Երբ Քաղաքական Վհուկներ Կը Հրահրեն Ատելութիւն եւ Անհանդուրժողութիւն – Յ. ՊԱԼԵԱՆ
28 ՅՈՒՆԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Կը բաւէ որ մէկ մարդ ատէ ուրիշ մը, որպէսզի ատելութիւնը քայլ առ քայլ տարածուի եւ գրաւէ համայն մարդկութիւնը:
Ժան-Փօլ Սարթր
Յ. Պալեան
Հայաստանի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան նախորդած եւ անոր յաջորդած մթնոլորտը, յայտարարութիւնները եւ դէպքերը պէտք է դիտել, վերլուծել եւ գնահատել համատարած, կազմակերպուած անհակակշռելի դարձած անհանդուրժողութեան եւ ատելութեան ճիշդ գնահատումներու լոյսին տակ:
Քաղաքական դաշտի մէջ մրցակցութիւնը եւ քարոզչութիւնը բնական են: Անոնք պէտք է ծառայեն հանրային կարծիքի լուսաբանման, որպէսզի ընտրողը ճիշդ կողմնորոշուի, տեղեկանայ: Այս ժողովրդավարական օրէնք եւ ըմբռնում է: Բայց երբ այս ընթացքին տիրապետէ անհանդուրժողութիւն-ատելութիւն զոյգը, քաղաքացի-ընտրողի դատողութիւնը կը խաթարուի եւ այս կամ այն տրիբունը (ամբոխավար) անոր քիթէն բռնած կը տանի ուր որ ուզէ:
Անհանդուրժողութեան եւ ատելութեան սերմանումը քաղաքացիի ազատութեան ոտնահարում է, յանցագործութիւն, զոր ոչ մէկ տեղ կարելի եղած է հակակշռել: Զոհերը միշտ եղած են շարքային քաղաքացիները, անկարելի դարձնելով իրաւ ժողովրդավարութիւնը, այն աստիճան, որ նոյնինքն ժողովրդավարութիւնը կը քննադատուի՝ որպէս անկարելիութիւն:
Անհանդուրժողութիւնը եւ ատելութիւնը, կը խօսին եւ կը գործեն յանուն երազի եւ իրականութեան, զանոնք կը չարաշահեն: Այդպէս է ամբոխավարական-ամբոխահաճական ճառը, որուն մէջ տեղ չ՛ունենար ճշմարտութիւնը: Այս թակարդէն խուսափելու մասին խօսիլ կը համարուի երազատեսութիւն, միամտութիւն: Գործնապաշտութիւնը կը պահանջէ ընդունիլ անհանդուրժողութիւն-ատելութիւն զոյգի խաղը: Այդպէս կ՛ընթանան իշխանութեան տիրացման համար մղուող մեծ ու պզտիկ պայքարները, թաղերէն մինչեւ մայրաքաղաքներ:
Բիրտ իրականութենէն հեռացող խորհրդածութիւններ լսելի չեն, երբ կիրքերը հրահրուած են, երբ թերի ու դէմի յորձանքին մէջ կը գտնուին մարդիկ:
Ստեղծուած ատելութիւն-անհանդուրժողութիւն անլոյս մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնը, որ ոչ խնդիրները պարզաբանեց եւ ոչ ալ ազգային-քաղաքական ընտրանքներու նոր ուղի բացաւ ստեղծուած քաղաքական եւ պատերազմական աղէտէն դուրս գալու համար:
Մեկնելով այս հաստատումէն, հայ մտաւորականութիւնը իր ուղղութիւն տուող խօսքը պէտք է ըսէ ժողովուրդին, կրկնէ իր խօսքը առանց յուսահատելու, որպէսզի ան աւելի ազատութեամբ, ողջախոհութեամբ եւ քաղաքացիի անկաշկանդ իրաւունքով եւ ազատութեամբ առաջնորդուի: Այսինքն, պէտք է ստեղծել հոգեբարոյական պայմանները, որպէսզի քաղաքացին չենթարկուի շահախնդրուածներու մեքենայութիւններուն, մոտայիկ բացատրութեամբ՝ մանիպուլացիաներու:
Ենթահող պէտք է, որպէսզի հանրային կարծիքի վրայ ազդելու բացասականութիւնները յաջողին, սերմանուին անհանդուրժողութիւն եւ ատելութիւն, որոնք ներքին ճակատը տկարացնող եւ քանդող ազդակներ են: Այդ ենթահողը թշնամիի տիպար ստեղծելու ամբոխավարական ճառով կ՛ըլլայ:
Հայաստանի մէջ անհանդուրժողութիւն-ատելութիւն վերաբերումը նոր ախտ չէ, ան բազմաթիւ պատճառներ եւ մեծ ու պզտիկ դրսեւորումներ ունեցած է եւ ունի, անհատական եւ հաւաքական մակարդակներու վրայ: Քաղաքական մրցակցութիւններ եւ այլ բազմաբնոյթ ազդակներ շեշտած են ներազգային անհանդուրժողութիւնը եւ ատելութիւնը: Մարդը կը դադրի ինքնուրոյն մտածելէ եւ դատելէ, երբ նախասիրութիւնները եւ տպաւորութիւնները կը կարծրանան եւ կը դառնան անքննելի կարծիք, առարկութիւն չընդունող որոշում, կը փակեն բոլոր դռները երկխօսութեան առջեւ, սուտի քարոզչութեամբ չարաշահելով եւ չարաշահուելով: Այսպէս եղած են հաւատաքննութիւնները եւ տարբեր մտածողը խարոյկի առաջնորդած: Այս երեւոյթները միշտ ալեկոծած են ընկերութիւնները, անհանդուրժողութիւնը դարձնելով կանոն, որ յանգած է ատելութեան՝ անոր բոլոր վատ հետեւանքներով:
Հայաստանի մէջ անհանդուրժողութիւնը եւ ատելութիւնը արմատացած են Խորհրդային Միութեան կայսրութեան փլուզման յաջորդած տարիներուն, երբ ազատութիւնը շփոթուած է անպատժելիութեան հետ, ազատական եւ դրամատիրական կարգերը համարուած են արագ հարստացման առջեւ բաց դուռ, եւ մարդիկ օգտուած են, անտէր մնացած պետական ինչքի իւրացումը բնական համարելով: Ինչպէս բոլոր խորհրդային նախկին հանրապետութիւններու մէջ իր առջեւ ազատ դաշտ գտած է անաշխատ հարստացումը, որ կ՛ըլլայ միայն ապօրինութեամբ: Այսօր, այդ բոլոր երկիրներուն մէջ կան աստղբաշխական գումարներու տէր հարստացածներ: Երեւոյթը կոչուած է կոռուպցիա, պարզ հայերէնով՝ փտախտ, ծնունդ տալով թաղային եւ քաղաքական հեղինակութիւններու:
Արդիւնքը եղած է այն, որ եղած են եւ կան յաջողածներ, որոնց դիմաց կան նուազ յաջողածներ եւ անմասն մնացածներ, ինչ որ բնական կերպով ծնունդ պիտի տար եւ տուած է նախանձի, անհանդուրժողութեան, մերժումներու, իր անունը չըսող քաղաքացիական պատերազմի, խօսքով կամ զէնքով: Հայաստան գտնուելով վտանգի մէջ, տեսակ մը հանդուրժողութիւն եւ փոխհասկացողութիւն ստեղծուած է, մինչեւ որ իշխանատենչական բուռն պայքարը կացութիւնը շահագործէ ամբոխահաճական ճառով, ստեղծելով անհանդուրժողութեան եւ ատելութեան մթնոլորտ:
Իշխանափոխութիւն տեղի ունեցաւ 2018ին: Քննադատուած նախկին ընտրանիին (ինչպէս կ՛ըսեն՝ էլիտային) տեղ եկաւ նորը, զանգուածին համար ոչինչ փոխուեցաւ, բայց հրահրուեցան անհանդուրժողութիւնը եւ ատելութիւնը, խանդավառելով նոյնինքն անտեսուածները, եւ պէտք է աւելցնել, դուրսի արեւին տակ տեղ փնտռող դառնութիւն որոճացողները:
Կացութիւնը շահագործած եւ շահագործող ամբոխահաճները (պոպուլիստները) երբեմն պէտք է մտածեն Յովհաննու Աւետարանի մէջ յիշուած Յիսուսի խօսքի մասին, որ կ՛ըսէ, թէ «ձեզմէ ան, որ բնաւ չէ մեղանչած թող նետէ առաջին քարը»… Նոր ընտրանին ոչինչ փոխեց, փոխեց միայն իր կացութիւնը, բայց հունաւորեց եւ քաղաքականացուց անհանդուրժողութիւնը եւ ատելութիւնը, առանց յանգելու որակաւոր բարեկարգումի, անտեսուածներու կեանքը բարելաւելու:
Այս իրատեսութիւնը պակսեցաւ Հայաստանի մէջ, որ առաջնորդէր կրկին եւ նոր ձեւով չշահագործուելու:
Հին դարերու չինացի իմաստասէր Կոմբիւկիոսի (Է.-Զ. դար) խօսքը պէտք է կրկնել. «Երբ ատելութիւնը կամ ամբոխի մը սէրը կ՛երթայ մարդու մը, պէտք է հարց տալ՝ ինչո՞ւ»: Եթէ չմտածենք կողմնապաշտութիւններու տուրք տալով, մտածենք քսանվեց դար առաջ ապրած իմաստունին պէս, թերեւս մեր ժողովուրդը տառապեցնող ներկայի անհանդուրժողութիւն-ատելութիւն տագնապը կը յաղթահարենք: Պատասխանը պէտք է փնտռել ընկերային, քաղաքական, բարոյական եւ տնտեսական ծիրէն ներս: Ամբոխահաճութեամբ, դիւրըմբռնելի եւ կարճ տարազներով, Հայաստանի իշխանութիւնները հարցերուն եւ տագնապներուն լուծում չբերին, այդ անկարողութիւնը վարագուրեցին անհանդուրժողութեան եւ ատելութեան զգացումներով, նախկիններով եւ նորերով, սեւով եւ ճերմակներով: Վերջին նորութիւն՝ մուրճով եւ տիքտատուրայով… Երէկ՝ թաւշեայ, այսօր՝ պողպատեայ:
Կացութեան առարկայական պատկերը ոչինչով բարելաւուած է, գործազրկութիւնը, ցած աշխատավարձերը, անբաւարար թոշակները չեն փոխուած, իշխանութիւնը ինչ որ որպէս ապօրէն իւրացում (կոռուպցիա) կը դատափետէր, փոխարինած է օրինականով, զայն կոչելով պարգեւավճար: Հետաքրքրական պիտի ըլլար գիտնալ երեք տարուան ընթացքին իշխանական շրջանակին մէջ բաշխուած պարգեւավճարներու ընդհանուր գումարը: Ֆրանսական ասութիւն մը կայ, որ կ’ըսէ, être le dindon de la farce, որ կը նշանակէ ծիծաղելի ըլլալու աստիճան խաբուիլ: Հին կամ նոր վերնախաւը նոյն տեղը գտնուեցան, եւ զանգուածները մնացին անտեսուած, մնացին հոն ուր որ էին, որպէս գոհունակութիւն ունեցան անհանդուրժողութիւնը եւ ատելութիւնը:
Երբ իշխանութիւն փոխելու համար ցոյցեր կ՛ըլլային, այս կամ այն աթոռին տիրանալու համար պայքարներ կը մղուէին, հայ մամիկ մը կը պատմէր հետեւեալը. «Թագաւորին դէմ ցոյցեր եղած են զայն գաընկեց ընելու համար եւ թագաւորը ըսած է, որ ինք անօթի էր, եկաւ, կողոպտեց եւ հարստացաւ, հիմա երբ զինք հեռացնեն նոր անօթի մը պիտի գայ, որ պիտի կողոպտէ եւ հարստանայ»: Ա՞յս է աշխարհի յուսահատեցնող կարգը:
Բայց եղած են պարկեշտ առաջնորդներ, որոնք չեն եղած ընչաքաղց եւ իրենց դիրքը շահագործող, գիտցած են ներել, հաշտեցնել եւ միացնել:
Երբ սկանտինաւեան մայրաքաղաք մը կը գտնուէի, վարչապետարանին առջեւ ոստիկան չկար, ըսին, որ վարչապետը հեծանիւով եւ առանց իրեն ընկերացող պահակի, կամ ոստիկանական շարասիւնի, կու գար աշխատանքի:
Զուիցերիոյ նախագահը եւ վարչապետը երբ հեռանան իրենց պաշտօններէն, կը դառնան բոլորին հաւասար քաղաքացի, անոնց անուններուն չենք հանդիպիր թերթերուն մէջ: Իրենց ետին չեն ձգեր անհանդուրժողութիւն եւ ատելութիւն:
Կը լսե՞նք Ժան-Փօլ Սարթր ֆրանսացի յանձնառու իմաստասէրի պատգամը. «Կը բաւէ որ մէկ մարդ ատէ ուրիշ մը, որպէսզի ատելութիւնը քայլ առ քայլ տարածուի եւ գրաւէ համայն մարդկութիւնը»: Մեր մակարդակին՝ Հայաստանը:
այց կարծէք իմաստուններու խօսքով հաղորդուելու համար անմիջականը գերանցող մարդկային որակ պէտք է ունենալ: Այդ ալ հասկնալու համար, մեծ ըլլանք թէ պզտիկ, քաջութեամբ պէտք է կանգնինք հայելիին առջեւ եւ ինքնաքննադատութիւն ընենք: Այս ալ կը պահանջէ հռոմէական առաքինութիւն, այսինքն՝ հոգեկան ուժ:
Մեր ժողովուրդը, ներսը եւ դուրսը, կը նուաճէ՞ այդ ուժը:
Պիտի հանդուրժէ՞ այդ ուժը կրողին:
Բայց մինչեւ ե՞րբ կրնանք անհանդուրժողութիւն-ատելութիւն խաղալ…
23 Յունիս 2021,
Նուազի-լը-Կրան