ՏԱՀԵՇ-իՆ Պիտի Չարտօնենք Շարժիլ Դէպի Թուրքիոյ Սահմանները» Կ՛ըսէ Էրտողան

Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան

16 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ «ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման պիտի չարտօնենք շարժիլ դէպի Թուրքիոյ սահմանները»` նշելով. «Թուրքիան կը դիմակայէ ահաբեկչական խմբաւորումները ճիշդ ինչպէս պետութիւններուն մեծամասնութիւնը նոյն պահուն կը դիմակայէ այդ խմբաւորումները»:

Անդրադառնալով Պոլսոյ Սուլթան Ահմեթ շրջանին մէջ անձնասպանական գործողութեան` Էրտողան յայտնեց. «Մեր ապահովական ուժերը շրջանները ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման անդամներէն մաքրելու գործողութիւններ կը կատարեն»:

«Քաղաքականութիւն վարելը իշխելու օրինական ու միակ ուղին է, եւ ահաբեկիչներուն պիտի չարտօնենք քայքայել մեր քաղաքացիներուն անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը», ըսաւ Էրտողան:
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

erdoghan 4 drapeau

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail