Ռիքըր Վերահաստատեց Հայաստանի Սահմանէն Ազրպէյճանի Զինուած Ուժերը Հեռացնելու Ամերիկեան Դիրքորոշումը
11 ՅՈՒՆԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնականի պաշտօնակատար Ֆիլիփ Ռիքըր պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի Հայաստան:
Ան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին քննարկեց երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր:
Ֆիլիփ Ռիքըր հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ են ամրապնդելու գործընկերութիւնը Հայաստանի հետ` հիմնուելով ընդհանուր ժողովրդավարական արժէքներուն վրայ:
Ռիքըր վերահաստատեց, որ Միացեալ Նահանգները` իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահ, պատրաստ են իրենց մասնակցութիւնը բերելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ բանակցային լուծման հարցին մէջ եւ շարունակելու պահանջել հայ ռազմագերիներու ու գերեվարուածներու վերադարձը:
Ամերիկեան կողմը ընդգծեց Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին տիրող իրավիճակի լարուածութեան թուլացման անհրաժեշտութիւնը` վերահաստատելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան 27 մայիսի յայտարարութեամբ ամրագրուած դիրքորոշումը, որուն համաձայն, Ազրպէյճանի զինուած ուժերը պէտք է ետ քաշուին 11 մայիսի դրութեամբ տեղակայուած դիրքեր:
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը տեղեկացուց, որ Ֆիլիփ Ռիքըր այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ուր յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին` Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին անունով ծաղկեպսակ զետեղելով անմար կրակին շուրջ:
www.aztagdaily.com/archives/511879