Արցախցի ֆետայիներու մասնակցութիւնը Խանասորի արշաւանքին
25 ՅՈՒԼԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Խանասորի արշաւանքին մասնակից հայդուկներու ցանկը կազմուած է 1900 թուականին, Դաշնակցական զինագործ ֆետայի Գալուստ Ալոյեանի կողմէ։ 253 ֆետայի հաշուող արշաւախումբին մաս կազմած են 28 արցախցիներ, որոնք կազմած են արշաւախումբի 10 տոկոսը։ Դիւան Հ.Յ. Դաշնակցութեան Բ. հատորին մէջ հրատարակուած է ցանկը արշաւախումբի ֆետայիներուն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք արցախցի ֆետայիներուն ցանկը։ Յայտնենք, որ անուանացանկին մէջ Գալուստ Ալոյեանի նշած Գանձակը՝ իբրեւ աշխարհագրական տարածք նկատի ունեցած է Արցախը, ինչպէս նաեւ արցախցիներու ցանկին մէջ ներառուած են Հիւսիսային Արցախի պատմական Գարդմանքի բնակավայրերու մասնակից ֆետայիները։
*
Քրիստափոր Ալէք. Օհանեան, կեղծանունը Մխիթար, Շուշեցի, 33 տարեկան, բժիշկ, Ժընեւի համալսարանից, զինավարժ, հայր չունի, ամուրի, հետեւակ։
Սարգիս Մկրտչ. Յարութիւնեան, կեղծանունը Վարդան, Շուշեցի, 30 տարեկան, գործակատար, Շուշու թեմ. դպրոցը աւարտած, զինավարժ, փախստական յեղափ. գործի համար, հայր չունի, ամուրի, ձիաւոր, հրամանատար։
Նիկողայոս Տէր Մկրտչ. Տէր Յովհաննիսեան, կեղծանունը Դուման, Ղարաբաղի Ղշլաղ գիւղից, 31 տարեկան, ուսուցիչ, Շուշու թեմական դպրոցը աւարտած, զինավարժ, հայր չունի, ամուրի, հետեւակ։
Ասատուր Գասպ, Չիթչեան, Շուշեցի, Կատելշչիկ, 20 տարեկան, գրագէտ, զինավարժ, հայր չունի, ամուրի, ձիաւոր։
Կոլիա Բախշիբէգ Ասրիբէգեան, կեղծանունը Բէկ, Շուշեցի, կալուածատէր, 33 տարեկան, ռէալական դպր. 4-րդ դասարանից, կամաւոր զինուոր, ամուրի, ձիաւոր, խմբապետի օգնական։
Արսէն Աւան. Մելիք-Փաշինեան, կեղծանունը Մելիք, Շուշի Ծովատեղ գիւղից, վաճառական, 28 տարեկան, մասնաւոր դպրոցից, զինավարժ, ամուրի, ձիաւոր։
Գրիգոր Յարութ. Միրզաբէգեան, կեղծանունը Խէչօ, Չարվադար, Շուշու Ֆիրաջամալ գիւղից, գործակատար, 25 տարեկան, Շուշու թեմ. դպր. 3-րդ դասարանից, զինավարժ, ամուրի, ձիաւոր։ Արշաւանքին հիւանդացած։
Արշակ Խաչ. Քարհանեան, կեղծանունը Ասլան, Շուշեցի, վաճառական, 26 տարեկան, գրագէտ, զինավարժ, փախստական իբր աւազակ, հայր չունի, ամուրի, ձիաւոր։
Թեւան Բաղտանեան, Շուշեցի, ակնագործ, 31 տարեկան, գրագէտ, զինավարժ, հայր չունի, ամուրի, հետեւակ, տասնապետ։ Սեփական մաւզեր հրացանով, որը նուիրեց կազմակերպութեան։
Գրիգոր Սարգս. Գանջումեան, Գանձակի Հադրուտ գիւղից, կօշկակար-կազմարար, 21 տարեկան, ծխական դպրոցից, անվարժ, ամուրի, հետեւակ։
Արշակ Տէր Յովհաննիսեան, կեղծանունը Պիծի-Աշոտ. Գանձակի Բալուջա գիւղից, զինագործ, 25 տարեկան, Շուշու թեմ. դպրոցի 3-րդ դասարանից, զինավարժ, ծնողք չունի, ամուրի, հետեւակ։ Արշաւանքի »Թավրաւա« բլուրի հերոսը։
Բարսեղ Գէորգ, Եղեանց, կեղծ. Վարդան, Գանձակի Գետաշէն գիւղից, հիւսն, 23 տարեկան, գրագէտ ռուս. զինուոր, փախստական, մայր չունի, ամուրի, հետեւակ։ Արշաւանքին փողհար։
Ալեքսան Սողոմոն Տէր Եփրեմեան, Գանձակի Գետաշէն գիւղից, դարբին, 21 տարեկան, գրագէտ, միջակ զինավարժ, հայր չունի, ամուրի, հետեւակ. արշաւանքին հիւանդացած։
Կարապետ Սահակ, Գալստեան, Գանձակի Կարմունջ գիւղից, հիւսն, 21 տարեկան, անգրագէտ, զինավարժ, փախստական մարդասպանութեան պատճառով, հայր չունի, ամուրի, հետեւակ։
Աւետիս Վարդանեան, կեղծանունը Աւօ, Գանձակի Բանանց գիւղից, հիւսն, 27 տարեկան, գրագէտ, զինավարժ, ամուրի, հետեւակ։
Թադէոս Մելիք-Ալլահվերտեան, կեղծ. Ներսէս, Շուշեցի, ոսկերիչ, 20 տարեկան, գրագէտ, միջակ զինավարժ, փախստական մարդասպանութեան պատճառով, ամուրի, հետեւակ։
Սարգիս Առաքել Սարումեան, կեղծ. Սամուէլ, Գանձակի Հադրուտ գիւղից, որմնադիր, 21 տարեկան, անգրագէտ, ռուս. զինուոր, փախստական, մայր չունի, ամուրի, հետեւակ. արշաւանքին հիւանդացաւ։
Եղիշէ Անդրէաս, Ստեփանեան, կեղծ. Իսրայէլ. Գանձակեցի, հիւսն, 22 տարեկան, գրագէտ, ռուս. զինուոր, փախստական, ամուրի, հետեւակ։
Աղալօ Մկրտիչ, Ստեփանեան, կեղծ. Թեւոս, Գանձակի Նախիջեւանիկ գիւղից, ծառայող, 28 տարեկան, գրագէտ, միջակ զինավարժ, ամուրի, հետեւակ։
Պօղոս Խաչատր, Բարսեղեան, կեղծ. Թաւատ, Գանձակի Քարենտկեց գիւղից, ծառայող, 30 տարեկան, գրագէտ, միջակ զինավարժ, ամուրի, հետեւակ։
Գրիգոր Յակովբ, Ասրեան, կեղծ. Մուսա, Գանձակի Նորաշէն գիւղից, ծառայող, 22 տարեկան, գրագէտ, միջակ զինավարժ, հայր չունի, ամուրի, հետեւակ։
Նիկոլա Յարութիւնեան, Գանձակեցի, հիւսն, 21 տարեկան, գրագէտ, միջակ զինավարժ, ծնողք չունի, ամուրի, հետեւակ։
Ստեփան Մուսայէլեան, Գանձակի Չարդախլու գիւղից, երկրագործ, 23 տարեկան, գրագէտ, զինավարժ, ամուրի, հետեւակ։
Յարութիւն Մարկոսեան, Գանձակի Չարդախլու գիւղից, երկրագործ, 20 տարեկան, գրագէտ, զինավարժ, հայր չունի, ամուրի, հետեւակ. արշաւանքին վիրաւորուած։
Յովհաննէս Գրիգորեան, Գանձակի Չարդախլու գիւղից, երկրագործ, 22 տարեկան, անգրագէտ, զինավարժ, ծնողք չունի, ամուրի, հետեւակ։
Յարութիւն Զաւադեան, Գանձակի Գետաշէնից, գործակատար, 22 տարեկան, գրագէտ, ռուս. զինուոր փախած ծառայութիւնից, հայր չունի, ամուրի, հետեւակ։
Ղուկաս, Շուշեցի, արհեստաւոր, 24 տարեկան, գրագէտ, զինավարժ, փախստական, ամուրի, հետեւակ։
*
Արշաւախումբին մաս կազմած է նաեւ մէկ այլազգ ֆետայի, որուն մասին Ալոյեան տուած է հետեւեալ տեղեկութիւնը.
Սամուէլ, տաճիկ, Կիլիկեցի, 23 տարեկան, անգրագէտ, տաճիկ զինուոր, փախստական, ծնողք չունի, ամուրի, հետեւակ, տասնապետի օգնական։ 99-ին Շաշոյի խմբի հետ գնաց Վան։
horizonweekly.ca/en/արցախցի-ֆետայիներու-մասնակցութիւնը/