Ազրպէյճանի Նախագահը Հայերու Նկատմամբ Նեղճակատ Ազգայնականութիւն Կը Ցուցաբերէ. Զատուլին
25 ՅՈՒՆԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝ :
Պաքուն կը ձգտի Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մէջ սահմաններու սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացին մէջ որքան հնարաւոր է շատ զիջումներ առնել Երեւանէն: Այս մասին, ըստ News.am-ի, Յունիս 24-ին Սոչի-Երեւան տեսակամուրջին ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ Պետական դումայի պատգամաւոր, ԱՊՀ գործերու, եւրասիական ընդելուզման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնաժողովի նախագահի առաջին տեղակալ, ԱՊՀ երկիրներու հիմնարկի ղեկավար Կոնստանդին Զատուլինը:
Միեւնոյն ժամանակ, ռուս պատգամաւորը, Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը որակած է ոչ ամենախելամիտը, քանի որ ազրպէյճանցի զինծառայողները իրենք թափանցած են Հայաստանի տարածք:
«Ի դէպ, անոր առաջնորդը, փաստացի, յարձակումներ կը գործէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի վրայ՝ ցուցաբերելով նեղճակատ ազգայնականութիւն»,- ընդգծած է Զատուլինը:
Խօսելով նախապէս յիշատակուած ճգնաժամը լուծելու Ռուսիոյ ջանքերուն մասին՝ Զատուլինը նշած է, որ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը կը նախընտրէ խնդրի լուծման աւելի մեղմ ձեւ՝ փորձելով ազդել բանակցային գործընթացի բոլոր մասնակիցներուն վրայ:
yerakouyn.com/2021/06/24/ազրպէյճանի-նախագահը-հայերու-նկատմամ/