Վեր Կաց, Հայ Մարդ, Թիկունքիդ Սուրբ Հողերդ Թշնամիին Յանձնելու Շուրջ Կը Պայմանաւորուին. Դ. Վանեան

Վեր Կաց, Հայ Մարդ, Թիկունքիդ Սուրբ Հողերդ Թշնամիին Յանձնելու Շուրջ Կը Պայմանաւորուին. Դ. Վանեան

11 ՅՈՒԼԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:

Քաղաքագէտ, գրող, հրապարակախօս Դաւիթ Վանեան Facebook-ի իր էջին մէջ գրած է.

«Վեր կաց, Հայ մարդ, զարթնիր նիրհէդ։ Թիկունքիդ՝ սուրբ հողերդ թշնամիին յանձնելու շուրջ կը պայմանաւորուին։ Փաշինեանն ու քաղաքական բոլոր գործիչները այսօր կան, վաղը անոնց մասին պիտի չյիշեն, իսկ զաւակներդ պիտի մնան անտուն ու անհայրենիք։

Վեր կաց ու ձեռք երկարէ հայրենակիցիդ, սիրով լսէ զինք, գնա ընդառաջ։ Թոյլ մի տար սահմանազատման կամ խաղաղութեան որեւէ պայմանագրի քննարկումը անգամ, քանի դեռ չեն ճանչցած Արցախդ՝ որդիիդ անկախութիւնն ու քու բնական իրաւունքները, քանի դեռ թուրքը դուրս չէ եկած հողէդ ու չէ ճանչցած քու իսկ բնօրրանին մէջ քու ապրելու, երջանիկ ըլլալու, զարգանալու իրաւունքները։

Համազգային միասնութիւնն ու միակամութիւնն են, որոնք մեզի պիտի փրկեն ու երաշխաւորեն մեր ապագան մեր իսկ տան մէջ։

Հարկաւոր է միջազգայնացնել Հայաստանի ու Արցախի հարցերը։ Մինսկի խումբէն մինչեւ ՄԱԿ ու միջազգային դատարաններ։

Խորհրդային սահմանները գծուած են Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ որոշումներով։ Մենք լռելու եւ անտարբերութեան իրաւունք չունինք։

Յեղափոխակա՞ն ես, թէ՞ հակայեղափոխական, հի՞ն ես, թէ՞ նոր, Սեւ ե՞ս, թէ՞ սպիտակ՝ մէկն ես՝ Հայ, Արմէն։ Քու տեսակիդ, քու կենսատարածքիդ, քու տանդ, քու բնակարանիդ, քու ապրելու ու գոյատեւելու խնդիրը
դրուած է այսօրուան քաղաքական սեղաններուն։ Դուն պէտք է զգօն ըլլաս ու պատասխանատու։ Դուն պէտք է բռունցքուիս դուն քու շուրջ ու դուրս գաս, քեզմով հրապարակներ ու փողոցներ լեցնես, որպէսզի թոյլ չտաս անդառնալի կործանման գործընթացները։

Վեր կաց, Հայ Երիտասարդ։

Քու ապագայիդ հարցը կ՝արծարծեն անոնք, որոնք թքած ունին, թէ ինչպէս պիտի գոյատեւես։ Մի՞թէ արիւնդ չեռար այսօրուան անարդարութիւններէն ու դաժանութենէն։ Մի՞թէ հացով է միայն ու երակներուդ մէջ ոգեղէն կրակ չկայ։ Մի՞թէ անիմաստ զոհուած են մեր նահատակները։ Մէկ կողմ դիր այսօրուան խնդիրները եւ ապրիր վաղուան օրով, վաղուան համար։

Զարթնիր Հայ զինուորական ու սպա, աշխարհազօրային ու անվտանգութեան աշխատակից։ Զարթնիր, եթէ երակներուդ մէջ կաթիլ մը պատուախնդրութիւն ու վրէժ կայ, եթէ կը գիտակցիս այսօրուան կործանարար քաղաքական ընթացքները, մի լռեր, մի նիրհեր, մի հանգստանար, այլ բարձրաձայնէ ու միացիր անոնց, որոնք դեռ արթուն են, որոնց չի խուլցուցած համաշխարհային յեղափոխութեան թաւշեայ թմբիրը։

Արթնցիր, իմ Սփիւռք, իմ համայն հայութիւն։ Արթնցիր ամենուր, ուր որ ես։ Դուն ես մեր պատմական հայրենիքի ու ինքնութեան պահանջատէրը, մեր գոյութեան երաշխաւորը։ Մէկ կողմ դիր հատուածականութիւն ու տեղային մտածողութիւն, կուսակցականութիւն ու պատեհապաշտութիւն։ Քու Հայրենիքդ քու միասնական կամքիդ կարիքը ունի այսօր»։

Դէպի ԱրարատDepi Ararat»։

ԲԱՐԻ ԳԱԼՈՒՍՏ ԽՈՅԻ(ՀԱՅԻ) ԴԱՐԱՇՐՋԱՆԻՆ, ՈՐԸ ՊԻՏԻ ՋՆՋԻ ՁԿԱՆ ԹՈՂԱԾ ԱՐՀԱՎԻՐՔԸ, ՈՐԸ ԳԼԽԻՑ ԱՐԴԵՆ ՀՈՏԱԾ ԷՐ…

Նիւթը Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail