Թուրքիան Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Դէմ Պայքարի Համար Նոր Արշաւի Կը Սկսի
13 ՅՈՒԼԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
Թուրքիոյ կառավարութիւնը որոշ ոլորտներու մէջ կը սկսի «հանրային դիւանագիտութեան» արշաւի` ուղղուած Թուրքիոյ «խարխլած վարկի բարելաւման»: Այս մասին կը գրէ «Նորտիք Մոնիթըր»-ը:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին կից հասարակութեան հետ կապերու գրասենեակը երեքշաբթի օր հրապարակած էր «Հանրային դիւանագիտութեան ազգային ռազմավարութիւն»-ը եւ «Գործողութիւններու ծրագիր»-ը` ուղղուած 2021-2023 թուականներուն սեւ քարոզչութեան դէմ պայքարին եւ «Թուրքիա» ապրանքանիշի ամրապնդման:
Գործողութիւններու ծրագիրին համաձայն, պիտի ձեւաւորուին 26 նոր յանձնախումբեր եւ 16 աշխատանքային խումբեր, որոնք պիտի կեդրոնանան այդ հարցերուն վրայ, որոնցմով վերջին տարիներուն կը զբաղի Թուրքիան:
Ստեղծուելիք յանձնախումբերէն մէկը պիտի զբաղի «1915 թուականի իրադարձութիւններով եւ անհիմն պահանջներու դէմ պայքարով»: Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումը ցոյց տուաւ, որ Թուրքիան վերջապէս չէ յաջողած կանխարգիլել զայն նախագահի մակարդակով:
Միւս յանձնախումբերէն մէկուն անունն է «Օրէնք, արդարութիւն, մարդու իրաւունքներ եւ իրաւասութիւն», ինչպէս նաեւ կայ «Թուրքիոյ ապրանքանիշի բարելաւում» անունով յանձնախումբը:
www.aztagdaily.com/archives/515722