Իր Երդմնակալութեան Արարողութեան Ընթացքին. «Սուրիական Բռնագրաւուած Մնացեալ Հողերը Ահաբեկչութենէն, Ամերիկեան Եւ Թրքական Ուժերէն Ազատագրելը Մեր Առաջնահերթ Մարտահրաւէրն Է» Կ՛ըսէ Պաշշար Ասատ
19 ՅՈՒԼԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ շաբաթ, 17 յուլիս 2021-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ նախագահական չորրորդ շրջանի սահմանադրական իր երդումը կատարեց` իբրեւ Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ:
Երդման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներ, քաղաքական, կուսակցական, գիտական, մշակութային եւ լրատուական մարզերու ներկայացուցիչներ, քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօնապետներ, ինչպէս նաեւ նահատակներու եւ վիրաւորներու ընտանիքներ:
Յետ երդման արարողութեան, նախագահ Ասատ արտասանեց ճառ մը, որուն ընթացքին ըսաւ. «Կ՛ոջունեմ ձեզ անկումով յատկանշուող այս ժամանակներուն` կայուն հայրենիքիս անունով, դատարկաբանութիւն տարածող այս ժամանակներուն` փառապանծ հայրենիքիս, արեան գնով հայրենիքը պաշտպանող ու զայն իր սրտին ու հոգւոյն մէջ պահող ժողովուրդիս անունով»:
Ապա շեշտեց, որ Սուրիոյ ժողովուրդը պատերազմի տասը տարիներուն իր գիտակցութեամբ հաստատեց, որ ազատութեան ճամբան բռնած ժողովուրդները ետդարձ չունին, որքան ալ դժուարութիւններու հանդիպին:
Նախագահ Ասատ այնուհետեւ դիտել տուաւ. «Սուրիոյ ժողովուրդը, որ տասնամեայ դաժան պատերազմին դէմ պայքարեցաւ եւ յաջողեցաւ իր գրաւուած հողերուն մեծամասնութիւնը վերստին ազատագրել, այսօր անկասկած կարողութիւնը ունի վերականգնելու նաեւ իր տնտեսութիւնը, հակառակ ներկայ դժուար պայմաններուն»:
Ապա ան աւելցնելով ըսաւ, որ սուրիական բռնագրաւուած մնացեալ հողերը ահաբեկչութենէն, ամերիկեան եւ թրքական ուժերէն ազատագրելը մեր առաջնահերթ մարտահրաւէրն է: Բռնագրաւող ուժերը պատերազմի սկզբնական շրջանին ջանացին ահաբեկչութեամբ սարսափի մատնել մեր ժողովուրդը եւ Սուրիոյ քաղաքացին վերածել վարձկանի, որպէսզի ան վաճառէ իր երկիրը եւ դառնայ թշուառ եւ դժբախտ իր իսկ հայրենիքին մէջ, սակայն Սուրիոյ վեհանձն ժողովուրդը չտարուեցաւ այդ խաբուսիկ արարքներով եւ տիրութիւն ըրաւ իր հայրենիքին»:
Նախագահական պալատէն յատուկ հրաւէրով, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխաններ Ժիրայր Ռէյիսեան, դոկտ. Նորա Արիսեան, իրաւաբան Լիւսի Իսկէնեան եւ Սուրիական օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան անդամ Լենա Էլէյճեան եւս կը մասնակցէին երդման արարողութեան:
Աւարտին, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդը տեսակցութիւն ունեցաւ Սուրիոյ վարչապետին, կրօնից նախարարին, հանրապետութեան միւֆթիին ու նախարարներու հետ եւ սուրիահայութեան անունով իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց այս առիթով:
www.aztagdaily.com/archives/516475