Դաւաճանութիւններուն դերը՝ հայակական պետականութիւններու կործանման մէջ – Անի Մելքոնեան

Դաւաճանութիւններուն դերը՝ հայակական պետականութիւններու կործանման մէջ – Անի Մելքոնեան

20 ՅՈՒԼԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ, ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԷՋԵՐ.

Անի ՄելքոնեանԿարդալ նաեւ արեւելահայերեն

Հայոց բազմահազարամեայ պատմութեան մէջ պետականութիւններու պատմութիւնը մօտ 5000 տարեկան է, սկսած Արատտայէն (Ք.Ա. 28-26-րդ դարեր) հայկական պետական կազմաւորումները յաջորդեր են զիրար՝ ժամանակի ընթացքին վերածուելով մէկ կեդրոնացուած հայկական պետութեան եւ ընդգրկելով ամբողջ Հայկական լեռնաշխարհը: Սակայն հայոց պատմութեան մէջ քիչ չեն եղած նաեւ պետականազուրկ ժամանակներ, որոնք յաճախ տեւեր են դարեր եւ իրենց ողբերգական կնիքը դրեր են Հայաստանի ու հայութեան ճակատագիրին վրայ:

Տարբեր ժամանակներու հայկական պետականութիւններու անկման նպաստեր են ոչ այնքան արտաքին թշնամիները կամ ռազմական պարտութիւնները, որքան ներքին պառակտումներն ու անոնց հետեւանքով տեղի ունեցած դաւաճանութիւնները: Իսկապէս դաւաճանութեան հետեւանքով էր, որ 428 թ.-ին ինկաւ հայոց Արշակունեաց թագաւորութիւնը:

Այժմ, փոքր ինչ մինչեւ 428 թուականն ինկած իրադարձութիւններուն մասին:

Պապ թագաւորի դաւադիր սպանութենէն յետոյ, հայոց Արշակունեաց թագաւորութիւնը զգալիօրէն թուլացաւ: Ատոր յաջորդած խժդժութիւնները, ներքին անհաշտութիւնները, հայ նախարարներու կեդրոնախոյս ձգտումներն ի վերջոյ հանգեցուցին Հայաստանի բաժանման Պարսկաստանի եւ Հռովմէական կայսրութեան միջեւ (387 թ.): Հռովմին անցաւ Հայաստանի արեւելեան, իսկ Պարսկաստանին՝ արեւմտեան հատուածը, կարճ ժամանակ անց՝ Արշակ Գ-ի մահէն յետոյ Հռովմը վերացուց հայկական թագաւորութիւնը, նոյնը 389 թ.-ին փորձեց ընել Պարսկաստանը՝ գահազրկելով եւ բանտարկելով Խոսրով Դ-ին: Սա յառաջ բերաւ հայ նախարարներու հուժկու դիմադրութիւնը, որուն հետեւանքով ալ պարսից արքան տեղի տուաւ եւ գահ բարձրացուց Խոսրով Դ-ի եղբօրը՝ Վռամշապուհին (389-414 թթ.):

Թեմային վրայ շատ չծանրանալու համար, ըսենք միայն, որ Վռամշապուհ արքայի մահէն յետոյ, պարսից արքան հայոց գահին նշանակեր էր իր դրածոյին՝ Շապուհ անունով։ Հայ նախարարները սակայն, դիմադրեցին եւ անոնց պահանջով 322 թ.-ին Հայաստանի արեւելեան մասին Վռամ 5-րդ Գոռը գահին բարձրացուց Արտաշէս (Արտաշիր) Արշակունիին, կարճ ժամանակ անց սակայն, կրկին սկսեցան ներքաղաքական գզվռտոցները, նախարարները դժգոհ էին իբր թէ արքայի վարած շուայտ կեանքէն՝ սակայն իրականութեան մէջ արքան փորձեր էր սահմանափակել նախարարներու իրաւունքները։ Բարձրացաւ դժգոհութիւններու ալիքը, ի վերջոյ նախարարները որոշեցին գահընկեց ընել Արտաշիր արքային՝ փորձելով իրենց կողմը գրաւել նաեւ Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսին։ Վերջինս ընդդիմացաւ՝ ըսելով. «Քաւ լիցի, որ ես իմ մոլորուած ոչխարը մատնեմ գայլերուն…, ինչպէ՞ս կարելի է այդ իմ ախտաւոր ոչխարը փոխել առողջ գազանի մը հետ, որուն առողջութիւնն ալ մեզի համար պատուհաս է»: Սակայն հայ նախարարները չլսեցին հայոց կաթողիկոսի խորհուրդը, գտնելով, որ աւելի լաւ կ՛ըլլայ եթէ ժամանակ առ ժամանակ պարսիկ մը գայ ու զիրենք ղեկավարէ։ Ի հարկե պարսից արքան օգտուեցաւ այս առիթէն եւ պարսկասէր նախարարներուն հրահրեց կեղծ ապստամբութեան ու անոնց պահանջով 428 թ.-ին գահընկեց ըրաւ Արտաշիր Արշակունիին: Հայաստանը վերածուեցաւ պարսկական մարզպանութեան:

Հայոց Արշակունեաց թագաւորութիւնն ինկաւ, սակայն պետական կառոյցները առհասարակ պահպանուեցան, մասնաւորապէս՝ ուժեղ աւագանիին եւ կայուն զինական ուժին շնորհիւ հնարաւոր եղաւ 457 տարի անց՝ Բագրատունիներու անզիջում պայքարին շնորհիւ 885թ.-ին վերականգնել հայոց թագաւորութիւնը:

Հայոց պատմութեան մէջ առաւել ողբերգական, եւ կարելի է ըսել նաեւ կործանարար էին դաւաճանութիւնները Բագրատունեաց թագաւորութեան անկման շրջանին:

Յովհաննէս-Սմբատ թագաւորի կեանքի վերջին տարիներուն անոր արքունիքէն ներս առաջնակարգ դերակատարութիւն ունէր Սարգիս Սիւնեցին՝ առաւել յայտնի Վեստ Սարգիս անունով։ Վերջինս կը ձգտէր ստանալ Անիի թագը, բայց Մատթէոս Ուռհայեցիի վկայութեամբ. «ոչ ընդունեցին զնա ազգն Բագրատունեաց… »:

Վեստ Սարգիսը Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոսին հետ հասաւ անոր, որ բիւզանդական արշաւանքէն վախցող Յովհաննէս-Սմբատ արքան Անին կտակեց Բիւզանդիային (արքայի թուլակամութիւնը եւս կարելի է դաւաճանութիւն համարել):

Ի վերջոյ, երբ Վեստ Սարգիսն ու Պետրոս Գետադարձը հայոց երիտասարդ արքայ Գագիկ Բ Բագրատունիին համոզեցին եւ ուղարկեցին Բիւզանդիայ, իբր կայսրին հետ բանակցելու (իրականութեան մէջ արքան ձերբակալուեցաւ), իսկ Բիւզանդիան կը ձգտէր ամեն կերպով նուաճել մայրաքաղաք Անին, Սահակ Պարթեւի դեռ 428 թ.-ին տուած դասը չսերտած եւ անոր հակապատկեր՝ իր արծաթասիրութեամբ յայտնի Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոսն

աշխուժացաւ եւ որոշեց իր մօտ պահուող քաղաքի բանալիները յանձնել Բիւզանդիային։ Այդ նպատակով ան դիմեց բիւզանդական կուսակալին. «Իբրեւ ետես հայրապետն Պետրոս զայսպիսի խորհուրդ, թէ ու՛մ եւ իցէ՛ ի գնալ է քաղաքս, առաքէ առ այն (բիւզանդական կուսակալին- Ա.Մ.), որ ունէր զիշխանութիւն արեւելից կողմանն, որ նստեր ի քաղաքն Սամուսատ… եւ գրէ, թէ՛ Ծանո՛ թագաւորին, թէ մեզ զինչ հատուցանէ փոխարենս, եւ ես տայ զքաղաքս եւ զայլ ամուրս որ յաշխարհիս են: Իսկ նա, իբրեւ լուաւ, փութապէս ծանոյց թագաւորին. եւ լուեալ թագաւորին, գանձինք եւ իշխանութեամբ հաճեալ զկամս նորա, եւ այսու տիրեցին Անւոյ եւ ամենայն աշխարհին»:

Հայոց կաթողիկոսը գանձի եւ իշխանութեան՝ իսկ Վեստ Սարգիսը թագաւոր դառնալու ակնկալիքով, ժողովուրդի մէկ հատուածին համաձայնութեամբ՝ մայրաքաղաք Անին յանձնեցին Բիւզանդիային:

Այսպիսով, 1045 թ.-ին փաստօրէն Անին յանձնուեցաւ Բիւզանդիային, եւ հայոց թագաւորութիւնն ինկաւ, իսկ անկէ ետք տեղի ունեցած իրադարձութիւնները սկիզբ դրին հայոց պատմութեան երկարատեւ ողբերգական մէկ շրջանին, երբ թագաւորութեան անկումէն յետոյ քոչուոր ցեղերու շարունակական հարուածներուն տակ կործանուեցաւ նաեւ պետականութիւնը՝ անգամ թագաւորական իշխանութեան բացակայութեամբ երկրի կայունութիւնը պահող հայ նախարարական տուները աստիճանաբար քոչուորներու հարուածներուն տակ հեռացան պատմութեան ասպարեզէն, վերացուեցաւ հայկական զինուժը, ինչը կոտրեց հայ ժողովուրդի դիմադրելու կարողութիւնը, սկսեցաւ աւերի, կողոպուտի, հարիւրամեակներու ստրկութեան ու կոտորածներու՝ ոչ թէ մէկ, այլ քանի մը դարը (որոշ հեղինակներ կը համարեն 800 տարի, ոմանք՝ 600, ոմանք ալ 500 տարի), մինչեւ 1918 թ.-ի Մայիս 28-ի արշալոյսը, երբ աւելի քան կէս հազարամեակի փլատակներուն վրայ՝ Արամի, Դրոյի, Սիլիկեանի ու միւս նուիրեալներու գերմարդկային ջանքերուն գնով նորէն յառնեցաւ հայկական պետականութիւնը, թէեւ փոքրիկ ու գրեթէ անկենսունակ թուացող, բայց կէս հազարամեայ ստրկութենէն յետոյ՝ առաջին հայկական պետականութիւնը:

Եւ կը թուար, որ այդ պետութիւնը դարեր շարունակ օտարներու լուծին տակ հիւծուող, ստրկացած ու հլու մորթուող հայութեան բոլոր շերտերուն համար առանձնակի հոգածութեան եւ սիրոյ առարկայ պէտք է ըլլայ, եւ կարծես այդպէս էլ կար, բացառութեամբ հայութեան ներսը բոյն դրած օտարոտի տարրերու՝ հայ բոլշեւիկներու, որոնք հեշտութեամբ գործիք դարձան հայկական պետականութիւնը կործանել ձգտող թիւրքի ու Ռուսաստանի բոլշեւիկեան շրջանակներուն ձեռքին:

Անիի դաւաճանական յանձնումէն պակաս ողբերգական հետեւանքներ չունեցաւ 1920 թ.-ի Հոկտեմբերի 30-ի Կարսի դաւաճանութիւնը:

Բաւական շատ քննարկուեր է այն հարցը, թէ ի վերջոյ ի՞նչ տեղի ունեցաւ Կարսի մէջ, ի՞նչն էր պատճառը, որ հայկական բանակը, որ բաւարար չափով հանդերձաւորուած ու զինուած էր, առանց կռիւի յանձնեց Կարսը, այն պարագային, երբ կը թուար, թէ Կարսի մէջ

հաւաքուեր էին բազմաթիւ հայրենասէր հայ երիտասարդներ, բայց «Այդ «հայրենասէր» հայ երիտասարդները, յայտնուելով դիրքերու վրայ, վճռական պահին նախ կը սկսէին գոռալ, թէ «… մեր ընկեր բոլշեւիկներուն դէմ մենք կռուիլ չենք ուզեր, եկող թիւրքերը մեր ընկերներն են», յետոյ ցուցադրաբար մէկդի կը նետէին զէնքը եւ կը դիմէին փախուստի, հորդորելով միւս զինուորներուն ալ հետեւիլ իրենց օրինակին»:

Հայոց բանակին վրայ իր քայքայիչ ազդեցութիւնը ունեցեր էր հայ բոլշեւիկներուն կողմէ տարուող դասալքութեան քարոզը, քեմալա-լենինեան ուժերու դաշնակից հայ բոլշեւիկներու նպատակն էր՝ հայ-թիւրքական պատերազմին ամեն կերպով հասնիլ Հայաստանի Հարապետութեան պարտութեան եւ հայկական պետականութեան վերացման. այդ մասին կւ վկայէ նաեւ անոնց յղուած մեզի արդէն քաջածանօթ «Յոյժ գաղտնի» վերնագրուած հեռագիրը, որն այսօր կը պահուի Հայաստանի ազգային արխիւին մէջ: Այդ հեռագրէն կը կարդանք.

«Հայաստանի կոմունիստներու (բոլշեւիկներու) կեդրոնական կոմիտէն հրահանգում է կուսակցութեան բոլոր կազմակերպութիւններին, թէ՛ թիկունքի, թէ՛ ռազմական գօտիներում եւ յատկապէս Կարսի Գարնիզոն մեկնող բոլշեւիկների անհատ զինուորների շրջանում եւ առանձին հաւաքոյթներում, ինչպէս նաեւ թռուցիկների միջոցով ծաւալել լայն պրոպագանդա ընդդէմ պատերազմի, հիմնական խնդիր դարձնելով՝ Թիւրքիան այլեւս նախկին Թիւրքիան չէ եւ Հայաստանի նկատմամբ ագրեսիւ նպատակներ չունի: Քեմալական Թիւրքիան Խորհրդային Ռուսաստանի դաշնակիցն է եւ պայքարում է իր ազգային ազատութեան համար՝ ընդդէմ իմպերիալիզմի (Անգլիայի, Ֆրանսիայի, Յունաստանի): Հանրապետական Հայաստանի յաղթանակը Թիւրքիայի վրայ՝ կը նշանակի իմպերիալիզմի ուժեղացումը Մերձաւոր Արեւելքում եւ դրանով իսկ կը վտանգի յեղափոխութեան յաղթանակը Անդրկովկասում, ապա նաեւ՝ Արեւելքի խորհրդայնացումը: Հայ բոլշեւիկ կոմունիստների խնդիրը պէտք է լինի՝ արագացնել հանրապետական Հայաստանի պարտութիւնը, որով եւ կարագացուի Հայաստանի խորհրդայնացումը: Սրա համար պէտք է.

Կազմալուծել հայկական կռուող բանակը բոլոր միջոցներով, դրանք են.

ա) կազմակերպել դասալքութիւն եւ ամեն կերպ խանգարել զօրահաւաքին

բ) ռազմաճակատներում հասկացնել զինուորներին, որպէսզի նրանք չկրակեն յառաջացող թրքական զինուորների վրայ, այլ լքելով դիրքերը՝ վերադառնան թիկունք գ) չենթարկուել սպաների հրամաններին եւ հարկ եղած դէպքում ոչնչացնել նրանց: Այս ամենի հետ ամենաէականն է հասկացնել հանրապետական Հայաստանի զինուորներին, որ յաղթող թրքական ասկիարը յեղափոխական ասկիար է, որը ոչ միայն իրեն թոյլ չի տայ որեւէ գործողութիւն պարտուած երկրի վերաբերեալ, այլ կ՛օժանդակի աշխատաւոր հայ ժողովրդին` ազատուելու իմպերիալիստական գործակալ դաշնակցութիւնից:

Նորից ու նորից բացատրել, որ դաշնակցականների տիրապետութիւնից ազատուելով՝ Հայաստանը ընդմիշտ կը կապուի Ռուսաստանի հետ, ընդմիշտ վերջ կը տրուի

պատերազմին եւ սովին, ու մշտական ընդհարումներից քայքայուած երկիրը կը լիանայ Ռուսաստանի հացով եւ մասնակիցը կը դառնայ համաշխարհային յեղափոխութեան մեծ գործի:

Ծանօթութիւն – Գրութիւնը կարդալ սահմանափակ ժողովում եւ կարդալուց յետոյ անմիջապէս այրել: Հայաստանի կոմ. կուս. կենտրոնական կոմիտէի անդամներ՝ Ս. Կասեան, Ա. Մռավեան, Ա. Նուրիջանեան, Շ. Ամիրխանեան, Ի. Դովլաթեան, Ա. Յովհաննիսեան Նո. 218, Բաքու, 1920 ՍԵՊ. 20 »:

Ահա, այս եւ նմանատիպ այլ դաւաճանութիւններուն հետեւանքով ինկաւ Կարսը, բայց իրական ողբերգութիւնը տեղի ունեցաւ յետոյ, որովհետեւ Կարսի անկումը շղթայական ազդեցութիւն ունեցաւ եւ ի վերջոյ հանգեցուց հայկական պետականութեան կորուստին, չէի՞ն գիտեր արդեօք հայ բոլշեւիկները, թէ ինչ հետեւանքներ կրնար ունենալ Կարսի անկումը, վստահաբար գիտէին, եւ համերաշխ էին Մուստաֆա Քեմալի արտայայտած միտքին հետ՝ «Մենք պէտք է ոչնչացնենք հայկական բանակը եւ հայկական պետութիւնը»։ Քեմալի այս նպատակին հետ լիովին համերաշխ է նաեւ ժամանակի յայտնի բոլշեւիկ գործիչ Անաստաս Միկոյեանը. «….միտքը «Մեծ, Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի» մասին հանդիսանում է խիստ յետադիմական, վտանգաւոր ու յանցաւոր ցնորական մի գաղափար, որի դէմ պէտք է պայքար ծաւալի բոլշեւիկեան կուսակցութիւնը…. »:

Ուրե՛մն հայ բոլշեւիկները արդեօք գիտակցաբա՞ր կը զոհաբերէին Հայաստանը, կրնանք վստահաբար պնդել, այո՛, որովհետեւ «Հայկական պետութիւնը վերացնելու, Հայաստանի տարածքները նուաճելու իր ձգտումներուն մէջ, ինչպէս արդէն ըսինք, Թիւրքիան մինակ չէր. անոր հետ էր ոչ միայն բոլշեւիկեան Ռուսաստանը, այլեւ հայ բոլշեւիկը, որն այնքան օտարացեր էր իր ազգէն ու թշնամանքով լեցուեր էր հարազատ պետութեան նկատմամբ, որ առանց վարանելու զոհաբերեց իր ազգի ու պետության շահերը` յանուն ինչ-որ անիրական «Համաշխարհային յեղափոխութեան», եւ այլեւս կասկած չկայ, որ անոնք Հայաստանը կը զոհաբերէին գիտակցաբար, ոչ թէ միամտութեան կամ անտեղեակութեան պատճառով»:

Համաշխարհային յեղափոխութեան ունայն միտքերով տարուած հայ բոլշեւիկները հայութեան դարաւոր թշնամի թիւրքին եւ ռուս բոլշեւիկին հետ ձեռք ձեռքի տուած, ոչ միայն Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի, այլև հայկական պետութեան գոյութեան դէմ կը պայքարէին, եւ ամենեւին պատահական չէր, որ Թիֆլիսի «Կոմունիստ» թերթը Հոկտտեմբեր 24-ին ցնծութեամբ կը գրէր. «….Թիւրքերի յարձակումը Հայաստանի վրայ մեծ հրճուանք պատճառեց բոլշեւիկներին»: «Մնում է միայն ուրախանալ, որ Դաշնակցական Հայաստանը գտնւում է այն պոզահարող կովի վիճակում, որին Աստուած եղջիւրներ չի տուել»:

Հոկտեմբեր 30-ի Կարսի ամօթալի յանձնումը, ըստ էութեան, վճռեց Հայաստանի Հանրապետութեան յետագայ ճակատագիրը: Կարճ ժամանակ անց թիւրքերու ձեռքն անցաւ նաեւ Ալեքսանդրապոլը…

Կարսի յանձնումը չափազանց ծանր նստեցաւ Հայաստանի վրայ. նախ՝ երկիրը կորսնցուց իր

անկախութիւնը, ապա` 1921 թ.-ի Մարտ 16-ի (ճիշդը 18-ի) Մոսկուայի եւ Հոկտեմբեր 13-ի Կարսի պայմանագիրներով Հայաստանը զրկուեցաւ շարք մը տարածքներէ։ Նոյն թուականի Յուլիս 5-ին Արցախը ապօրինաբար կցուեցաւ Ատրպէյճանին, Կարսի պայմանագրով Նախճաւանը եւս տրուեցաւ այդ երկրին։ Հայաստանին մնաց միայն Զանգեզուրը, այն ալ` Նժդեհի գլխաւորութեամբ մղուած երկարատեւ ու հերոսական պայքարին շնորհիւ:

Այսպիսով՝ հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ, որպէս մեծագոյն դաւաճաններ մնացած Կասեանը, Նուրիջանեանը, Աթարբեկեանն ու միւսները թիւրքերու եւ Լենինի հետ ձեռք ձեռքի տուած կործանեցին հայկական պետականութիւնը, յանուն «համաշխարհային յեղափոխութիւն» կոչուած անիրական մտայնութեան, եւ ի հարկէ, յանուն Հայաստանի մէջ, ուր երբեւէ ժողովրդական աջակցութիւն չէին ունեցած՝ օտարի օգնութեամբ իշխանութիւնը ձեռք բերելու մոլուցքին:

Անփառունակ այս դաւաճաններու ապազգային գործունեութեան հետեւանքով էր, որ Հայաստանը կորսնցուց իր տարածքներու մեծագոյն մասը՝ Կարսի մարզը, Սուրմալուի գաւառը, Արցախը, Նախճաւանը, եւ Սեւրի պայմանագիրի հիման վրայ՝ Վիլսոնի իրաւարար վճիռով մեզի հասանելիք Արեւմտեան Հայաստանի 90.000 քառ. կմ-ը:

Անոնց գործունէութեան հետեւանքով, Հայաստանը զրկուեցաւ ժամանակի յառաջադէմ ու հայրենասէր ռազմական ու քաղաքական գործիչներէն ու մտաւորականներէն, որոնք կա՛մ սպաննուեցան, կա՛մ ալ տարագրուեցան…

1991 թ.-ի Հայաստանը կրցաւ վերականգնել իր անկախութիւնը՝ շնորհիւ դեռ 1988-ին Արցախէն սկսած համազգային զարթօնքին, հայութիւնը կրցաւ միահամուռ ուժերով ազատագրել նաեւ Արցախը, որ հայկական անկախ պետականութեան կայուն զարգացման եւ յետագայ հզօրացման գրաւականն էր:

Կը թուար, թէ հայոց պատմութեան մէջ դաւաճանութիւններուն էջը փակուած է՝ Արցախի ազատագրումն ու Հայաստանի անկախութիւնն ալ անշրջելի իրողութիւն, բայց այն, ինչ տեղի ունեցաւ 2020-ի Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներուն՝ սառն ցնցուղ էր դաւաճանութիւններու էջը փակած հայության կամ գոնէ անոր մէկ հատուածին համար։ 2020 թ.-ի Հոկտեմբերին լոյս տեսած «Դրօշակ»-ի 10-րդ համարով, Կարսի անկման նուիրուած մեր յօդուածին մէջ գրեր էինք. «Այսօր Հայաստանի մերօրեայ հանրապետութեան համար 1990-ականներուն ազատագրուած Արցախն ունի նոյն կարեւորութիւնը, ինչ Առաջին Հանրապետութեան համար Կարսը, եւ ցաւօք սրտի, այսօր ալ կան հասարակական ու քաղաքական շրջանակներ, որոնք շարունակական քարոզչութիւն կը տանին այն ուղղութեամբ, որ «այս թիւրքը նախկին թիւրքը չէ», «թիւրքը բարեկամ է»` այս կոչերը համեմելով չափազանց գայթակղիչ խաղաղութեան խոստումով՝ միաժամանակ ծաղրելով Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի գաղափարն ու վտանգաւոր համարելով ազգ-բանակ հայեցակարգը»:

Յետագայ իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ, ցաւօք, մեր մտավախութիւնը ճիշտ էր, Արցախը վերածեցին «Կարսի», միայն մէկ տարբերութեամբ՝ եթէ Կարսը յանձնուեցաւ թշնամիի ձեռքին գործիք դարձած եւ Հայաստանէն ներս իշխանութիւն չունեցող բոլշեւիկներու ջանքերուն որպէս հետեւանք, ապա Արցախի դաւադիր յանձնումը կատարուեցաւ Հայաստանի՝ թշնամիի ձեռքին ոչ պակաս գործիք դարձած իշխանութեան ձեռքով, որուն ղեկավարը 2020թ.-ի Նոյեմբեր 9-ին հերոսաբար կռուող բանակին եւ անոր մէջքին ամուր կանգնած հայության թիկունքէն դաւադիր գործարքի մէջ մտաւ թշնամիին հետ եւ յանձնուողական համաձայնագիր ստորագրեց:

Փաստաթուղթ, որով Հայաստանը ոչ միայն կորսնցուց Արցախի տարածքի 75%-ը, այլեւ թիւրքն իր աւելի քան հարիւր տարի առաջ նախ՝ Արամի, յետոյ Նժդեհի շնորհիւ վիժեցուած պանթիւրքիզմի ծրագիրին հետամուտ, յայտնուեցաւ իրեն համար անհասանելի երազանք դարձած Զանգեզուրի մատոյցներուն:

Հայաստանի իշխանութիւններու յանցաւոր անհեռատեսութեան հետեւանքով սկիզբ դրուեր է Հայաստանի Հանրապետութեան այդքան դժուարութեամբ պահպանուած տարածքի բզկտման, Հայաստանի ջրային եւ էներգետիկ բնապաշարներու թշնամիին յանձնելու գործընթացին, վտանգի տակ յայտնուեր է ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը, այլեւ, ինչպէս ցոյց կուտան տարածաշրջանային եւ համաշխարհային իրադարձութիւնները, հայութեան ֆիզիկական գոյութիւնը:

Իսկ ի՞նչ ընել դաւաճանութեան սարդոստայնէն դուրս գալու համար՝ ի հարկէ, գլխաւոր պայմանը պետական դաւաճանութիւն իրականացուցած անձին պետութեան ղեկավարի պաշտօնէն հեռացնելն է, ինչը, ինչպէս կը տեսնենք, բաւական բարդ է, քանզի ան դեռ ընելիքներ ունի՝ թշնամիի շահերը սպասարկելու տեսանկիւնէն, միաժամանակ հայ հասարակութեան որոշ մէկ հատուած (թերեւս արդէն ոչ մեծաթիւ) դեռ չէ ընկալած տեղի ունեցած ակնյայտ դաւաճանութեան փաստը:

Պետութեան մնացորդացը դաւաճանի ճիրաններէն փրկելու համար անզիջում պայքար սկսած ընդդիմադիր ուժերը սակայն լաւ սերտեր են 4-րդ դարում Սահակ Պարթեւի տուած դասը՝ ազատել պետութիւնը «ախտաւոր ոչխարէն», միաժամանակ զայն չյանձնելով օտարի ճիրանները (հեռացնել օրուայ իշխանութիւնը, առանց արտաքին ուժերու միջամտութեան):

Ի հարկէ, հաշուարկուած գործողութիւններու եւ ճիշտ քայլերու շնորհիւ, դեռ որոշակիօրէն պահպանուած պետական կառոյցներու հիմքին վրայ, կարելի է կրկին հայկական պետականութիւնը ոտքի հանել, ինչը օրակարգային հարց է, եւ կը կարծենք, ոչ այդքան երկար ժամանակ անց հնարաւոր կ՛ըլլայ ամբողջական իշխանափոխութեամբ պետականութեան առողջացման, ինչու չէ, նաեւ վերականգնման գործընթացին սկիզբը դնելուն, սա դժուար, բայց ոչ անիրականանալի գործընթաց է, թէեւ, անգամ այդ պարագային 2020 թ.-ի Նոյեմբեր 9-ի փաստաթուղթը հայոց պատմութեան մէջ կը մնայ,

որպէս մեծ պետական դաւաճանութիւն, իսկ այդ փաստաթուղթի բացասական հետեւանքները, ցաւօք, դեռ շատ երկար ժամանակ պիտի կրենք…

Իսկ թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս ինկաւ Արցախը, ինչպէ՞ս եւ ինչի՞ դիմաց թշնամիին յանձնուեցաւ անոր համար անմատչելի բերդաքաղաք Շուշին, այս հարցերուն պատասխանը այսօրուայ իշխանութիւնը՝ վարչապետի գլխաւորութեամբ, վաղ թէ ուշ պէտք է տայ ոչ միայն պետական դաւաճանութեան գործը քննող դատարաններուն, այլ նաեւ ապագայ սերունդներուն ու պատմութեան, այն պատմութեան, որն ամենաանկաշառ դատաւորն է, եւ արդար վճիռով իր տեղը կը դնէ դաւաճաններուն եւ հերոսներուն, ինչպէս իրենց արժանի տեղը դրաւ 70 տարի «դաւաճան» պիտակուած դրոներուն, նժդեհներուն եւ արամներուն… Չէ՞ որ դաւաճանութիւնը այն միակ մեղքն ու յանցանքն է, որ երբէք չի ներուիր թէ՛ ազգին, թէ՛ պատմութեան, եւ թէ՛ Աստուծոյ կողմէ…

————————————————————————————————————————————————————————————

ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Մ. Խորենացի, Հայոց պատմություն., Եր. 1997, էջ 268-269:

2. Մատթեոս Ուռհայեցի, Ժամանակագրութիւն., Եր., 1991, էջ 94-95:

3. Պատմութիւն Արիստակիսի Լաստիվերցւոյ., Եր., 1963., էջ 62-63:

4. Հարությունյան Վ., Կարսի հանձնումը: Զինվորական դավադրության վարկածը, «Վէմ» համահայկական հանդես, Եր., 2018, թիվ 4 (64), էջ 317-318:

5. ՀԱԱ, ֆ. 1022, ց. 3, գ. 275, թ. 1:

6.Հարությունյան Վ., Առաջին Հանրապետություն. Կարսի վերջնախաղը, Եր., 2018, էջ 112:

7. Նույն տեղը:

8. Ա.Մելքոնյան Կարսի անկումը. պատճառներ և դասեր, «Դրօշակ» թիվ 10(1644), հոկտեմբեր 2020, էջ 42:

9. Վրացեան Ս., Հայաստանը բոլշեւիկեան մուրճի եւ թրքական սալի միջեւ, Պէյրութ, 1953, էջ 111:

10. Ա.Մելքոնյան Կարսի անկումը. պատճառներ և դասեր, «Դրօշակ» թիվ 10(1644), հոկտեմբեր 2020, էջ 44:

ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒԱԾ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐՈՒ ԵՒ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՑԱՆԿ

ա) Աղբիւրներ

1. ՀԱԱ, ֆ. 1022, ց. 3, գ. 275, թ. 1:

բ) Գրականութիւն

1. Մ. Խորենացի, Հայոց պատմություն, Եր. 1997:

2. Մատթեոս Ուռհայեցի, Ժամանակագրութիւն., Եր., 1991:

3. Պատմութիւն Արիստակիսի Լաստիվերցւոյ., Եր., 1963:

4. Հարությունյան Վ., Առաջին Հանրապետություն. Կարսի վերջնախաղը, Եր., 2018

5. Վրացեան Ս., Հայաստանը բոլշեւիկեան մուրճի եւ թրքական սալի միջեւ, Պէյրութ, 1953:

գ) Մամուլի նիւթեր

1. Հարությունյան Վ., Կարսի հանձնումը: Զինվորական դավադրության վարկածը, «Վէմ» համահայկական հանդես, Եր., 2018, թիվ 4 (64):

2. Ա.Մելքոնյան Կարսի անկումը. պատճառներ և դասեր., «Դրօշակ» թիվ 10(1644), հոկտեմբեր 2020:

Անի Մելքոնեան

«Դրօշակ», թիվ 7 (1653), հուլիս, 2021 թ.

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Մովսէս Նաճարեան

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ – ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»
Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail