Բռնի Կերպով Սահմաններու Փոփոխութիւնը Պիտի Խախտէ Շրջանի Կայունութիւնը. Թեհրան
28 ՅՈՒՆԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝ :
ՊԱՔՈՒ, «Թուրան»․- Ատրպէյճանի մօտ Իրանի դեսպան սէյիտ Ապպաս Մուսաւի, անդրադառնալով յետ-պատերազմեան փուլին շրջանին մէջ ստեղծուած կացութեան՝ յստակացուց, որ Թեհրան դէմ է սահմաններու փոփոխութեան, այլ ոչ թէ հաղորդակցութեան ուղիներու բացման:
Պատասխանելով «Զանգեզուրի միջանցք»ին վերաբերեալ Թեհրանի մէջ հնչած քննադատութիւններուն մասին լրագրողի մը հարցումին` դեսպանը ըսաւ. «Իրանի մէջ կրնան տարբեր կարծիքներ ըլլալ: Իրանի հոգեւոր առաջնորդի յայտարարութեան մէջ յստակօրէն նշուած է, որ Իրան դէմ է սահմաններու փոփոխութեան, այլ ոչ թէ այդ միջանցքի բացման: Չեմ կարծեր, որ շրջանին մէջ ոեւէ մէկը կողմնակից է սահմաններու բռնի փոփոխութեան: Մենք կողմնակից ենք, որ որեւէ միջանցք գործէ, որեւէ ուղիով` առանց պետութիւններու սահմաններու փոփոխութեան: Նշեալ միջանցքին բացումը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի գործն է: Բռնի կերպով, զինուորական ճամբով սահմաններու փոփոխութիւնը պիտի խախտէ շրջանի կայունութիւնը», ըսաւ դեսպանը:
Ան աւելցուց, որ երկաթուղային ուղիներու բացումը պիտի նպաստէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կապերու եւ համագործակցութեան վերականգնման, ինչպէս նաեւ օգուտներ պիտի բերէ ամբողջ շրջանին:
«Հարաւային Կովկասի երկիրները, ինչպէս նաեւ Ռուսիա, Թուրքիա եւ Իրան պէտք է ամէն ձեւով խթանեն երկաթուղիներու, ինքնաշարժներու եւ այլ հաղորդակցութիւններու բացումը», ըսաւ դիւանագէտը:
asbarez.am/բռնի-կերպով-սահմաններու-փոփոխութիւն/