ՆԻԿՈԼ ԱՆՈՒՆ ՍՐԻԿԱՆ՛՛ ՆԱԵՒ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԱՂԲԻ ՎԿԱՆ:
Այսօր փաստ է ՛՛ թէ մեր գլխին ունենք մի դէմք ,որ շատով ծառան է մեր թշնամուն:
29 ՅՈՒՆԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ –
Փաստ է թէ ունինք իշխանութիւն որն վերջին երեք տարիներու ընթացքին ժամ չխնայեց ,մեզ թողելու մեր թշնամուն «խղճին:
Վերջապէս փաստ է թէ՛ ունինք մի իշխանութիւն, որն պարզապէս աւելին հարազատն պիտի ընկալուէր որպէս արժանի զաւակն, Անգարայի թէ Պաքուին:
Այսպիսին դիմանկարով ,հանդէս կուգայ իմ սփիւռքահայ հարազատներէն մին:
Այսպիսին դիմանկարով մը , իմ հարազատն կարտայայտէ իր ցասումն ,հանդէպ հայաստանեան վերջին իրադարձութիւններին:
Պարզապէս ան՛՛ ողջամիտ բարեկամս, հայաստանեան ընտրութեան մէջ կը տեսնէ ,սուլթանի մը ահաւոր ,բայց կամաւոր ընտրութիւնը մեր գլխին:
ՈՒ Չկասկածէք՛:
Սփիւռքահայ իրականութեան մէջ շատն են անոնք որոնք պիտի միանային իմ բարեկամի ափսոսանքին:
Շատն պիտի միանային ու իրենց ցաւն ու բողոքն պիտի բարձրացնէին ապարժանի մը վերընտրութեան մեր գլխին:
Վերջապէս շատն՛՛ ալ բաւականին յուսաբեկ, բաւականին կոտրուած, բաւականին ահաբեկ , պիտի հետեւէին հայրենի ահաւոր իրադարձութեանց ու շատ իմաստով իրենց երազների փլուզումին:
Այնուհետեւ մի բան վստահ :
Նոյն սա յուսաբեկ խմբակն պիտի մնայ թիկունքն Հայաստանին:
Նոյն սա կոտրուածների խմբակն պիտի շարունակէ հակակրիլ իշխանութիւններին, բայց վէմը մնալ Հայաստան ՊԵՏԱԿԱՆԻՆ:
Նոյն սա «ահաբեկուածներն» պիտի մնան անզուսպ պահանջարկուն Մուշին թէ Շուշիին:
Իսկ որպէս քար իրականութիւն, ընդունէք՛:
Ընդունէք ,թէ նոյն անոնք որոնք իր օրին տօնախմբեցին Կարսի անկումն:
Նոյն անոնք որ շնորհաւորեցին Չարենցի թէ Բակունցների գլուխ ուտող պորլշեւիկ Բերեան թէ հայանուն Մուղտուսը:
Նոյն անոնք որոնք դար ամբողջ մերժեցին վրիժառու Դրօն թէ Նժդեհի ծածանող սուրը:
Նոյն անոնք են որ կեանքի կոչեցին նոր օրերի սուլթանը:
Անոնք՛
Որոնք էին ու մնացին ՀԱՅՈՒՆ ԹԷ ՀԱՅ սփիւռքին աղբը: