Ատրպէյճան «Պայրաքտար»ներ Տեղակայած Է Նախիջեւանի Մէջ

The 605-year-old Armenian monastery of Charkhapan Surb Astvatsatsin in present-day Izmit, western Turkey, is abandoned and in disrepair

Ատրպէյճան «Պայրաքտար»ներ Տեղակայած Է Նախիջեւանի Մէջ

28 ՅՈՒՆԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝ :

ԵՐԵՒԱՆ, «Ռազմինֆօ»․- 23 Յունիսին, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը լուսանկարներ հրապարակեց Նախիջեւանի առանձին համազօրային բանակին եւ Թուրքիոյ զինուած ուժերուն 21-23 Յունիսին իրականացուցած ռազմափորձերէն։ Նկարներուն միջոցաւ կարելի կը դառնայ տեսնել, որ Ատրպէյճան Bayraktar TB2 տեսակի անօդաչուներ տեղակայած է Նախիջեւանի վերջերս պաշտօնապէս բացուած ռազմական օդակայանին մէջ։

Ըստ նախարարութեան՝ ռազմափորձերուն ընթացքին Նախիջեւանի խորհրդարանի նախագահ Վասիֆ Թալիպով հանդիպած է Թուրքիոյ մէջ Bayraktar-ներու դասընթացներու հետեւած ենթասպայական անձնակազմին հետ։

Դատելով բաց աղբիւրներու եւ արբանեակային լուսանկարներու վերլուծութենէն, Նախիջեւանի միջազգային օդակայանին կից տեղակայուած ռազմական օդակայանը արդէն իսկ կը շահագործուէր նախքան 2020ի պատերազմը։

Նշենք, որ կառուցուած են ուղղաթիռներու եւ օդանաւերու պահպանման համար ութ սրահներ, կայանատեղիներ, օժանդակ շինութիւններ եւ վերակառուցուած է մէկ թռիչքուղի։

After visiting a 12th century church in occupied Hadrut, Azeri President Ilham Aliyev ordered the removal of medieval inscriptions, calling them “fake” (Video screenshot)

asbarez.am/ատրպէյճան-պայրաքտարներ-տեղակայած/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail