Ամերիկեան Օդուժը Յարձակում Գործեց Սուրիա-Իրաք Սահմանին Վրայ Գտնուող Քարիւղի Պահեստանոցներուն Վրայ

Ամերիկեան Օդուժը Յարձակում Գործեց Սուրիա-Իրաք Սահմանին Վրայ Գտնուող Քարիւղի Պահեստանոցներուն Վրայ

29 ՅՈՒՆԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:

Սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ օդային յարձակում մը կատարուած է Սուրիա-Իրաք սահմանին վրայ Տէր Զօր նահանգի արեւելեան գիւղական շրջանի Պուքամալ շրջանին մէջ:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը ստանձնեց յարձակումին պատասխանատուութիւնը, յայտնելով. «Ամերիկեան բանակը օդային յարձակումներ գործեց Իրաքի եւ Սուրիոյ միջեւ սահմանային շրջանին մէջ Իրանի աջակցութիւնը վայելող միլիսներու կողմէ օգտագործուող կառոյցներու վրայ»:

Փենթակոն նշեց, որ յարձակումը հակադարձութիւն էր Իրաքի մէջ ամերիկացիներու եւ ամերիկեան կառոյցներու վրայ նշեալ միլիսներուն կողմէ անօդաչու թռչող սարքերով կատարուած յարձակումներուն:

«Յարձակումը թիրախ դարձուց զէնքերու օգտագործման ու պահ դրման երկու դիրքեր Սուրիոյ մէջ եւ մէկ դիրք ալ Իրաքի մէջ», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Յարձակումները ցոյց կու տան, թէ նախագահ Ճօ Պայտըն յստակօրէն քայլերու պիտի դիմէ` պաշտպանելու համար ամերիկացիները»:

Իրաքեան Սայետ Շուհատայի փաղանգները յայտարարեցին, որ երկուշաբթի արշալոյսին իր անդամներէն 4-ը սպաննուած են Իրաքի եւ Սուրիոյ միջեւ սահմանային շրջանին վրայ ամերիկեան յարձակումի մը պատճառով:

Իրաքեան դիմադրութեան համակարգման մարմինը իր կարգին յայտարարեց, որ պիտի չլռէ Իրաքի սահմանադրութիւնն ու իրաքցի ժողովուրդի կամքը ոտնահարող «ամերիկեան բռնագրաւման ուժերու ներկայութեան շարունակման նկատմամբ»` աւելցնելով, որ յարձակումին պատճառով մահացածները «Իրաքի եւ անոր ժողովուրդին անվտանգութիւնը կը պաշտպանէին»:

Իրաքեան դիմադրութեան համակարգման մարմինը շեշտեց. «Դիմադրութիւնը այս անարգ ոճիրը գործողներէն վրէժ պիտի լուծէ նահատակներու արեան համար»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, մեկնաբանելով դէպքը, յայտարարեց, որ «շրջանին մէջ լարուածութեան հրահրումը Միացեալ Նահանգներու շահերէն չի բխիր»` շեշտելով. «Միացեալ Նահանգներ սխալ ուղղութեամբ կ՛ընթանան, եւ Սուրիոյ ու Իրաքի դէմ անոնց հարուածները մաս կը կազմեն անոնց ամբարտաւանութեան»:

aztagdaily.com/archives/513971

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail