Դիւանագէտ Դարձայ՝ Ի Հեճուկս Հայկական Կազմակերպութեան. Չաւուշօղլու
23 ՅՈՒՆԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, որ վերջին շրջանին կը խօսի Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու մասին, հերթական անգամ հանդէս եկած է հակահայկական յայտարարութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Haber7-ը։
Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովին ծիրէն ներս երիտասարդներու հետ հանդիպած Չաւուշօղլուն պատմած է, թէ ինչու եւ ինչպէս դարձած է դիւանագէտ։ Ըստ պատմածին՝ դիւանագէտի մասնագիտութիւնը ան ընտրած է՝ ի հեճուկս հայկական կազմակերպութեան, որ աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ կ՝ոչնչացնէ թուրք դիւանագէտները։ Չաւուշօղլուն ակնյայտօրէն ակնարկած է ASALA-ի վրէժխնդրական գործողութիւններուն մասին, որոնք միտուած էին Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի միջազգայնացման:
ASALA – ArmenianSecret Army for the Liberation of Armenia
ՀԱՀԳԲ – Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ
«Երբ դպրոցական էի, հայկական ահաբեկչական կազմակերպութիւնը յարձակումներ կը գործէր մեր դիւանագէտներուն վրայ, զոհեր կու տայինք: Ես ալ, ի հեճուկս անոնց, որոշեցի դառնալ դիւանագէտ եւ սկսայ սորվիլ միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքին մէջ»,- պատմած է Չաւուշօղլուն։
Ան, սակայն, ոչ մէկ բառ խօսած է ASALA-ի գործողութիւններու դրդապատճառներուն, Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Անգարայի ժխտողական քաղաքականութեան մասին։ Պարզապէս հերթական անգամ թուրք հասարակութեան ու յատկապէս երիտասարդութեան մէջ ատելութիւն սերմանած է հայերուն հանդէպ։
yerakouyn.com/2021/06/23/դիւանագէտ-դարձայ՝-ի-հեճուկս-հայկական/