Քաղաքակրթութիւն, Ազգ եւ ՀայրենիքԿը Պահէ եւ Կ՝իմաստաւորէ Գերակառոյցը (Յ. Պալեան)
11 ՅՈՒԼԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Պէտք է խօսիլ ազգ եւ հայրենիք գոյացնող, հող եւ բնակիչ իմաստաւորող գերակառոյցի մասին, լուսաւորելու համար մեր ներազգային պայքարները, որոնք կրնան յանգեցնել իրենց հետապնդած նպատակի հակառակին:
ԳԵՐԱԿԱՌՈՅՑը ընդհանուր բնութագրումով ՄՇԱԿՈՅԹն է, որ կ’ընդգրկէ կրօն-հաւատքը, իմաստներու արարումը՝ տեսիլքը, գրականութիւն, բանաստեղծութիւն, արուեստ, լեզու, կրթութիւն, պատմութիւն, որոնք, համագումար, հաւաքականութեան ինքնութիւնն են, որ կը վկայէ շարունակութեան, հաւատարմութեան եւ արմատներու մասին: Առանց այս բոլորին ինքնուրոյն հաւաքականութիւնները կ’այլանան, հուսկ՝ կ’այլասերին:
Եթէ պահ մը մեր ազգի եւ հայրենիքի անմիջական կացութիւնը անսեթեւեթ քննութեան ենթարկենք, առանց կեղծ-իրաւ արդարացման դիւանակալական փորձերու,- որոնք վերջին հաշուով պարտութեան խոստովանութիւն են,- հարց տանք մենք մեզի, թէ ո՞ւր կ’երթանք-կը տանին եւ ինչո՞ւ, կրնա՞նք չերթալ եւ ինչպէ՞ս: Հայաստան՝ նաեւ ազգի համրանքի մեծամասնութիւն՝ սփիւռք:
Այս մասին մեր փոխարէն ո՛չ ոք պիտի մտածէ:
Ազգային-քաղաքական մտածողութիւնը կ’այլասերի, երբ ծանծաղի մասնակիի մէջ, մասնակի՝ մշակոյթ, մասնակի՝ հաւաքականութիւն, մասնակի՝ պատասխանատուութիւն, մասնակի՝ պարտաւորութիւն, մասնակի՝ դեր, մասնակի կրթութիւն, մասնակի՝ ծառայութիւն: Օրինակ, հայ ժողովուրդի պատմութեան ուսուցում, ներառնելով՝ հայ եկեղեցին, որ մեր պատմութենէն անբաժանելի է: Օրինակ, հայոց ազգային լեզուն, որ հասարակ յայտարար է, ազգը միացնող ուժ: Օրինակ՝ գրականութիւնը, որուն մէջ ժողովուրդ մը ինքզինք կը տեսնէ եւ ինքզինք կը դրսեւորէ: Օրինակ՝ հայրենատիրութիւն-հայրենասիրութիւնը՝ որ կ’ապրուի հայրենիքով եւ հայրենիքի մէջ, ճշմարիտ յանձնառութեամբ: Օրինակ՝ արուեստ՝ ո՛չ ուրիշներու կապկում, այլ՝ սեփական հանճարի եւ հարազատի դրսեւորում: Օրինակ՝ ինքնիրեն հաւատարիմ լեզու, որ օտարով չի խորթանար:
Համագումար՝ ազգային իրաւի քաղաքականութիւն, զոր կը ստանձնէ իրաւ ղեկավարութիւնը: Այս ընելու համար անցեալի, ներկայի եւ ապագայի համապարփակ տեսիլք պէտք է ունենայ ղեկավարութիւնը, կրպակային դիրքապաշտութենէ անդին:
Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի բազմագոյն եւ բազմաշերտ ղեկավարութիւնները յիշուած բոլոր հարցերու մասին պէտք է խօսին, քննեն, բիւրեղացնեն, որոշեն միացման հասարակացը, որպէսզի դիմագրաւենք հայրենիքին եւ ընդհանրապէս մեր ազգին եւ հարենիքին սպառնացող վտանգները, ունենանք տոկալու, տեւելու եւ վերականգնելու ռազմավարութիւն, որ իւրացուի բոլորին կողմէ:
Օրինակ, ամենէն տեսանելին՝ հայերէնը: Ան պաշտպանուա՞ծ է այսօր Հայաստանի մէջ ամէն կարգի անհարազատութիւններու եւ այլասերումներու դէմ, ան որքանո՞վ ինքնութեան լեզու է սփիւռք(ներ)ի մէջ, հաւաքականութեան եւ ո՛չ համրանքի չնչին փոքրամասնութեան համար: Հայերէնը կ’այլասերի, Հայաստան եւ սփիւռքներ, նոյն ընթացքով տանելով նաեւ ազգը: Մենք կամ չենք մտահոգուիր այս հարցով, կամ կը գոհանանք մասնակիով եւ կարկտանով: Լեզուի աղճատումն ալ կ’արդարացնենք ըսելով՝ որ լեզուն կը յառաջդիմէ: Օտարախօսութիւնն ալ գործնապաշտական կարգախօս է, ընկերային դասակարգ փոխելու սնափառութիւն, ներսը եւ դուրսը:
Հայաստան եւ սփիւռք, համընդհանուր ձեւով պէտք է ուսուցուի հայոց պատմութիւն եւ Հայաստանի աշխարհագրութիւն, ոչ միայն հանրապետութեան մէջ: Ընդհանուր բնորոշումով մշակոյթը ինքնութիւն կը կերտէ, այդ կ’ընէ պատմութիւնը նաեւ, որուն անքակտելիօրէն մաս կը կազմէ հայրենիքի աշխարհագրութիւնը: Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը հիւսուած է տարածքի մը վրայ, ուր մարդիկ աշխատած են, համագործակցած են, ստեղծագործած են բնութեան վրայ դնելով իրենց դրոշմը, գիր-գրականութիւն, ճարտարապետութիւն, հողին եւ բնութեան ընդելուզուած հողամշակութիւն, արհեստներ: Այդ բոլորով է որ հողը դարձած է հայրենիք, Գառնի-Գեղարդ, Երեբունի, Էջմիածին, բայց այսօր Հանրապետութեան սահմաններէն դուրս՝ Մայր Քաղաք Անի, Վան եւ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցի:
Իրաւատիրութեան դպրոց է պատմութիւնը, որ կը զարգացնէ՝ հայրենատիրութիւնը:
Հայաստանի բնակիչը, սերունդները, պէտք է գիտնան իրաւ պատմութիւնը, որ փարիա չըլլան: Սփիւռքի տարտղնուած բազմութիւնները, հին եւ նոր սերունդները, հայրենատէրի գիտակցութիւն ունենալու համար պատմութիւն պիտի գիտնան, չբաւարարուելով շաբաթավերջի գետին թոփող պարերով եւ սիրեմ-սիրեսի աղմկային երգերով: Սփիւռքը պատմաբաններ ունի, բայց չունի պատմութիւն գիտցող ժողովուրդ: Կարգախօսները փուչիկ են՝ բաղդատած պատմութեան բերած դրոշմին: Այս անգիտութիւնը դարմանել օգտագործելով ժամանակակից ճարտարագիտական միջոցները, շքեղ կառոյցներէ աւելի այս մարզին մէջ նեդրում ընելով:
Գոյատեւման եւ իրաւունքի ձեռքբերման հզօր զէնք պէտք է դարձնել խօսուած-գրուած հայերէնը, նոյն հունով՝ նաեւ գրականութիւնը: Տեղատուութեամբ ո՛չ կարելի է պայքարիլ, ո՛չ ալ յաջողիլ: Սփիւռքի տասնեակ միլիոնը հայախօս դարձնել ապագայի կերտման ռազմավարութիւնն է, չհասնելու համար հոն՝ որ նորերը ըսեն, թէ՝ իրենց հայրը հայ էր, ընդունելով ծագումով հայու անվերակագնելի պարտութիւնը: Սփիւռքի տասը միլիոնը հայախօս դարձնել, որ հայ մշակոյթ եւ գրականութիւն ըլլան կենդանի, չըլլան ջերմանոցային տարաշխարհիկ (exotique) բոյս, որ կը զարդարէ ինքնատպութիւն փնտռող տիկիններու տուները:
Ցուցանիշ է հայ գրախանութներու անհետացման պարագան: Ֆրանսական հեռատեսիլը խօսեցաւ բազմացող գրատուներու մասին, որ կը նշանակէ ընթերցողներու բազմացում: Հայկական մեծաթիւ համայնքները գրատուն չունին, քանի որ հայերէնը դադրած է մշակոյթի եւ ինքնութեան խարիսխ ըլլալէ: Երեւոյթը չ’անհանգստացներ անգլերէնով կամ տեղական լեզուով գոհացող էսթէպլիշընթը:
Հայաստանի իշխանութիւնը ծրագրուած եւ հետեւողական ձեւով այս խնդրի կենսագործումով պէտք է զբաղի, առանց ցուցադրական եւ յառաջդիմութիւն համարուող ճարտարագիտական-տեխնոլոգիական ուսուցումով բաւարարուելու: Ինչո՞ւ համազգային տեսիլքով մը, համահայկական ծրագիր մը չունենալ այս խնդրով, պետական վարկ յատկացնելով, բարերարութիւնները նաեւ այս ուղղութեամբ օգտագործելով, ներազգային հզօրացում իրականացնել: Եւ չգոհանալ «թուքով կպցրած» անապագայ եւ անվաղորդայն լուծումներով, նոյնիսկ երբ զանոնք կ’արժանացնենք ծափերու, մամուլի սնափառական հռետորութեան:
Այս հեռանկարային աշխատանքը աթոռ-աթոռակի տիրացման հետապնդումէն անդին է: Հոգեբարոյական եւ մշակութային գերակառոյցը առաջնահերթութիւն պէտք է ըլլայ եւ չէ: Իսկ սփիւռք(ներ)ի գեղակառոյց եւ ինքնասիրութիւն շոյող մարմարները եւ յաջողութիւնները հետագային կը դառնան յիշատակի հետք, ինչպէս ասիական մեծ ոստաններու հայկական եկեղեցիները, որոնք զբօսաշրջային տեսարաններ են, իրենց օտար պահակներով:
Պարզ է. անմիջականութիւնները գերանցող համահայկական տեսիլքով պէտք է առաջնորդուիլ, առաջնորդուէինք, օր մը չդառնալու համար տարաշխարհիկ (exotique) բոյսի նման ժողովուրդ, որ կ’օրօրուի ծագումով հայ ըլլալու յիշատակով:
Ընկերաքաղաքական, քաղաքակրթական եւ գիտական բնաշրջումները արագացած են: Եթէ այսօր հաւաքաբար չորդեգրենք տոկալու եւ տեւելու կամք, կ’ըլլայ, գրողի խօսքով, «նորի սկիզբ, բայց ոչ նախկինի շարունակութիւն»: Օր մըն ալ պատմաբանը կ’արձանագրէ: Կ’արձանագրէ ի՞նչ բան:
Պատմութեան հոլովոյթին մէջ ենք, առանձին չենք: Այս մասին խորհած են պատմաբաններ եւ իմաստասէրներ, փորձելով բացատրել ժողովուրդներու եւ քաղաքակրթութիւններու դիմագրաւած դժուարութիւնները: Կ’արժէ, որ ընթացիկ քաղաքական խաղերէ, լրագրական-ամբոխավարական իրարանցումներէ, եսերէ եւ սնափառութիւններէ անդին, պատմական հայեացքով դիտենք մեր կացութիւնը եւ մեր նախաձեռնութիւնները:
Պատմաբանները եւ իմաստասէրները յաճախ իրենց վերլուծումներուն օրակարգ դարձուցած են քաղաքակրթութիւններու անհետացումը: Հարց տուած են, օրինակ, որ Հռոմի անկման պատճառը հռոմէացիները իրե՞նք էին, թէ իրենց վրայ յարձակած բարբարոսները: Քաղաքկրթութեան մը անհետացումը տեղի կ’ունենայ արտաքին պատճառներու հետեւանքո՞վ,- ինչպէս պատերազմներ, բնական աղէտներ, համաճարակներ,- թէ՞ ներքին կործանման եւ ապիկարութեան, ձախաւեր ուղղութիւններու որդեգրումով:
Անգլիացի մեծ պատմաբան Առնոլտ Թոյնպիի վճիռը յստակ է. «Քաղաքակրթութիւնները կը մեռնին ինքնասպանութեամբ եւ ոչ ոճիրի հետեւանքով»: Ֆրանսացի պատմաբան Ռընէ Կրուսէ ալ նոյն կարծիքը կը յայտնէ, ըսելով որ քաղաքակրթութեան մը մահը տեղի կ’ունենայ «իր ձեռքով, յստակատեսութեան, քաջութեան եւ դիմադրականութեան պակասով», այսինքն՝ ներքին մաշումը աւելի հզօր է քան՝ արտաքին նախայարձակումները կամ կլիմայական պատճառները:
Հէկէլ կ’ըսէ, որ քաղաքակրթութիւնները կը կառուցուին կեդրոնական գաղափարի մը շուրջ, որ կը մարմնաւորուի իր ճարտարապետութեամբ, արուեստներով, ընկերային կազմակերպութեամբ եւ կառոյցներով, բարոյականով, կենսակերպով: Երբ քաղաքակրթութիւն մը այդ գաղափարէն կը հեռանայ, պատմութեան բեմէն կ’անհետանայ, քանի որ վերջ տուած կ’ըլլայ իր դերին: Այդպէս եղած են եգիպտացիները, յոյները, հնդիկները: Իրենք դեռ կը տեւեն, բայց իրենց քաղաքակրթութիւնները անհետացած են: Միշտ պէտք է յիշել Վիգէն Խեչումեանի խօսքը. Կ’ԸԼԼԱՅ ՆՈՐԻ ՍԿԻԶԲ ԲԱՅՑ Ո՛Չ ՆԱԽԿԻՆԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ:
Ժողովուրդներ եւ քաղաքակրթութիւններ անհետացած են ո՛չ անպայման ֆիզիքական մահով, այլ՝ գաղափարական, ոգեկան, մշակութային, կորսնեցնելով իրենց ինքնուրոյնութիւնը բնորոշող այն բոլորը, զոր կը կոչենք գերակառոյց, մշակոյթ, կրօն, աշխարհահայեացք:
Մեր պատմութեան ներկայի հանգուցային պահուն, այս տեսանկիւնէ պէտք է դիտենք եւ դատենք մեր կացութիւնը, պայքարները, պառակտումները: Թերեւս ելք կը գտնենք, կը վերականգնինք, յաղթահարելով ներքին մաշումները:
yerakouyn.com/2021/07/05/քաղաքակրթութիւն-ազգ-եւ-հայրենիքկը-պա/