Միացեալ Նահանգներուն Կոչ Ուղղելով Անհետեւանք Չձգելու Ազրպէյճանի Քայլերը` «Պատերազմական Գերիները Հետապնդելը Միջազգային Ուխտերու Կոպիտ Խախտում Է» Կ՛ըսէ Շիֆ
26 ՅՈՒՆԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝ :
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան անդամ Էտըմ Շիֆ իր դիմատետրեան էջին վրայ անդրադարձած է Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ պատերազմական գերիներուն եւ անոնց դէմ սկսած դատական գործերուն:
Դեմոկրատական քոնկրեսականը ահազանգած է մարդու իրաւունքներու խախտման մասին:
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տագնապէն ետք Ազրպէյճանի կողմէ մարդու իրաւունքներու շարունակական ոտնահարումը անընդունելի է: Պատերազմական գերիները հետապնդելը միջազգային ուխտերու կոպիտ խախտում է եւ Ազրպէյճանի կողմէ մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային իրաւունքի կոպիտ անտեսման հետագայ վկայութիւն:
«Մենք կը շարունակենք աշխատիլ հայ պատերազմական գերիներու անյապաղ ազատ արձակման ապահովման ուղղութեամբ, Միացեալ Նահանգները պէտք է անհետեւանք չձգեն Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուող գործողութիւնները եւ դարձեալ գործի դնեն այն արգելքը, որով չ՛արտօնուիր Միացեալ Նահանգներու կողմէ ռազմական աջակցութիւնը Պաքուի վարչակարգին: Մենք պէտք չէ արտօնենք, որ Ազրպէյճանը անպատիժ խախտէ մարդու իրաւունքները եւ ոտնահարէ միջազգային արժեչափերը», գրած է Շիֆ:
www.aztagdaily.com/archives/513639