«Այսուհետեւ Թուրքիոյ Դէմ Ուղղուած Որեւէ Սպառնալիքի Պիտի Հակադարձենք Նոյնպիսի Հարուածով» Ըսաւ Տաւութօղլու

15 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց. «Թուրքիոյ կամ անոր հիւրերուն դէմ որեւէ սպառնալիքի պիտի հակադարձենք նոյնպիսի հարուածով եւ պիտի շարունակենք ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարիլ ամբողջական վճռականութեամբ, մինչեւ որ հեռանայ Թուրքիոյ բոլոր սահմաններէն»:

Ան նշեց, որ հաստատելէ ետք, թէ Պոլսոյ Սուլթան Ահմեթ շրջանին մէջ յարձակումը գործուած է ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ, թրքական զինեալ ուժերը «մեր ցուցմունքով 48 ժամուան ընթացքին հրետանիէ եւ հրասայլէ արձակուած շուրջ 500 ռումբերով ռմբակոծեցին խմբաւորման դիրքերը: Ռմբակոծուեցան Պաաշիքայի մէջ եւ Սուրիոյ հետ մեր սահմանին երկայնքին խմբաւորման թաքստոցները, ինչպէս նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի շուրջ 200 զինեալներ սպաննուեցան»:

Մինչ այդ, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտ յայտնեց, որ Թուրքիան ծայրայեղ իսլամականութեան դէմ պատերազմին մէջ կարեւոր գործընկեր է: «Լոնտոն ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ Անգարայի հետ գործակցութիւնը եւ սուրիացի գաղթականներու մարդասիրական օժանդակութիւնը պիտի աւելցնէ», ընդգծեց Համընտ:

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Տիգրանակերտ նահանգին մէջ ոստիկանութեան կեդրոնի մը մէջ եւ ատոր պատկանող շէնքի մը ականահարումը, որ պատճառեց 6 զոհ: Նախարարութիւնը նշեց. «Ֆրանսան Թուրքիոյ կողքին կը կանգնի ահաբեկչութեան դէմ անոր պատերազմին մէջ»:
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail