
16 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան 15 յունուարին ընդունած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը:
Ղարաբաղի նախագահի պաշտօնական կայքին համաձայն, հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են բանակաշինութեան եւ այդ մարզին մէջ համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Ըստ Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան, հանդիպման մասնակցած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան:
Բակօ Սահակեան. «Բանակը Լեռնային Ղարաբաղի Անկախութեան Եւ Անվտանգութեան Հիմնական Երաշխաւորն Է»
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան պաշտպանութեան բանակի ռազմական խորհուրդի նիստին յայտարարած է, որ պաշտպանութեան բանակը միշտ եղած է եւ կը մնայ Ղարաբաղի անկախութեան, անվտանգութեան եւ բնականոն զարգացման հիմնական երաշխաւորը` ամենայն պատասխանատուութեամբ իրականացնելով իր բարձր առաքելութիւնը որեւէ պայմաններու մէջ: Ան դիտել տուած է, որ շրջանին եւ աշխարհին մէջ ռազմաքաղաքական իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ բարդ ու լարուած, ինչ որ պատճառ կը դառնայ նաեւ ռազմավարական բնոյթի նոր խնդիրներու ստեղծման:
Նախագահ Սահակեան յստակ յանձնարարականներ տուած է պաշտպանութեան նախարարին ու բանակի բարձրագոյն սպայական անձնակազմին` զինուած ուժերուն առջեւ ծառացած խնդիրներու պատշաճ լուծման ուղղութեամբ:
Նիստը յատկացուած էր պաշտպանութեան բանակին 2015 թուականի արդիւնքներու ամփոփման եւ 2016 թուականին կատարուելիք աշխատանքներուն:
Ըստ նախարարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան, անդրադառնալով բանակաշինութեան հոլովոյթին, Սահակեան 2015 թուականին իրականացուած աշխատանքները բաւական գնահատելի նկատած է:
Նիստին մասնակցած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Եուրի Խաչատուրով, ինչպէս նաեւ պաշտօնատար այլ անձեր:
Օհանեան Եւ Խաչատուրով Այցելած Են Զօրամիաւորներ
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան եւ Հայաստանի բանակի ընդհանուր հրամանատար հազարապետ-զօրավար Եուրի Խաչատուրով կը շարունակեն շաբաթասկիզբին սկսած բանակային զօրամիաւորումներ եւ զօրակայաններ կատարած իրենց աշխատանքային այցելութիւնները:
Առաջին եւ չորրորդ բանակային զօրամիաւորումներուն մէջ տեղի ունեցած ռազմական խորհուրդի նիստերուն ամփոփուած են 2015 թուականի ուսումնական տարուան աշխատանքները: Հաշուետու զեկուցումներով ու ելոյթներով հանդէս եկած են զօրամիաւորումներու հրամանատարներն ու անոնց տեղակալները` ներկայացնելով զօրամիաւորումներու մարտական պատրաստութիւնը, զինուորական կարգապահութիւնը, անձնակազմի բարոյահոգեբանական վիճակը, առկայ խնդիրներն ու բարելաւման ուղիները, ինչպէս նաեւ մարտական հերթապահութեան կազմակերպումն ու իրականացումը:
Անդրադարձ կատարուած է մարտական պատրաստութեան վերաբերող նախաձեռնութիւններուն, վարժանքներուն ու տարաբնոյթ ռազմափորձերուն, դաստիարակչական, կարգապահութեան ամրապնդման ուղղուած խնդիրներուն, անձնական յարաբերութիւններուն, երբեմն արձանագրուող անբաղձալի երեւոյթներուն եւ այդ ուղղութեամբ գործադրուող կանխարգելիչ քայլերուն:
Զօրամիաւորումներուն մէջ շարունակուած են մարտական ու զօրահաւաքային պատրաստականութեան, մարտական պատրաստութեան, զինուորական կարգապահութեան մակարդակի բարձրացման, սպառազինութեան եւ զինուորական համակարգի արդիականացման աշխատանքները: Իրականացուած են մարտական հերթապահութեան բարելաւման կարեւոր գործողութիւններ: Երկու զօրամիաւորումներուն մէջ ալ 2015-ին գործադրուած են ուսումնական ծրագիրով նախատեսուած բոլոր նախաձեռնութիւնները:
Պաշտպանութեան նախարարը եւ բանակի հրամանատարը նշած են, որ այն դրական դրսեւորումները, որոնք արձանագրուած են տարուան ընթացքին, պէտք է ուղենիշ ըլլան, իսկ որոշակի բացթողումները ուղղելու համար հետեւողական աշխատանքի կարիք կայ:
Ամփոփելով ռազմական խորհուրդի նիստերուն արդիւնքները` Սէյրան Օհանեան ըսած է, որ բարձրացուած բոլոր հարցերը անմիջականօրէն կ՛առնչուին բանակին մարտունակութեան: Բանակը իր պարտականութիւնը կը կատարէ` նախ եւ առաջ ամուր պահելով սահմաններուն անառիկութիւնն ու ապահովելով ժողովուրդին անվտանգութիւնը:
Նախարարը տուած է համապատասխան ցուցումներ որոշ թերացումներն ու բացթողումները վերացնելու համար, միաժամանակ նախանշած են քանի մը ուղղութիւններ, որոնց հիման վրայ պէտք է աշխատանքներ տարուին:
Նիստերուն ընթացքին կարգ մը զինուորներ արժանացած են պարգեւներու` մարտական պատրաստութեան բարձր մակարդակի եւ բարեխիղճ ծառայութեան համար:
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com





