Հայաստանի Մէջ Մշակել Ռազմավարութիւն, Որուն Հիմամբ Հասարակական Առողջապահութիւնը Նոյնքան Կարեւոր Ըլլայ, Որքան Ֆիզիքական Պաշտպանութիւնը – Հաստատեց Փրոֆ. Յարութիւն Արմէնեան
29 ՅՈՒՆԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
«Ազդակ»-ի 32-րդ Առցանց Լսարան
«Ազդակ»-ի 32-րդ առցանց լսարանին դասախօսեց համաճարակաբան փրոֆ. Յարութիւն Արմէնեան. նիւթ` «Համավարակն ու ապագայի մեր պարտաւորութիւնները»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:
Փրոֆ. Արմէնեանի դասախօսութիւնը ներառած էր հիմնական 5 բաժին.
– հիւանդութեան աստիճանաւորումը եւ սառցալեռը,
– կարելի միջոցառումներ համավարակին դէմ,
– պարտաւորութեանց/գործունէութեան դաշտը,
– ռազմավարութիւն եւ գիտութիւն,
– եզրակացութիւն:
Փրոֆ. Յարութիւն Արմէնեան մասնագիտական ներկայացում կատարեց նիւթին` համավարակներու կանխարգիլման հրամայականը շեշտելով, պետութիւններու, հասարակութիւններու, ընտանիքներու եւ անհատներու պարտաւորութիւններու ընդհանուր ուղղութիւնները նշելով:
Շատ հետաքրքրական էր Թայլանտի հակազդեցութեան ռազմավարութեան օրինակը, որուն արդիւնքները նաեւ ներկայացուեցան առարկայական տուեալներու հիման վրայ:
Խօսելով Հայաստանի եւ սփիւռքի այս ոլորտին մէջ կատարելիքներուն մասին` փրոֆ. Արմէնեան հաստատեց, որ Հայաստանի մէջ պէտք է մշակել կանխարգիլման այնպիսի ռազմավարութիւն, որ հասարակական առողջապահութիւնը նկատէ նոյնքան կարեւոր, որքան ֆիզիքական պաշտպանութիւնը:
Դասախօսութեան հետեւեցաւ հարցումներու յղման եւ տեսակէտներու փոխանցման հետաքրքրական բաժին, որուն արձագանգեց եւ մասնագիտական լուսաբանումներով դասախօսութիւնը համալրեց հանրայայտ գիտնական փրոֆ. Յարութիւն Արմէնեան:
Յիշենք, որ դասախօսութեան արձանագրութիւնը տեղադրուած է «Ազդակ»-ի եութիուպեան էջին վրայ:
aztagdaily.com/archives/513901