Թալեպանները Թուրքիայէն Կը Պահանջեն ՕԹԱՆ-ի Անդամ Միւս Երկիրներուն Նման Իր Ուժերը Հեռացնել Աֆղանիստանէն

Թալեպանները Թուրքիայէն Կը Պահանջեն ՕԹԱՆ-ի Անդամ Միւս Երկիրներուն Նման Իր Ուժերը Հեռացնել Աֆղանիստանէն

13 ՅՈՒԼԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:

Թալեպան շարժումի բանբեր Սուհէյլ Շահին նշեց. «Թուրքիան պէտք է իր ուժերը ԱՖղանիստանէն հեռացնէ Միացեալ Նահանգներու հետ 29 փետրուարին մեր ստորագրած համաձայնութեան հիմամբ, եւ նկատի ունենալով, որ անիկա ՕԹԱՆ-ի անդամ է»: Այս մասին հաղորդեց աֆղանական «Թոլօ նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը:

«Նկատի ունենալով, որ Թուրքիան իսլամական մեծ պետութիւն է, ապա ԱՖղանիստան անոր հետ պատմական յարաբերութիւններ ունի, եւ կը յուսանք ապագային մեր երկրին մէջ իսլամական նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք անոր հետ սերտ ու լաւ յարաբերութիւններ ունենալ», նշեց ան:

Թալեպան շարժումը այդպիսով մեկնաբանեց Թուրքիոյ` ՕԹԱՆ-ի ուժերուն ԱՖղանիստանէն հեռացումէն ետք Քապուլի օդակայանի անվտանգութիւնը ապահովելու առաջարկը:

Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, Անգարա այս առաջարկը Ուաշինկթընին տրամադրած էր մայիսին ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու ժողովի ընթացքին, երբ Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները ԱՖղանիստանէն իրենց ուժերու հեռացման ծրագիրը քննարկեցին:

Կը նախատեսուի, որ թրքական առաջարկին շուրջ քննարկումները շարունակուին այս շաբաթ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ընթացքին:

After visiting a 12th century church in occupied Hadrut, Azeri President Ilham Aliyev ordered the removal of medieval inscriptions, calling them “fake” (Video screenshot)

www.aztagdaily.com/archives/515728

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail