
16 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի դատապարտեց Տիգրանակերտի մէջ ՔԱԿ-ի կատարած ականահարումը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց «ահաբեկչական պայթումի զոհերուն ընտանեկան պարագաներուն եւ բարեկամներուն»:
Քըրպի նշեց. «Թուրքիան մեզի բարեկամ ու ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիր է, եւ մենք պիտի շարունակենք անոր եւ թուրք ժողովուրդին կողքին կանգնիլ ընդդէմ ահաբեկչական լուրջ սպառնալիքներուն, զորս կը դիմագրաւեն իրենց հողերուն վրայ»:
Յիշեցնենք, որ ՔԱԿ Տիգրանակերտի մէջ ականահարած էր ոստիկանութեան կեդրոն մը եւ այդ կեդրոնին պատկանող շէնք մը, ինչ որ պատճառ դարձած էր 6 զոհերու եւ 39 վիրաւորներու, որոնց շարքին` 6 ոստիկաններ:
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com





