
Էրտողանի Հետ Պիտի Խօսինք Լեռնային Ղարաբաղի, Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջսահմանային Տագնապին Մասին – Կ՛ըսէ Մաքրոն
11 ՅՈՒՆԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարած է, որ մտադիր է Լեռնային Ղարաբաղի հարցը քննարկել Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
«Մենք պիտի խօսինք Սուրիոյ, Լիպիոյ, Ղարաբաղի, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապին մասին», ըսած է ան Փարիզի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
Բացի ատկէ, Մաքրոն յստակացուցած է, թէ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովէն առաջ, որ նախատեսուած է 14 յունիսին:
www.aztagdaily.com/archives/512069





