Փաշինեանի Խոստումներուն Վեցամսեայ Ճամբու Քարտէսը. Իրականացուածը Եւ Չիրականացուածը

Armenian churches and monuments of Artsakh under Azerbaijani occupation are destroyed ISIS-style

Փաշինեանի Խոստումներուն Վեցամսեայ Ճամբու Քարտէսը. Իրականացուածը Եւ Չիրականացուածը

17 ՅՈՒՆԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

18 Նոյեմբեր 2020ին, Արցախի պատերազմի աւարտէն քանի մը օր ետք, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրապարակեց իր կողմէ տրուած խոստումներու ճամբու քարտէսը, հետագայ վեց ամիսներուն համար: Վարչապետը նաեւ խոստացաւ՝ «Յունիս 2021ին հանդէս կու գամ ճամբու քարտէսի իրագործման հաշուետուութեամբ, որուն արդիւնքներուն մասին հանրային կարծիքն ու արձագանգը նկատի ունենալով՝ որոշում կու տանք հետագայ ընելիքներուն մասին»:

Հիմա, երբ վարչապետին 15 խոստումներու ճամբու քարտէսէն անցած է եօթը ամիս, ես կ՛ուզէի ուսումնասիրել անոր յաջողութիւնները եւ ձախողութիւնները: Դժբախտաբար, Փաշինեան չէ կատարած իր ամբողջացուցած աշխատանքներուն մասին զեկուցելու յատուկ խոստումը՝ ի կատարումն տուած խոստումներուն: Այս զեկոյցը շատ օգտակար կ՛ըլլայ Հայաստանի մէջ ընտրողներուն համար, որպէսզի անոնք որոշեն, թէ որուն աջակցին 20 Յունիս 2021ին տեղի ունենալք խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն, որոնց հիմամբ պիտի որոշուի յաջորդ վարչապետը:

Փոխադարձ մեղադրանքներու եւ վիրաւորանքներու մէջ ներգրաւուելու փոխարէն, զանազան կուսակցութիւններ պէտք է անդրադառնային Փաշինեանի թէ՛ իրականացուցած, թէ՛ չիրականացուցած խոստումներու կարեւոր հարցին: Նոյեմբեր 2020ին ան ըսաւ, որ ինքզինք կը նկատէ «ստեղծուած վիճակի թիւ մէկ պատասխանատուն: «Իրավիճակը յաղթահարելու եւ երկրին մէջ կայունութիւն ու ապահովութիւն հաստատելու հիմնական պատասխանատուն նոյնպէս ես եմ», ըսաւ ան:

Այժմ տեսնենք, թէ վարչապետը արդեօք իսկապէս յաջողա՞ծ է «յաղթահարել պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը» եւ «երկրին մէջ կայունութիւն եւ աապահովութիւն հաստատել»:

Ահա՛ Փաշինեանի առաջին խոստումը. «Ղարաբաղի հարցով բանակցային գործընթացի վերականգնում՝ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան որոշած ձեւով եւ չափով, Արցախի կարգավիճակի եւ արցախցիներուն՝ իրենց բնակութեան վայրերը վերադառնալու հարցին առաջնահերթութեան ընդգծումով»: Իմ կարծիքով, այս խոստումը հիմնականին մէջ իրականացած չէ, որովհետեւ Մինսքի խումբը արդիւնք չի տար պայքարը լուծելու հարցով: Արցախի կարգավիճակը լուծուած չէ: Ատրպէյճան կ՛անտեսէ Մինսքի խումբը, որովհետեւ Արցախի հարցը կը նկատէ ուժի ճամբով լուծուած հարց: Ռուսիա կը կարծէ, որ կարգավիճակը ապագայի հարց է: Գաղթականներուն մեծ մասը վերադարձած է Արցախ, թէեւ քանի մը հազարը տակաւին Հայաստանի մէջ է:

Փաշինեանի 2րդ խոստումը. «Ապահովել արցախցիներուն վերադարձը իրենց հայրենի օճախները: Ամբողջութեամբ վերականգնել Արցախի բնականոն կեանքը: Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու վնասուած տուներու, բնակարաններու եւ ենթակառուցուածքներու վերականգնում»։ Դժբախտաբար, մինչեւ այսօր չէ վերականգնած Արցախի մէջ բնականոն կեանքը, որովհետեւ հազարաւոր մարդիկ կորսնցուցած են իրենց տուները, որոնք կը գտնուին Ատրպէյճանի գրաւած տարածքներուն մէջ:

Մնացեալներուն տուները աւերուած կամ վնասուած են: Արցախցի գաղթականներուն մեծ մասը վերադարձած է Հայաստանէն: Արցախի իշխանութիւնները վերականգնած են ենթակառոյցներուն մէկ մասը: Հիմնականին մէջ, ասիկա նոյնպէս չիրականացուած խոստում մըն է:

Փաշինեանի 3րդ խոստումը. «Զոհուած զինուորականներու եւ քաղաքացիներու ընտանիքներու ընկերային երաշխիքներու ապահովում»։ Այս խոստումը հիմնականին մէջ իրականացուած է:

Փաշինեանի 4րդ խոստումը. «Պատերազմական գործողութիւններու ընթացքին Հայաստանի տարածքին տուժած բնակելի եւ հանրային կառոյցներու եւ ենթակառոյցներու վերականգնում»: Հայաստանի ներսը մեծ վնասներ չեն եղած։ Այսուամենայնիւ, կառավարութիւնը նիւթական օգնութիւն տրամադրած է սահմանամերձ որոշ գիւղերու բնակիչներու, որոնք կորսնցուցած էին իրենց տուները: Հիմնականին մէջ իրականացած է:

Փաշինեանի 5րդ խոստումը. «Հաշմանդամութիւն ստացած զինուորական ծառայողներու ընկերային երաշխիքներու, մարմինի արհեստական անդամներու տեղադրման գործընթացի եւ մասնագիտական վերապատրաստման ապահովում»։ Ասոնց մէկ մասը կատարուած է՝ մասամբ նաեւ սփիւռքահայ բժիշկներու օգնութեամբ: Ոչինչ կը նշուի հազարաւոր վիրաւոր զինուորներու եւ խաղաղ բնակիչներու խնամքին մասին, մինչ անոնց մէկ մասը դեռ կը սպասէ բուժման: Խոստումը հիմնականին մէջ իրականացած է:

Փաշինեանի 6րդ խոստումը. «Գերի տարուած զինուորականներու եւ քաղաքացիներու շուտափոյթ վերադարձ: Անոնց ընտանիքներու ընկերային երաշխիքներու ապահովում: Անհետ կորածներու ճակատագիրներու շուտափոյթ պարզաբանում: Անոնց ընտանիքներու ընկերային երաշխիքներու ապահովում»: Մօտաւորապէս 200 գերի տարուած հայ զինուորներէն եւ խաղաղ բնակիչներէն քանի մը տասնեակը վերադարձուած է, թէեւ ոչ «շուտափոյթ»: Փաստօրէն, պատերազմէն ի վեր, Ատրպէյճան գերի տարած է 70 հայ ռազմագերիներ եւս: Անյայտ կորած զինուորական ծառայողներու ճակատագիրը եւ թիւը ցարդ կը մնան անորոշ: Անյայտ կորածներու ընտանիքները փոխհատուցում ստացած են: Խոստումը հիմնականին մէջ չէ իրականացած:

Փաշինեանի 7րդ խոստումը. «Պատերազմին մասնակցած մարդոց եւ ընդհանուր առմամբ հանրութեան հոգեբանական վերականգնման համակարգի ձեւաւորում»: Ասիկա հիմնականին մէջ չիրականացած խոստում է, յատկապէս՝ «ընդհանուր հանրութեան» առումով:

Փաշինեանի 8րդ խոստումը. «Զինուած ուժերու բարեփոխումներու ծրագիրի հաստատում եւ բարեփոխումներու մեկնարկ»: Խօսուած է միայն բարեփոխումներու մասին, բայց ոչ մէկ իրական բարեփոխում կատարուած է: Խոստումը չէ իրականացած:

Փաշինեանի 9րդ խոստումը. «Թագաժահրի համաճարակի յաղթահարում եւ հետեւանքներու վերացում»: Թագաժահրի դէմ պայքարի կառավարութեան միջոցները յանգեցուցած են աղէտի: Նոյնքան աղէտալի էր չափազանց ուշ եւ դանդաղ պատուաստումներու գործընթացը: Մինչեւ այսօր, թագաժահրի համաճարակէն մահացած են 4 հազար 488 անձեր, վարակուած են 223 հազար 723 ուռիշներ: Ժահրէն մահացածները աւելի են, քան պատերազմին զոհուածները: Ձախողած խոստում:

Փաշինեանի 10րդ խոստումը. «Տնտեսական աշխուժութեան միջավայրի վերականգնում»: Տնտեսական գործունէութիւնը Հայաստանի, ինչպէս եւ ամբողջ աշխարհի մէջ, անմխիթար վիճակի մէջ է: Չիրականացուած խոստում:

Փաշինեանի 11րդ խոստումը. «Ժողովրդագրական հարցերու լուծման ծրագիրներու աշխուժացում»: Չիրականացուած խոստում մը եւս: Այս առումով ոչ մէկ յառաջընթաց կայ: Ընդհակառակն, արտագաղթը աճած է:

Փաշինեանի 12րդ խոստումը. «Ընտրական օրէնսգրքի փոփոխութիւններու եւ կուսակցութիւններու մասին նոր օրէնքի սահմանում»: Ընտրական օրէնսգիրքը փոփոխութեան ենթարկուած է. որոշ փոփոխութիւններ կը գործեն շուտով, իսկ միւսները՝ յառաջիկայ տարուընէ սկսեալ: Ընտրական նոր գործընթացը այնքան բարդ է, որ Հայաստանի ներսը եւ անոր սահմաններէն դուրս մարդոց մեծ մասը շփոթութեան մէջ է: Փոփոխութիւն եղած է կուսակցութիւններու նիւթական հովանաւորութեան մասին օրէնքին մէջ: Խոստումը հիմնականին մէջ կատարուած է:

Փաշինեանի 13րդ խոստումը. «Մասնագիտացուած դատաւորներու հիմնարկի ներդրում՝ իբրեւ փտախտի դէմ դատարանի ստեղծման առաջին քայլ: Ապօրինի գոյքի բռնագրաւման օրէնքի կիրարկման մեկնարկ»: Յառաջընթաց արձանագրուած է փտախտի դէմ պայքարին համար մասնագիտացուած դատաւորներու հիմնարկին ուղղութեամբ: Կը մնայ պարզել, թէ այդ մէկը արդեօք կ՛ազդէ՞ փտախտի վերացման վրայ: Խոստումը հիմնականին մէջ իրականացած է:

Փաշինեանի 14րդ խոստումը. «Հայաստանեան քաղաքական եւ քաղաքացիական համայնքի ներկայացուցիչներու հետ թեմաթիք մնայուն խորհրդատուութիւններու կազմակերպում»: Վարչապետին եւ քանի մը կուսակցութիւններու միջեւ տեղի ունեցած են յստակ խորհրդակցութիւններ, թէեւ նման խորհրդակցութիւններ եղած են ըստ կամս, այլ ոչ թէ մնայուն դրութեամբ: Ոչ մէկ հանդիպում տեղի ունեցած է քաղաքացիական հասարակական կազմակերպութիւններու հետ: Խոստումը հիմնականին մէջ չէ իրականացած:

Փաշինեանի 15րդ խոստումը. «Սփիւռքի հայկական կառոյցներու եւ առանձին անհատներու հետ թեմաթիք մնայուն խորհրդակցութիւններու կազմակերպում: Հայաստանեան եւ Սփիւռքի առանձին անհատներու եւ կառոյցներու ներգրաւում վերոնշեալ գործընթացներուն մէջ»: Ասիկա կատարեալ ձախողութիւն էր: Խոստումը չէ իրականացած: Սփիւռքահայ կազմակերպութիւններու եւ անհատներու հետ ոչ մէկ ատեն, առաւել եւս՝ մնայուն կերպով խորհրդատուութիւն եղած է: Հակառակ վարչապետին տուած բազմաթիւ խոստումներուն, ան չէ ձեռնարկած քայլերու, բարեփոխելու համար այն օրէնքները, որոնք սփիւռքահայերուն կ՛արտօնեն բարձր պաշտօններ ստանձնել կառավարութեան մէջ: Ան նաեւ չէ ծրագրած օգտագործել սփիւռքահայերու փորձառութիւնը եւ գիտելիքները, բացառութեամբ այն պարագաներուն, երբ խօսքը կը վերաբերի նուիրատուութիւններ հաւաքելուն՝ անոնց ծախսերուն մասին փոքր հաշուետուութիւններով:

Վարչապետը ունի hիմնականին մէջ իրականացած 5 խոստումներ. հիմնականին մէջ չիրականացած 5 խոստումներ եւ չիրականացած 5 խոստումներ: Դո՛ւք դատեցէք:

մ կարծիքով, Հայաստան ունի հիմնական երկու հարցեր, զորս կարելի եղածին չափ շուտ պէտք է լուծէ. 1) անյապաղ պէտք է զօրացնէ զինուած ուժերը. 2) պէտք է ընտրէ արհեստագիտութեան մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն մը, որ օժտուած ըլլայ ղեկավարելու որակով եւ փորձառութեամբ, փլուզման եզրին կանգնած երկիրը կարենալ կառավարելու համար:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail