510966