Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Հայերը Համաշխարհային Բ. Պատերազմին» Հեղինակ` Զաւէն Մսըրլեան

Երեւանից 35 կմ հարավ-արեւելքում` հրաբխային բլրի գագաթին

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Հայերը Համաշխարհային Բ. Պատերազմին» Հեղինակ` Զաւէն Մսըրլեան

06 ՅՈՒԼԻՍ 2021 – ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ – ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆՆ ԱՅՍՕՐ, ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ, ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ – Կարդալ նաեւ՝:

(Պատկառելի Ուսումնասիրութիւն Մը`
Մթագնած Մօտիկ Անցեալը Լուսաւորող
)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Ընդունուած չափանիշ եւ համոզում է, գէթ մեզի համար, որ գիտականութիւնն ու առարկայական մօտեցումները որեւէ աշխատասիրութեան մը հիմքը կը կազմեն: Աւելի՛ն. ի՛նչ խօսք, երբ վերոնշեալ հատորը այլապէս կ՛ընդգրկէ հաստատագրուած ու ճշմարիտ տարր մը եւս` պատմաբանի ազնուասիրտ առանձնայատկութիւնը:

Այո՛, պատմագիրի դիմագիծն ու խօսքը, հեղինակութիւնն ու կշիռը կրկնակի կ՛արժեւորուին, երբ անաչառ ու կառուցողական կ՛ըլլան անոր միտքերը:

Փաստօրէն, նման մտորումներու յանձնուեցանք, երբ մեծ հետաքրքրութեամբ ընթերցեցինք հեղինակին իսկ ձեռամբ մեզի նուիրուած վերոնշեալ հատորը:

Առաջին հայեացքով` ընթերցողը, ինքզինք կը նկատէ յանձնուած ըլլալ փաստավաւերագրական հսկայ շտեմարանի մը «յորձանուտ»-ին, ուր մէկ ու յստակ նիւթի մը` «Հայերը համաշխարհային Բ. պատերազմին» ընդմէջէն արդէն լոյսին կու գայ բազմասեւեռ ու բազմաշերտ պատմագրութիւն մը, որ էապէս կ՛առնչուի հայ ժողովուրդի տուեալ թուականներու (1939-1945) գոյութենական պայքարին:

Ի սկզբանէ յայտնենք, որ Զաւէն Մսըրլեանի կենսագրութիւնը, իր կարգին, այսպէս ըսած, կենդանի վկայութիւն մըն է անյագ նուիրումի, երկարամեայ մանկավարժական վաստակի, անխոնջ դաստիարակի, եզակի տնօրէնի, գրողի, մտաւորականի եւ իրա՛ւ պատմագիրի, այլ խօսքով` հայաբոյր շաղախի մը, որ իր անգնահատելի ներդրումը ունեցա՛ծ է եւ տակաւին ունի՛ սփիւռքահայ կեանքի երկնակամարին վրայ:

Իրօք, երեւոյթ մըն է Զաւէն Մսըրլեան, որուն պատմագէտի ունակութիւնն ու մարդկային խառնուածքը պարտաւորեցնող են ոչ միայն զինք յարգելու, սիրելու, այլ նաեւ անոր անձին հանդէպ երախտագիտութեամբ լեցուելու:

Ըսուածին փաստը ահա՛ այս հատորն է, որուն բովանդակութիւնը, բաւական ծաւալուն ըլլալով հանդերձ, յաջողութեամբ լոյսին կը բերէ եւ հատիկ-հատիկ կը կառուցէ տուեալ ժամանակաշրջանի պատմագրութիւնը, որ, ինչպէս ըսինք, խորապէս առնչութիւն ունի հայոց ճակատագիրին:

Հեղինակը իր ուսումնասիրութիւնը բծախնդրօրէն բաժնած է 35 գլուխներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը, թէեւ կ՛ընդգրկէ նիւթ մը, սակայն անոնք միաձուլուած շղթայ մըն են` համակարգուած եւ բիւրեղացած, եւ, առանձնապէս, կը լուսաւորեն տուեալ ժամանակաշրջանի համաշխարհային մակարդակի դէպքերն ու դէմքերը:

Ի դէպ, հեղինակի գրիչին կը պատկանին նոյնքան պատկառելի այլ հատորներ, որոնք իրենց արծարծած նիւթերով եւ խորասոյզ գիտականութեամբ արժանացած են հայ մտքի ու հոգիի ծառայողներու խոր գնահատանքին:

Զաւէն Մսըրլեան հատորի նախաբանին մէջ թուելէ ետք նման ընդարձակ եւ ծաւալուն աշխատասիրութեան մը նախաձեռնելու դրդապատճառներն ու սեփական մօտեցումները, կը կատարէ ուշագրաւ հաստատում մը. «Պատմութիւնը ինքզինք չի կրկներ, ժամանակները եւ ռազմաքաղաքական պայմանները կը փոխուին, բայց միշտ կարելի է դասեր քաղել անցեալի փորձառութիւններէն»:

Ահաւասի՛կ, գրողի ու պատմագիրի ամենացայտուն արժանիքը` յանձնառութիւնը, որով կարելի պիտի ըլլայ ապահովել սեփական ժողովուրդի թէ նորահաս սերունդի դաստիարակութիւնը, պատմաքաղաքական դէպքերու ու անոնց ունեցած ազդեցութեան խորքային ըմբռնումը, բայց մանաւանդ` հզօր պետութիւն կառուցելու եւ պահպանելու քաղաքական մտքի հասունութիւնը:

Եւ, իրօք, ընթերցողը մեծ հետաքրքրութեամբ եւ յափշտակուած կը սկսի էջ առ էջ կարդալ, հետեւիլ դիպաշարերուն, ծանօթանալ ատենի պետական թէ քաղաքական դէմքերուն, ցեղապաշտ Հիթլերի թէ ֆաշական դաշնակիցներու պատճառած արհաւիրքին, ծաւալապաշտական նկրտումներով բնորոշ` ատենի զինուորական ու քաղաքական քարտէսին, զինակցութիւններու առթած ցաւին ու տառապանքին:

Հեղինակը` ճարտարութեամբ եւ պատմաբանի հմտութեամբ, այլապէս ալ կը ներկայացնէ հայութեան ու Հայաստանի հետ առնչուող դիպաշարերը: Օրինակ, տասնամեակներ շարունակ քննուող ու «ծեծուող» նիւթ է հանդիսացեր նացիական Գերմանիոյ հետ գործակցելու հարցը: Խօսքը կը վերաբերի ՀՅ Դաշնակցութեան, Դրոյի ունեցած դերին, Նժդեհի ցեղակրօն շարժումին, Պերլինի մէջ հիմնուած Հայ ազգային խորհուրդին, հայ լեգէոնական գունդերու պատերազմի մասնակցութեան եւ այլն:

Այս իմաստով եղած են հայ անհատներ, կուսակցութիւններ եւ միութիւններ, որոնք այդ գործակցութիւնը նկատած են թշնամական արարք սեփական ժողովուրդի հանդէպ, դաւաճանութիւն` Խորհրդային Հայաստանին, իսկ ատենի ՀՅ Դաշնակցութեան քաղաքականութիւնը` երկդիմի ու դատապարտելի:

Այդուհանդերձ, հեղինակը` Զաւէն Մսըրլեան, իր նախաբանին մէջ դիպուկ եւ յանձնառու արտայայտութեամբ մը կ՛ընդգծէ, թէ ան օգտագործած է օտար բազմաթիւ արխիւային փաստաթուղթեր, ինչպէս նաեւ` հայկական վաւերաթուղթեր, ատոնք ըլլան յուշագրութիւններ թէ մամուլի մէջ հրատարակուած յօդուածներ, որպէսզի առաւելագոյն առարկայականութեամբ ներկայացնէ տուեալ նիւթը:

Աւելի՛ն. հեղինակը տեղին շեշտադրում կը կատարէ ըսելով. «Անտեսած եմ պատերազմի օրերուն եւ յետպատերազմեան անմիջական շրջանի, կրքոտ, փոխադարձ պայքարի ոգիով գրուած գրութիւնները»:

Յիրաւի, աւելի քան 450 էջերու վրայ երկարող պատմագրութեան մէջ, ընթերցողը ոչ մէկ ատեն կը հանդիպի, այսպէս ըսած, հեղինակի դառն խօսքերու, միտումնաւոր արտայայտութիւններու, վարկաբեկիչ ընդգծումներու, անախորժ թէ յերիւրածոյ միտքերու, բառերու, այլ ընդհակառակը, պատմաբան Զաւէն Մսըրլեան` շնորհիւ իր ազնուասիրտ, անկողմնակալ ու պատմաբանի ներհուն զգայնութեան, յաջողած է լոյսին բերել Դրոյի, Նժդեհի թէ այլոց առնչուած` Նացիներու հետ գործակցելու պատմութեան ամբողջ ուրուագիծը, աշխատանքը, նպատակը եւ այլն:

Ակնյայտ է, որ հեղինակը առանց երկմտանքի օգտագործած է Անգլիոյ Ֆորէյն Օֆիսի վաւերաթուղթերը, որոնք կ՛առնչուին նման նիւթերու, որպէսզի իրաւացի խօսքերով ներկայացնէ, այսպէս ըսած, գործակցութեան մութ անկիւնները:

Հատորի հեղինակին ամբողջ մտասեւեռումն ու առաջադրանքը եղած է լոյսին բերել տուեալ ժամանակաշրջանի հայութեան առնչուած խնդրայարոյց դիպաշարերը, վերլուծել եւ քննական սուր մտքով վերաշարադրել պատմութիւնը, որ, ցաւ ի սիրտ, այդքան ալ հոգատարի աչքով չէ դիտուած հայ պատմաբաններու կողմէ:

Ճիշդ է, որ հատորի ամբողջ տարածքին ընթերցողը ականատես կ՛ըլլայ ու կը լիանայ օգտագործուած արխիւային հսկայ պաշարի մը գոյութեամբ, ուր նաեւ իրենց ճշգրիտ խօսքն ու պատմագիտական արժեւորումները կատարած են վաստակաւոր հայ թէ օտար պատմաբաններ, այդուհանդերձ, Զաւէն Մսըրլեան կրցած ու յաջողած է տուեալ ժամանակահատուածի պատմութեան թաւալքին հետ ընդելուզուիլ, բնութագրել խնդիրներու էութիւնը եւ, ի հարկին պարզաբանել տուեալ պահու աշխարհաքաղաքական թէ գաղափարաբանական բարդ հարցերը, վէճերը:

Ըսուածի ապացոյցը մենք կը գտնենք հատորին մէջ, երբ հեղինակը առանց վհատութեան լայնամասշտապ տեղեկութիւններու հեղեղ մը կը ներկայացնէ` իբրեւ վաւերական փաստեր, մանրամասնութիւններ (անուն, թուական, դէպքեր, դէմքեր, ընդգծումներ, կեցուածքներ, մօտեցումներ եւ այլն), որոնք, խորքին մէջ համն ու հոտն են այս աշխատասիրութեան:

Անկեղծ ըսած հատորը տեսակ մը հանրագիտարան մըն է` Համաշխարհային Բ. պատերազմին նուիրուած: Նացի Գերմանիոյ, ֆաշականութան, փանթուրանական ծրագիրի, Թուրքիոյ հայատեացութեան, եւրոպական գրաւեալ երկիրներու, Կովկասի, Խրիմի, Ստալինկրատի, Պերլինի, ռազմագերիներու (հայ թէ օտար), լեգէոնական թէ կամաւորական գունդերու կազմաւորումին, հայ զինուորականներու ունեցած դերին, Կարմիր բանակի յառաջխաղացքին Միջին թէ Մերձաւոր Արեւելքի պետութեանց դիրքին ու դերակատարութեան մասին եզակի տեղեկութիւններ կը պարփակէ այս ուսումնասիրութիւնը, որուն ընթերցումով հայ քաղաքական դէմքն ու ղեկավարը, երիտասարդ գաղափարական տղան ու գործիչը միայն պիտի հասուննան, առաւել զարգանան ու պայծառամտութեամբ լիցքաւորուին:

Ճիշդ է նաեւ այն, որ հատորին մէջ լայն տեղ կը գրաւէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը` իր պատմագրութեամբ, դերակատարի հանգամանքով եւ հայ ժողովուրդին ծառայելու առաջադրութեամբ: Փաստօրէն, ամբողջ գիրքի տարածքին լայնօրէն կը տողանցեն դաշնակցական գրողներու, գործիչներու եւ մամուլի գործիչներու տեսակէտները, յուշերն ու մօտեցումները: Այս առումով ալ դաշնակցական նորօրեայ սերունդներ երախտագիտութեամբ պէտք է ընկալեն Զաւէն Մսըրլեանի այս եզակի աշխատանքը:

Հեղինակը, ի պատիւ իրեն, չէ կողմնորոշուած այս կամ այն վարկածին: Ան փորձած է արդարօրէն եւ իրական պատկերով ներկայացնել այն գործունէութիւնը, զոր տարած են հայ քաղաքական մտքի ներկայացուցիչներ, գործիչներ ու զինուորներ: Աւելի՛ն. հեղինակը երբեւէ չի ժխտեր գործակցութեան հարցերը, այլ զանոնք կը ներկայացնէ բացառապէս պատմական հունի մը հոլովոյթին ընդմէջէն` շեշտը դնելով պատմաքաղաքական փորձերէ դասեր քաղելու հրամայականին վրայ:

Ճգնաժամի այդ տարիներուն, երբ մէկ կողմէ Խորհրդային Հայաստանը կը դիմագրաւէր Նացի Գերմանիոյ ներխուժումն ու Թուրքիոյ սպառնալիքը, եւ, միւս կողմէ սփիւռքահայութիւնը բազում երկիրներու մէջ կ՛ապրէր ահն ու սարսափը` ցեղապաշտ նացիականութեան, ահա, սեղանին էր հայութեան լինելութեան հարցը, հազարաւոր հայ ռազմագերիներու ճակատագիրը, Հայաստանի փրկութիւնը, Կարմիր բանակին մէջ ծառայելու անհրաժեշտութիւնը, հայաշունչ գաղութներու անվտանգութեան ապահովումը եւ այլն, եւ այլն:

Իրօք, օրին եղան նուիրեալ հայերու փաղանգներ, որոնք չզլացան իրենց կեանքն ու նետուեցան պատերազմի դաշտ: Եղան նաեւ նախաձեռնութեան ոգիով լիացած հայ յեղափոխականներ ու գործիչներ, որոնք Համաշխարհային մակարդակի օրհասին մէջ, խրոխտ ոգիով դիմակայեցին պարտադրուած քաղաքական ու զինուորական արեւելումները` յանուն հայրենիքի, ժողովուրդի ու ռազմագերիներու պաշտպանութեան:

Աւարտին, գրախօսութեան մը սեղմ էջերուն մէջ նման աշխատութիւն մը կարելի չէ համապարփակ ներկայացնել` նկատի ունենալով անոր ընդգրկած բազմաշերտ ու այլազան նիւթերու առատութիւնը: Այդուհանդերձ, արձանագրել է պէտք, որ Զաւէն Մսըրլեանի այս ուսումնասիրութիւնը եզակի հրատարակութիւն մըն է, աւելի՛ն. պատուանդան` պատմաքաղաքական ոլորոտի ու հայ մտքի զարգացման:

Քաջ հաւատացողն ենք, որ այս հատորը իր ուրոյն տեղը պիտի ունենայ հայ ընթերցողի սեղանին, իբրեւ ուղեցոյց քաղաքական մտքի հասունացման եւ պերճախօս վկայագրութիւն` հայաբոյր գործունէութեան:

Յունիս 2021

www.aztagdaily.com/archives/514763

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail