Արեւմտահայերէն… Սփիւռքահայ Գրականութիւն… (3). (Յակոբ Չոլաքեան)
05 ՕԳՈՍՏՈՍ 2021 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:
Տարագրութեան ճամբաներուն վրայ դեգերող վերապրողները եւ յաջորդող տասնամեակներուն իրարու ետեւէ կատարուած գաղթերը (Կիլիկեան պարպում, ներքին գաւառներէն հայոց ներհոսք դէպի Սուրիա, Լիբանան եւ Իրաք, 1939-ին Աղեքսանդրէթի սանճաքի հայաթափում) բազմապատկեցին ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔի մեր գաղութներն ու հայութեան թիւը:
Յիշենք, որ իբրեւ նախկինին անմիջական շարունակութիւնը՝ Պոլիսը ունէր հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային իր կառոյցները: Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ հոգեւոր ու կրթական կառոյցներէն բան մը կարելի էր գտնել Աղեքսանդրէթ-Պէյլանի, Մուսա լերան, Քեսապի շրջաններուն մէջ, Դամասկոսի, Տէր Զօրի, Պէյրութի ու մանաւանդ Եգիպտոսի մէջ: Երուսաղէմի մէջ կը գործէր Հայոց պատրիարքարանը, իսկ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մնացած էր միայն Հալէպի թեմը: Սահակ Բ. Խապայեան տարագիր կաթողիկոսը անուրանալի դեր կատարեց Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ նոր գաղթականութեան վերականգնումի աշխատանքներուն մէջ:
Ու ամէնէն առաջին գործը, որ կը տեսնենք այս տարածքին մէջ, նախկին դպրոցներու վերաբացումն էր եւ հարիւրաւոր ուրիշներու հիմնումը հիւղաւաններու, հայաշէն գիւղերու, աւաններու եւ քաղաքներու արուարձաններուն մէջ: Հայ գաղթականութիւնը ուր որ կը հասնէր՝ դպրոց կը ցանէր Իրաքի, Սուրիոյ, Լիբանանի, Յորդանանի, Պաղեստինի, Կիպրոսի եւ Եգիպտոսի մէջ եւ անոնցմէ անդին՝ մինչեւ Խարթում եւ Ատիս Ապապա…: Սա պետական տարողութիւն ունեցող հսկայական աշխատանք ու միջոց կ’ենթադրէր: Դպրոցաշինական այս մեծ գործին մէջ, բացի յարանուանական մեր թեմական իշխանութիւններէն, մեծ դերակատարութիւն ունեցան հայրենակցականները, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու հայ միութիւնները, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, օտար միսիոնարական կազմակերպութիւններ, անհատ բարերարներ…: Սա նախաեղեռնեան մեր դպրոցական կեանքի վերընձիւղումն էր, եւ ասոր հետեւանքով է, որ գերազանցապէս թրքախօս, քրտախօս, արաբախօս ու բարբառախօս մեր զանգուածները սեփականացուցին արեւմտահայերէնը, եկեղեցին դարձաւ հայախօս, միութիւնները նոյնպէս, փողոցն ու տուները…Ասիկա հրաշք չէր՝ ի՛նչ էր հապա…Ահաւասիկ այս խեղճուկրակ նախակրթարաններու եւ հատուկենտ ճեմարաններու գրասեղաններուն առջեւ շարադրուեցան սփիւռքահայ գրականութեան Մերձաւոր Արեւելքի գրական մշակները: Այստեղ անշուշտ շատ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցան մեր վերապրող գրողները իբրեւ ուսուցիչ ու խմբագիր՝ Յակոբ Օշական, Վահան Թէքէեան, Երուանդ Օտեան: Ահաւասիկ այստեղ ու այսպէս ծնունդ առաւ սփիւռքահայ գրականութեան տեղական կրթութեամբ ու արեւմտահայերէն ծլարձակող Մերձաւոր Արեւելքի բաժինը՝ Մուշեղ Իշխան, Անդրանիկ Ծառուկեան, Վահէ Վահեան, Սիմոն Սիմոնեան, Եդուարդ Պոյաճեան, Արմէն Անոյշ… յաջորդ սերունդներէն՝ Պօղոս Սնապեան, Վահրամ Մաւեան, Գէորգ Աճէմեան, Լեւոն Վարդան, Վահրամ Ալաճաճեան, Թորոս Թորանեան …Գաղութատիրական բեռը թօթափելէ ետք՝ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրները երբեք խաղաղ ու հանգիստ ըլլալ չկրցան. յեղաշրջումներ, արաբ-իսրայէլեան պատերազմներ, քաղաքացիական կռիւներ, թրքական ներխուժում Կիպրոս. ասոնք մեծապէս վնասեցին հայկական գաղութներուն ու կը շարունակեն վնասել մինչեւ օրս: Ազգային կրթութեան հետամուտ՝ այդ երկիրներուն մէջ, նաեւ պետական կրթական ծրագիրներու բերած հարկադրանքին տակ, հայերէնի ուսուցումը եւ հայերէնաւանդ նիւթերու դասաւանդութիւնը ծանրագոյն սահմանափակումներու ենթարկուեցան 1946-1970 թուականներուն, բայց ի պատիւ մեր գաղութներուն, յատկապէս Պէյրութ, Հալէպ ու Պոլիս, պահ-պահ աւելի արդիւնաւէտ դարձան: Նոր գաղութներ ձեւաւորուեցան, գործեց Քուէյթի երկրորդական վարժարանը (կարելի չէ արդարացնել այն փաստը, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ մենք գոհացանք միայն միօրեայ վարժարաններով):
Առանձին կարեւորութեամբ պէտք է յիշատակել դպրոցական-աշակերտական պարբերաթերթերը, որոնք լոյս կը տեսնէին աշակերտական կազմերով՝ պատասխանատու ուսուցիչի մը գլխաւորութեամբ, ինչպէս Ալեփփօ քոլէճի «Գրասէր»ը, Բեթէլ վարժարանի «Խաչբուռ»ը, Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի «Բամբիռ»ն ու «Ծիլեր»ը, Լազար Նաճարեան վարժարանի «Բարձունք»ը, Կիպրոսի Մելքոնեան կրթ. հաստատութեան «Այգ»ը, Պէյրութի Ճեմարանի «Կանթեղ»ը, Աւետարանական քոլէճի «Անի»ն, Այնճարի Աւետարանական վարժարանի «Շիրազ»ը, Յառաջ վարժարանի «Մուսա Լեռ»ը…: Այսպիսի աշակերտական պարբերական հրատարակութիւններու մէջ նախ երեւցան երկրորդ ու երրորդ սերունդներու ու մինչեւ մեր օրերու գիր ու դպրութեան, ստեղծագործական կեանքի նուիրեալ մեր հարիւրաւոր մշակները…: Նոյնը ըրին դպրոցական շրջանաւարտիցի կամ սանուցի թերթերը: Կը բաւէ յիշել, որ Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանի «Սան» հանդէսով պայմանաւորուած է սփիւռքահայ գրականութեան ամէնէն յայտնի փաղանգներէն մէկուն երեւումը՝ Զահրատ, Ռոպէր Հատտէճեան, Զարեհ Խրախունի, Իգնա Սարըասլան, Վարդ Շիկահեր…Չափազանց կարեւոր դեր կատարեց նաեւ մեր գրական մամուլը: Հոս յատկապէս կ’ուզեմ յիշատակել Սիմոն Սիմոնեանի «Սփիւռք»ը, մանաւանդ անոր «Սփիւռք-Գարուն» յաւելուածը: Սիմոն Սիմոնեան արեւմտահայերէնի եւ սփիւռքահայ գրականութեան վրայ տեսիլք ունեցող մարդ էր եւ արեւմտահայերէնի ու սփիւռքահայ գրականութեան ծաղկումը կը տեսնէր Իրանէն, Իրաքէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն եւ Ափրիկէէն եկող այս գարունական ձայներուն մէջ: Նոյնը կատարեց նաեւ Պօղոս Սնապեանի «Բագին»ը, որուն շուրջ հաւաքուած երիտասարդները գեղարուեստական ու թարգամանական գրականութեան կողքին լայնօրէն մշակեցին հասարակագիտական, գաղափարական ու քաղաքական բնոյթի գրականութիւն եւս: Կարելի չէ չյիշել Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը, որուն գրական էջին շուրջ համախմբուեցաւ սուրիահայ գրողներու մեծ խմբակ մը ու մանաւանդ՝ մանկապատանեկան «Կկու» յաւելուածը, ուր տեղ ունին նաեւ հայ դպրոցականներու ինքնագիր փորձերը…: Կամայակամայ կ’ուզես յիշատակել խմորատիպ ու տպագիր այն բազմաթիւ թերթիկներն ու պարբերականները, որոնք տեղակատուական իրենց նիւթերուն կողքին տեղ բացին նաեւ գրական նիւթերու՝ ոչ միայն գլխաւոր ու մեծ գաղութներու, այլեւ հեռաւոր ու փոքր շրջանակներու մէջ (ինչպէս Նշան Պասմաճեանի խմբագրութեամբ մինչեւ 2014-ի ներխուժումը լոյս տեսած Քեսապի Համազգայինի «Կասիոս» գրական լրատուն՝ 18 թիւ):
Այսօր Սփիւռքի պայմաններուն մէջ, Հայաստանէն սկսեալ մինչեւ Ամերիկաներ, Աւստրալիայէն Եւրոպա, գրականութեան աւագ, միջին ու բոլորովին երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչները կու գան ահա այսպիսի ենթահողէ՝ Վեհանոյշ Թեքեան, Պօղոս Գիւփէլեան, Խոսրով Ասոյեան, Յարութիւն Պէրպէրեան, Սարգիս Կիրակոսեան, Պետիկ Հերեան, Արա Արծրունի, Յակոբ Միքայէլեան, Մարուշ Երամեան, Արա Ճուհարեան… Ու տակաւին շատ երիտասարդներ, զորս մեր օրերուն աւելի շատ կը տեսնենք համացանցային անհատական ու խմբային հարթակներու վրայ:Պէտք չէ մանաւանդ անտեսել այն մեծ ներդրումը (արեւմտահայերէնով), որ ունին բոլորովին նորեկները հայ բանասիրութեան, պատմագիտութեան եւ ընդհանրապէս հայագիտութեան մարզերէն ներս՝ Գէորգ Եազըճեան, Միհրան Մինասեան, Վարդան Մաթէոսեան (հայկական կրթութեամբ՝ Պուէնոս Այրէս), Լեւոն Շառոյեան, Վարդան Թաշճեան…: Շատ աւելի աշխոյժ են լրագրութեան ասպարէզին մէջ ծառայութիւններ մատուցողները:Այստեղ քննութեան առարկայ չէ սփիւռքահայ արդի գրականութեան արժեւորումը, մերը՝ փորձ մըն է ցոյց տալու, թէ որքան աշխոյժ է ան ներկայիս եւ որքան մեծ է նուիրեալներու թիւը: Եւ այս պատկերին առջեւ ըսել, որ հոգեվարքի մէջ է սփիւռքահայ գրականութիւնը, առնուազն տարօրինակ կը թուի…: Մի՛ երգէք այդ երգը, տարածեցէ՛ք եւ ճանչցէ՛ք սփիւռքահայ գրականութիւնը…:
yerakouyn.com/2021/08/05/արեւմտահայերէն-սփիւռքահայ-գրականու/