«Պատրաստ Ենք Ապագային Ռուսիոյ Հետ Հաղորդակցելու, Եթէ Իր Ներկայ Գործելաոճը Փոխէ» Կ՛ըսէ Պլինքըն
08 ՅՈՒՆԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է ապագային հաղորդակցելու Ռուսիոյ հետ, եթէ Մոսկուան փոխէ իր ներկայ գործելաոճը:
«Նախագահ Ճօ Պայտըն մէկ շաբաթէն հանդիպում պիտի ունենայ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, եւ յստակօրէն եւ ուղղակի կերպով պիտի ըսէ այն, ինչ որ Միացեալ Նահանգները կրնան ընել, եթէ մեր դէմ անպատասխանատու թշնամական արարքները շարունակուին», ըսաւ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:
«Պայտըն նոյնքան յստակ պիտի դարձնէ, որ եթէ Ռուսիան իր գործելաոճին մէջ այլ ուղի ընտրէ, ապա աւելի կայուն յարաբերութիւն կը նախընտրենք», յայտնեց Պլինքըն:
«Ատիկա օգտակար պիտի ըլլայ մեր եւ ռուս ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ ամբողջ աշխարհին, ռազմավարական կայունութեան եւ զէնքերու ճշդման: Պէտք է առիթը տրուի, եւ լաւագոյն առիթը երկու նախագահներուն դէմ առ դէմ հանդիպումն է», աւելցուց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը:
www.aztagdaily.com/archives/511436