Ամերիկա Ձերբակալեց Թուրքիոյ Քաղաքացի Մը՝ Պաշտպանութեան Մասին Տուեալներ Թուրքիա Սպրդեցնելուն Համար – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

United States Arrests Turkish National For Exporting Defense Data to Turkey

Ամերիկա Ձերբակալեց Թուրքիոյ Քաղաքացի Մը՝ Պաշտպանութեան Մասին Տուեալներ Թուրքիա Սպրդեցնելուն Համար – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

01 ՅՈՒԼԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԿարդալ նաեւ՝ :

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Միացեալ Նահանգներու Ազգային ապահովութեան բաժանմունքի յատուկ գործակալ Մայքըլ Պալըսթրա 21 Յունիս 2021ին, 16 էջնոց ցուցմունք մը ներկայացուց դատաւոր Ճենիֆըր Պոալի, Թուրքիոյ քաղաքացի Արիֆ Ուկուրի դէմ ձերբակալման վճիռի պահանջով:

Ուկուր կը մեղադրուի՝

1) Առանց արտածման արտօնագիրի Միացեալ Նահանգներէն դէպի Թուրքիա պաշտպանութեան արհեստագիտական տուեալներ սպրդեցնելու դաւադրութեամբ.

2) Առանց արտածման արտօնագիրի Միացեալ Նահանգներէն դէպի Թուրքիա արհեստագիտական տուեալներ սպրդեցնելու.

3) Եւ պաշտպանութեան նախարարութենէն կեղծ միջոցներով պայմանագիրներ ձեռք բերելու ծրագիրի մը մշակումով՝ ելեկտրոնային խարդախութիւն կատարելու մէջ:

52 տարեկան Ուկուր Թուրքիոյ քաղաքացի է, որ 2002էն սկսեալ ընդհատումներով ապրած է Մեսեչուսեց նահանգը, իսկ 2005ին դարձած է Միացեալ Նահանգներու մէջ մնայուն բնակիչ:

Ըստ ցուցմունքին՝ Ուկուր 2015ին Մեսեչուսեցի մէջ հիմնած է Anatolia Group Limited Partnership ընկերութիւնը, որ ներկայացուած է իբրեւ պաշտպանութեան նախարարութեան յատուկ սարքաւորումներու եւ մասերու տեղական արտադրող ու մատակարար: Ան ընկերութեան միակ գործընկերն էր:

Ցուցմունքին մէջ կը նշուի, որ «Յուլիս 2015էն մինչեւ Սեպտեմբեր 2017 Ուկուր ձեռք ձգած է տասնեակ պայմանագիրներ՝ մատակարարելու Միացեալ Նահանգներուպաշտպանութեան նախարարութեան ենթաբաժանումներուն զանազան մասեր եւ սարքաւորումներ, որոնք կ՛օգտագործուին ամերիկեան զինուժին կողմէ: Այս պայմանագիրներէն շատերը կը պահանջէին, որ մասերը ըլլան Միացեալ Նահանգներու մէջ արտադրուող «տեղական վերջնական արտադրանք»: Այս պայմանագրերը ձեռք բերելու համար, Ուկուր պաշտպանութեան նախարարութեան խաբէութեամբ ներկայացուցած է, որ Anatolia-ն մասերը պիտի պատրաստէ Միացեալ Նահանգներու գործարաններու մէջ: Իրականութեան մէջ, Anatolia-ն ընդհանրապէս արտադրական կարողութիւններ չունէր, եւ շատ մասեր, զորս Anatolia-ն կը մատակարարէր պաշտպանութեան նախարարութեան եւ անոր դուստր գործարաններուն, արտադրուած են այլ երկիրներու մէջ, որոնց շարքին՝ առնուազն մէկ արտադրող գործարան Թուրքիոյ մէջ: Այդ մասերէն քանի մը հատը անորակ էին եւ, հետեւաբար, չէին կրնար օգտագործուիլ իրենց կողմէ որոշուած ռազմական նպատակներու համար»:

Ուկուր Թուրքիոյ մէջ արտադրողին տրամադրած է «արհեստագիտական բնութագիրներ եւ մասերու գծագիրներ, զորս ան ձեռք բերած է Պաշտպանութեան նիւթա-արհեստագիտական գործակալութենէն (DLA)»: Գծագիրներէն եւ բնութագիրներէն քանի մը հատը կը պահանջէին երկրէն դուրս հանելու արտօնագիր, զոր Ուկուր չէր կրցած ապահովել զանոնք Թուրքիա սպրդեցնելէն առաջ: Ան արձանագրած էր իր ընկերութիւնը DLA-ի մօտ, որ իրեն թոյլ տուած էր մուտք ունենալ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւն առաջարկներուն մէջ, անկէ ետք, երբ ան, ըստ ցուցմունքին, գրաւոր համաձայնած էր կատարել իրաւական խիստ պահանջները՝ չբացայայտել, չփոխանցել կամ չտրամադրել օտարերկրեայ կազմակերպութիւններու պաշտպանական արհեստագիտական տուեալներ:

13 Օգոստոս 2015ին, DLA-ը Ուկուրին ապահովեց մուտք արհեստագիտական բնութագիրներու, գծագիրներու եւ այլ տեղեկատուութիւններու՝ DLA-ի աշխոյժ դիմումներուն վերաբերեալ: Նոյն օրը, Ուկուր ելեկտրոնային հաղորդագրութեամբ տեղեկացուց Թուրքիոյ երեք քաղաքացիներու, թէ ինչպէ՛ս կարելի է համացանցի միջոցով մուտք գործել DLA-ի «Համագործակցութեան թղթապանակները», ներառեալ ատոր «ռազմական կարեւոր արհեստագիտական տուալներու» գրադարանը, նշուած է ցուցմունքին մէջ:

«27 Յուլիս 2016ին կամ մօտաւորապէս այդ ամսաթիւով թուագրուած ելեկտրոնային հաղորդագրութեան մէջ, DLA-ի գնորդ գործակատարը խնդրեց Ուկուրէն՝ հաստատել սարքաւորումներու հաւաքուածքի «իրական արտադրութեան հասցէն»՝ ծագման ստուգումը դասաւորելու նպատակով…։ 28 Յուլիս 2016ի կամ մօտաւորապէս այդ ամսաթիւով թուագրուած ելեկտրոնային հաղորդագրութեամբ, Ուկուր պայմանագրային գործակատարին ըսաւ, որ սարքաւորումներու հաւաքուածքը արտադրուած է Anatolia-ի կողմէ՝ Քենեթիքըթ նահանգի Միլֆըրտ քաղաքի Woodmont Road 90 հասցէով: Կը կարծեմ, որ այս յայտարարութիւնը կեղծ էր, որովհետեւ Ուկուր գիտէր, որ սարքաւորումներու հաւաքուածքը արտադրուած է Թուրքիոյ մէջ՝ թուրք արտադրողի մը կողմէ: Այնուհետեւ, Ուկուր դասաւորեց, որ սարքաւորումներու հաւաքուածքը պաշտպանութեան նախարարութեան հասցուի Օգոստոս 2016ի վերջաւորութեան՝ հնարաւորութիւն չտալով DLA-ին նախ ստուգել մասերը նոյն արտադրութեան վայրին մէջ: Կը կարծեմ, որ Ուկուր դիտմամբ խուսափեցաւ ծագման ստուգումէն, որպէսզի DLA-էն պահուի արտադրութեան իրական վայրը՝ Թուրքիան: Ստանալով սարքաւորումներու հաւաքուածքը, պաշտպանութեան նախարարութիւնը որոշեց, որ անոնք չեն համապատասխաներ պայմանագրային բնութագիրներուն, հրաժարեցաւ վճարել անոնց համար Ուկուրին եւ Anatolia-ին եւ փորձեց (անյաջող) մասերը վերադարձնել Ուկուրի», ցուցմունքին մէջ գրած է յատուկ գործակալ Պալեսթրա:

Այսպիսի խախտում ենթադրաբար տեղի ունեցած է այն ժամանակ, երբ DLA-ը պայմանագիր կնքած է Anatolia-ի հետ՝ ակօսով շարժական անուակներու արտադրութեան համար: Ըստ Պալեսթրայի վկայագիրին՝ 23 Օգոստոս 2016ին Ուկուր ելեկտրոնային հաղորդագրութեամբ ակօսով շարժական անուակներու արհեստագիտական տուալները ուղարկած է Թուրքիա գտնուող AYPIK-ի աշխատակիցին՝ Դ. անձնաւորութեան: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը որոշեց, որ ակօսով շարժական անուակները չեն համապատասխաներ պայմանագրային բնութագիրներուն:

Արիֆ Ուկուր ձերբակալուեցաւ 22 Յունիս 2021ին եւ Պոսթընի դաշնակցային դատարանին մէջ մեղադրուեցաւ ելեկտրոնային խարդախութեամբ, զէնքի արտածման վերահսկումով օրէնքը խախտելու եւ զէնքի արտածման դաւադրութեամբ, կ՛ըսուի Մեսեչուսեց նահանգի Միացեալ Նահանգներու դատախազութեան գրասենեակի մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ:

«Զէնքի արտածման վերահսկման մասին օրէնքը խախտելու մեղադրանքը՝ իբրեւ պատիժ կը նախատեսէ մինչեւ 20 տարի բանտարկութիւն, երեք տարի վերահսկուող ազատ արձակում եւ տուգանք՝ մինչեւ 1 միլիոն տոլար, կամ յանցագործութենէն ստացուած ընդհանուր շահին կամ կրած վնասին կրկնապատիկը: Զէնքի արտածման վերահսկման մասին օրէնքը խախտելու դաւադրութեան մեղադրանքը կը նախատեսէ՝ մինչեւ հինգ տարի բանտարկութիւն, երեք տարի վերահսկուող ազատ արձակում եւ 250 հազար տոլարի տուգանք: Ելեկտրոնային խարդախութեան մեղադրանքը կը նախատեսէ մինչեւ 20 տարի բանտարկութիւն, երեք տարի վերահսկուող ազատ արձակում եւ 250 հազար տոլար տուգանք կամ յանցագործութենէն ստացուած ընդհանուր շահին կամ կրած վնասին կրկնապատիկը», կ՛ըսուի Միացեալ Նահանգներու դատախազութեան գրասենեակի յայտարարութեան մէջ:

Միացեալ Նահանգներու դատախազութեան գրասենեակը կը նշէ, որ «քրէական գործի մէջ ընդգրկուած մանրամասնութիւնները մեղադրանքներ են: Մեղադրեալը կը նկատուի անմեղ, մինչեւ որ անոր գործած յանցանքը ապացուցուի օրէնքով սահմանուած կարգով»:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

asbarez.am/ամերիկա-ձերբակալեց-թուրքիոյ-քաղաքաց/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail