«Չկայ Կարգավիճակ, Չկայ Լեռնային Ղարաբաղ, Իսկ Զանգեզուրը Մեր Նախնիքներու Հայրենիքն Է, Եւ Մենք Մեր Սեփական Հողին Վրայ Կը Գտնուինք» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Here is an ancient world map in the Italian city of Rome, showing neither today's Azerbaijan nor the Ottoman Empire and Republic of Turkey.

«Չկայ Կարգավիճակ, Չկայ Լեռնային Ղարաբաղ, Իսկ Զանգեզուրը Մեր Նախնիքներու Հայրենիքն Է, Եւ Մենք Մեր Սեփական Հողին Վրայ Կը Գտնուինք» Կ՛ըսէ Ալիեւ

24 ՅՈՒԼԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:

քոչուոր թափառաշրջիկ թուրքերըԹուրքիոյ հանրապետութեան պետական ռեժիմի պաշտօնեաները եւ քոչուոր թափառաշրջիկ թուրքերը

Ազրպէյճանը պիտի շարունակէ ամրապնդել Հայաստանի հետ սահմանին վրայ իր դիրքերը: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

«Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելը Երեւան կատարած այցելութեան ժամանակ սահմանամերձ տարածքները վիճելի կոչած է: Ճիշդը` համաձայն չեմ այդ արտայայտութեան հետ, որովհետեւ այդ տարածքները մերը կը նկատենք: Ես կը նկատեմ, որ անոնք Զանգեզուրի տարածքներն են, իսկ Զանգեզուրը մեր նախնիքներու հայրենիքն է, եւ մենք մեր սեփական հողին վրայ կը գտնուինք», ըսած է Ալիեւ:

Ազրպէյճանի նախագահը ըսած է, թէ Շարլ Միշելի Պաքու կատարած այցելութեան ընթացքին անոր փորձած է բացատրել, որ «իրենք դուրս եկած են իրենց սահմաններուն մօտ», իսկ թէ ինչո՛ւ ինքնին մայիսին, որովհետեւ ձիւնը հալած է: «Ամրապնդուած ենք ու կ՛ամրապնդուինք», ըսած է ան:

Ալիեւ նշած է, թէ Հայաստանը չի կրնար հաշտուիլ յետպատերազմեան իրականութեան հետ: «Հաւանաբար, հոգեբանական տեսանկիւնէն իրականութիւնը ընկալելու համար անոնց ժամանակ պէտք է», ըսած է ան:

Ան «իմաստուն քայլ» որակած է Շարլ Միշելի կողմէ «կարգավիճակ», «Լեռնային Ղարաբաղ» բառերը չօգտագործելը եւ նշած, որ Հայաստանը ատկէ պէտք է եզրակացնէ, որ «ո՛չ կարգավիճակ, ո՛չ Լեռնային Ղարաբաղ կայ»: Ալիեւ ըսած է, որ եթէ հայերուն հաճելի է այդ անուանումը, անոնք կրնան Հայաստանի մէջ այդ անունով շրջան ունենալ:

Ազրպէյճանի նախագահը 22 յուլիսին «Ազ.Թի.Վի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, թէ Արցախի վերաբերեալ Պաքուի եւ Մոսկուայի դիրքորոշումները կը համընկնին. «Ազրպէյճանն ու Ռուսիան ղարաբաղեան տագնապը աւարտած կը նկատեն»:

Ալիեւ յայտարարած է, որ 20 յուլիսին Մոսկուա կատարած այցելութեան ընթացքին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ քննարկած է շրջանին մէջ տիրող կացութեան վերաբերեալ շարք մը հարցեր:

«Մենք քննարկած ենք շրջանին մէջ յետպատերազմեան կացութիւնը, ներառեալ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը եւ տագնապէն ետք ինկած ժամանակահատուածը: Մենք` Ռուսիան ու Ազրպէյճանը, մօտեցումներու շուրջ տարակարծութիւններ չունինք. մենք կը կարծենք, որ պատերազմը աւարտած է, տագնապը աւարտած է», յայտարարած է Ալիեւ:

Անոր համաձայն, «կարեւոր է Հայաստանի մէջ կանխարգիլել վրէժխնդրութեան դրսեւորումները եւ ատկէ ետք շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատել»:

«Պատերազմի վտանգները պէտք է նուազագոյնի հասցուին եւ ջնջուին: Մենք այդ հարցին շուրջ Ռուսիոյ հետ տարակարծութիւններ չունինք, մենք համակարծիք ենք: Ինչ կը վերաբերի «Զանգեզուրի միջանցք»-ին, ապա ես պարոն Փութինին տեղեկացուցի, որ Հայաստանը կրկին անկեղծ չէ այդ հարցին մէջ: (Եւրոպական խորհուրդի նախագահ) պարոն Շարլ Միշելի հետ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսի, որ շրջանին մէջ բոլոր հաղորդակցութիւնները պէտք է միաժամանակ բացուին, եւ պէտք չէ ընտրովի մօտեցում կիրարկուի: Սակայն մենք կը տեսնենք, որ Հայաստանը անգամ մը եւս կ՛ուզէ այստեղ խաղ մը խաղալ», յայտարարած է ան` աւելցնելով, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը պէտք է բացուի 9 նոյեմբերի եռակողմ համաձայնութեան 9-րդ կէտին համաձայն:

Ալիեւ նաեւ անդրադարձած է Ռուսիոյ հետ երկկողմանի յարաբերութիւններուն` ընդգծելով. «Ազրպէյճանն ու Ռուսիան ռազմավարական գործընկերներ են»:

«Մենք իրական ռազմավարական գործընկերներ ենք, մենք երկարաժամկէտ ռազմավարական համագործակցութեան շուրջ տարակարծութիւններ չունինք: Մենք շատ ամուր բարեկամական կապեր ունինք, եւ անձամբ ես պարոն Փութինի հետ շատ մտերմիկ յարաբերութիւններ ունիմ: Մենք քաղաքական գործիչներ ենք, որոնք կը վստահին իրարու, ատիկա շատ կարեւոր է, եւ իմ վերջին այցելութեանս ժամանակ քննարկուած են երկկողմանի համագործակցութեան հարցեր», յայտարարած է Ալիեւ:

Map of the Ancient World Rome and Armenia – showing neither today’s Azerbaijan nor the Ottoman Empire and Republic of Turkey.

www.aztagdaily.com/archives/516762

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail