ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՔԱՐՏԷՍԻ ՄԸ ՀԵՏՔԵՐՈՎ – Իւրայատուկ եւ վիթխարի գործ մըն է մեծ խնամքով պատրաստուած Մարտիրոս Խրանեանի քարտէսը
01 ՅՈՒՆԻՍ 2021 –
Իւրայատուկ եւ վիթխարի գործ մըն է մեծ խնամքով պատրաստուած Մարտիրոս Խրանեանի քարտէսը, որ ամենայն բծախնդրութեամբ կը նկարագրէ Արեւմտահայաստանի քաղաքներն ու գիւղերը, գետակներն ու լճակները։
1922-ին ձեռքով գծուած այս գործը իսկական գանձ մըն է եւ դեռ աւելի՛ն փաստ մը, որ այդ տարածաշրջանին բնակիչները մենք՝ հայորդիներն ենք։
Խրանեան ծնած է Վան։ Ան դասաւանդած է Վարագավանքէն ներս։ Քարտէսներու պատրաստութեան մէջ մասնագիտացած, ան նաեւ պատրաստած է Վանի պաշտպանութեան քարտէսը, որուն նմանօրինակը վերստին պատրաստած է Մաթիու Քարանեան (Խրանեան գերդաստանի ներկայ սերունդէն՝ քեռորդին)։
Խրանեանի գործերէն ամենէն աւելի հին եւ մեծն է ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ի տրամադրութեան տակ գտնուող քարտէսը։
«Տարիներ շարունակ, երբ որ կը գտնուէի ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ի չորրորդ յարկ, շարունակ կիզակէտս կ՛ըլլար այդ վիթխարի քարտէսը, որ զիս կը փոխադրէր անցեալ՝ նախահայրերուս ծննդավայրը։ Կը փորձէի նկարել, նոյնիսկ կատարելագործուած բարձր մակարդակի լուսանկարչական մեքենայ գործածելով, սակայն գործին լայնատարածութիւնն ու յատկապէս ապակեպատ ըլլալը պատճառ կը դառնար, որ շարունակ ձախողէի։
Եւ դեռ աւելին, արդէն իսկ խոնաւութիւն ստացած էր եւ որոշ մաս մը՝ բաւական մը վնասուած», – կը յայտնէ Հ․Յ․Դ ․ արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ճորճ Աղճայեան, որ յատուկ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ նմանօրինակ գործերու։
Միշտ ալ պահելով իր հետաքրքրութիւնը, 2020-ի սկիզբները Աղճայեան կապ հաստատեց Լեւոն Աւտոյեանի (Ուաշինկթընի Քոնկրէսի գրադարանի մասնագէտ, այժմ
Հանգստեան կոչուած) հետ եւ արծարծեց այդ քարտէսի վերանորոգման նիւթը։ Աւտոյեան յանձնարարեց կապ հաստատել Պոսթընի Հարվըրտ համալսարանի քարտէսի բաժանմունքին մէջ մասնագիտացած գրադարանին (Harvard Map Library) հետ, որուն պատասխանատուներէն՝ Լուիզ Պաթիսթ մօտէն հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց։ Ան նկատեց, թէ այս քարտէսը որքան կարեւոր էր եւ մեծ խանդավառութեամբ կատարեց վերանորոգման պարտականութիւնը։
«Պռկուած վիճակի մը մէջ կը գտնուէի։ Երկար ժամանակէ ի վեր այդ պատին վրայ կախուած, քարտէսը պիտի հեռանար ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ի շէնքէն», – կ՛աւելցնէ Աղճայեան, որ շարունակ կապ հաստատեց Լուիզ Պաթիսթի հետ։
Բծախնդրօրէն եւ մանրամասնօրէն գործելով, ոչ մէկ վնաս կրեց այս քարտէսը։
Խրթին եղաւ վերանորոգման գործընթացը, մանաւանդ, որ Պսակաձեւ ժահրին պատճառով ամեն բան դժուարացած էր։ Քիմիական բաղադրիչներ ամէնայն հմտութեամբ գործածուեցան։ Հարվըրտ համալսարանի լուսանկարչական բաժնի (Photography Services department of Widener Library) պատասխանատուներէն՝ Ռապըրթ Զինք մասնագիտական ոսպնեակներով օժտուած լուսանկարչական մեքենայով ութ օրինակներ պատրաստեց այս քարտէսէն։
Վերանորոգուած քարտէսը արդէն վերադարձած է ՀԱՅՐԵՆԻՔ եւ մօտ ապագային պիտի առնուի շրջանակի։
Այս վերանորոգման աշխատանքը կարելի եղաւ իրագործել, շնորհիւ Ամերիկայի Հայ Մշակութային Ընկերակցութեան եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան։ Իսկ այս քարտէսին թուայնացաց օրինակը կարելի է ունենալ, նաեւ մուտք գործելով «Յուշամատեան» կայքէջ։
hairenikweekly.com/2021/06/01/47140