Կ՛ահազանգէ Ընկերաբան Գիտնական Ակեդեմիկոսը. «Քաղաքական Օտարուածութիւն» եւ «Արտագաղթ» – Յակոբ Պալեան
05 ՕԳՈՍՏՈՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
«Անօգուտ է դէմքը ծածկել. քաղաքական ճառը անլսելի է: Նոյնիսկ երբ ան 100%ով ճիշդ է, ան չի կրնար լուսաբանել հանրային կարծիքը, որ իրեն նկատմամբ միայն կասկածանք ունի»:
ԼԻՒՔ ՖԵՐՐԻ,
ժամանակակից ֆրանսացի իմաստասէր
Պահ մը պէտք է մոռնալ մեր օրաթերթային վէճերը, կողմնապաշտական հակակրանքները եւ համակրանքները եւ լսել գիտնականի խօսքը: Ի՞նչ կ՛ըսէ Հայաստանի ընկերաբանական միութեան նախագահ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի անդամ, փրոֆ. Գէորգ Պօղոսեան: «Առաւօտ»-ի կայքէն կ՛արտագրեմ.
«Հայաստանում անցկացուած նախորդ բոլոր խորհրդարանական ութ ընտրութիւնների ժամանակ շատ բարձր մասնակցութիւն ենք ունեցել, ընտրական իրաւունք ունեցողների միջինում մօտ 55-58 տոկոսը մասնակցել են ընտրութիւններին: Ամենաբարձր մասնակցութիւնը եղել է 2012 թուականին` 62 տոկոս, իսկ աննախադէպ ցածր մակարդակը ընտրութիւնների 2018 թուականին (46,6 տոկոս) ու այս տարի` 2021-ին (49,4 տոկոս)»:
Թիւերու լեզուն չի հպատակիր զգացումներու եւ նախասիրութիւններու: Այդ թիւերը ամփոփելու համար ակադեմիկոսը կ՛ըսէ.
«Սա ընտրութիւնների մասնակցութեան պատմական ցածր մակարդակ է, եւ ընդհանուր հետեւութիւնն այն է, որ քաղաքական օտարուածութիւնն աճել է (ընդգծ. Յ. Պ.): Ընտրութիւններին չեն մասնակցում այն դէպքում, երբ դրանք իրենց համար հետաքրքիր չեն: Բազմաթիւ մարդկանց համար միեւնոյնն է, թէ ո՛վ կ՛ընտրուի, ո՛ւմ կ՛ընտրեն: Սա օտարուածութեան ամենացայտուն երեւացող մեքանիզմն է, իսկ դրա շարունակութիւնն արտագաղթն է, որովհետեւ մարդիկ, ում չի հետաքրքրում իրենց երկրի անցուդարձը, քաղաքական իշխանութիւնը, ընտրութիւնները, նրանց չի էլ հետաքրքրում նաեւ իրենց քաղաքը, գիւղը ու նաեւ` երկիրը» (ընդգծ. Յ. Պ.) «… այս տարուայ 4 ամիսների ընթացքում, պաշտօնական տուեալների համաձայն, ունենք մօտ 80 հազար արտագաղթած: Այսինքն` մարդիկ, որոնք հեռացել են ու չեն վերադարձել»:
Ակադեմիկոսը այս հաստաումներուն որպէս եզրակացութիւն` կ՛ըսէ.
«Սա նշանակում է, որ մարդիկ իրենց եւ յատկապէս իրենց երեխաների ապագան չեն տեսնում ո՛չ կառավարութեան եւ ո՛չ էլ իրենց հայրենիքի` Հայաստանի հետ (ընդգծ. Յ.Պ.): Սա վնասուած հասարակութեան ախտանիշներից ամենակարեւորներից մէկն է»:
Բանավէճի հարց չկայ, այլ` համազգային գիտակցութեան ուղղուած կոչ:
Հայաստանի քաղաքացիներու կէսը չէ հետաքրքրուած երկրի ճակատագրով, հետաքրքրուելու համար ինքզինք տէր պէտք է զգայ: Փրոֆ. Գէորգ Պօղոսեան այս վերաբերումը կը բնորոշէ հետեւեալ դիպուկ սահմանումով. քաղաքական օտարուածութիւն: Քաղաքացին հեռացած է հայրենիքին տէր եւ ծառայ ըլլալու յանձնառութենէն, որ կը նշանակէ, թէ չքացած է անկախ եւ սեփական հայրենիք ունենալու գիտակցութիւնը: Իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն ազգային պատասխանատուութեամբ պէտք է նային այս խնդրին, որ նախատեսել կու տայ ներկայի եւ ապագայի ծանրակշիռ հետեւանքներ: Այս միայն անտարբերութիւն չէ հայրենիքի եւ անոր կացութեան նկատմամբ, այլ` հրաժարում, լքում, որուն պատճառով երազուած-անկախացած երկիրը կրնայ փուլ գալ, տէր փոխել: Առաջին հերթին ղեկավարութիւնները իրենք իրենց հարց պէտք է տան, թէ ինչպէ՞ս ժողովուրդը հասաւ այս լքման կէտին, աւելի ճիշդ` իրենք ինչպէ՞ս ժողովուրդը հասցուցին այդ կէտին:
Իր հայրենիքի ճակատագրով չհետաքրքրուող քաղաքացին կը շարունակէ ապրիլ` ունենալով նոր հետաքրքրութիւններ, աշխարհը կը դառնայ բնակութեան վայր, ուր կրնայ երթալ, յաջողիլ, պատշաճիլ` այլանալով: Երբ բնակչութեան կէսը չէ հետաքրքրուած, թէ ո՛վ պիտի կառավարէ երկիրը, կը նշանակէ, որ մարդիկ հոգիով եւ միտքով հեռացած են իրենց քաղաքէն, գիւղէն, հայրենիքէն: Եւ ինքզինք կը պարտադրէ յաջորդ նախաձեռնութիւնը, որոշումը: Աւելի լաւ ապրելու իրաւունքի երազով` ԱՐՏԱԳԱՂԹ-ը:
Թիւերը կը խօսին. «…այս տարուայ 4 ամիսների ընթացքում, պաշտօնական տուեալների համաձայն, ունենք մօտ 80 հազար արտագաղթած»: Նախատեսութիւնները ահազանգային են:
Հարցում. ո՞վ, որո՞նք եւ ինչպէ՞ս տէր պիտի ըլլան երկրին: Եւ ի՞նչ ապագայ կը նախատեսուի երկրին ու ազգին համար, եթէ արտագաղթը նոյն թափով շարունակուի: Արտագաղթի աղէտի թափը կարելի չէ կասեցնել հայրենասիրական ճառով կամ խոստումներով:
Այս պայմաններուն մէջ ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի խօսի հայրենադարձութեան եւ անոր իրականացման մասին: Դեռ չենք խօսիր դիւանակալական դժուարութիւններու եւ անհեթեթութիւններու մասին, որոնց կը հանդիպին հայրենադարձները` մաքսային բազմապատիկ խոչընդոտներէն մինչեւ անուն-ազգանուններու դիւանակալական խայտառակ փոփոխութիւնները, երբ հազար հինգ հարիւր տարուան Յակոբ աւազանի անունը կը դառնայ Հագոպ… Եթէ ազգովին քիչ մը աւելի ողջախոհութիւն ունենայինք, կը գիտնայինք, որ վերջին անձրեւէն ետք չենք բուսած եւ ըստ այնմ կը վերաբերէինք հայրենադարձներուն հետ:
Արդէն հին աւանդութիւն-սովորութիւն է արտագաղթելու տենդը: Հիմա, երկրին մէջ տիրող պայմանները` հինգ հազար զոհ, տասը հազար հաշմանդամ, գործազրկութիւն, անապահովութիւն, թշնամիի մնայուն սպառնալիք, անխուսափելիօրէն կը մղեն հայաստանցին` մտածելու արտագաղթի մասին: Նոյնիսկ որոշ ապահովութիւն ունեցողներ մտահոգ են իրենց զաւակներու ապագայով ու կրթութեամբ, եւ լուծումը կը տեսնեն երկրէն դուրս: Իշխանութիւնը պէտք է վերականգնէ ժողովուրդին վստահութիւնը` տեսանելի դրական նախաձեռնութիւններով: Եթէ հետեւինք մամուլին մէջ լոյս տեսած լուրերուն եւ մեկնաբանութիւններուն, առանց չափազանցութեան եւ չարութեան, կրնանք խորհիլ, որ Հայաստանը դարձած է ուրուական նաւ մը` vaisseau fantôme, ghost ship: Ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ Հայաստանի ծակոտկէն դարձած սահմաններէն յաղթականի իրաւունքով ներխուժողներ պիտի չըլլան:
Փրոֆ. Գէորգ Պօղոսեանը բանավիճող լրագրող չէ: Իր հաստատումները ախտորոշումներ են, որոնք կրնան, իմաստուն ղեկավարութեան մը համար ճամբացոյց ըլլալ: Կրկին կարդանք ըսուածը. «… մարդիկ, ում չի հետաքրքրում իրենց երկրի անցուդարձը, քաղաքական իշխանութիւնը, ընտրութիւնները, նրանց չի էլ հետաքրքրում նաեւ իրենց քաղաքը, գիւղը ու նաեւ երկիրը», եւ` մտածել: Մտածել` առանց եղերամայրի յոռետեսութեան եւ միամիտ-կուշտի լաւատեսութեան, այլ` իրատեսութեամբ: Նշուած հետաքրքրութեան չքացման առանցքին կայ հայրենիք ունենալու-չունենալու, որպէս ազգ տեւելու-չտեւելու խնդիրը, զոր արտագաղթողը կամ արտագաղթելու թեկնածուն կ՛ապրին ինչպէս Հայաստան կ՛ըսեն, իր կաշիին վրայ: Եւ կ՛եզրակացնեն ազգի գոյատեւման ըմբռնումի հակառակ ուղղութեամբ, քանի որ ամէն մարդ հերոս չէ:
Նման խորհրդածութիւններու աւարտին ընկեր, բարեկամ, ունկնդիր, ընթերցող` իրաւունք կ՛ունենան ուղղելու պարզ հարցումը. «Ի՞նչ ընել, ո՞ւր է ելքը»: Այս հարցումին պատասխան չի տար իշխանութիւնը, չի կրնար տալ պարտուած եւ ենթակայութեան վիճակի մէջ գտնուող իշխանութիւնը: Իսկ ժողովուրդին մէկ հատուածը, որ նեցուկ կը կանգնի իշխանութեան, գերին կը մնայ աճեցուած քինախնդրութիւններու, զորս կը շարունակէ չարաշահել ամբոխահաճական ճառը, պոպուլիստական կարգախօսներով, վրէժխնդրական եւ նախնական նախանձի զգացումներով, ամէն սխալ եւ ձախողութիւն արդարացնելով նախկիններու մեղքով, առանց անցած երեք տարիներու առարկայական հաշուեկշիռը ընելու եւ ըստ այնմ կողմնորոշուելու: Այս կացութեան սահմանումը տուած է փրոֆ. Գէորգ Պօղոսեան, երբ կ՛ըսէ` քաղաքական օտարուածութիւն, պատճառ դառնալով, որ երկիրը չունենայ ազգային որակով եւ վստահութիւն ներշնչող վերականգնումի իշխանութիւն:
Եւ բիրտ քաղաքական քննադատութիւններու եւ սեւցնող վերագրումներու պատճառով, իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն զիրար հեղինակազրկած են: Եւ երկիրը մտած է փակուղի:
Աւելի քան երբեք հարազատ մտաւորականութեան պարտականութիւնն է հոգեբուժութեան մէջ գործածուած ելեկտրոշոքի կացութեան մէջ դնել ժողովուրդը, որպէսզի նախկիններու եւ նորերու, սեւերու եւ ճերմակներու թատրոնէն դուրս գան, եւ անդրադառնան, որ կանգնած են հայրենիք կորսնցնելու եւ անհայրենիք համայնքներու վերածուելու վտանգին դիմաց:
Պարտուողականութեան եւ քինախնդրութիւններու յաղթահարման ճակատամարտ պէտք է մղել եւ յաջողիլ: Այս մեր անմիջական ներկայի Սարդարապատի մարտահրաւէրն է:
Ինչպէ՞ս հաւաքական գիտակցութիւն դարձնել այս մարտահրաւէրը:
Այս պատասխանատուութիւնն է ներսի եւ դուրսի ազգային հարազատութեամբ սնած եւ գործած մտաւորականութեան:
Իսկ մեր ժողովուրդը, ձերբազատելով ամբոխահաճութեան, պոպուլիզմի ախտէն, կը լսէ՞ ճամբացոյց եղող իր բանիմաց մտաւորականները, ներսի եւ դուրսի, աջի եւ ձախի, ամէն գոյնի. այսինքն ոչ թէ աղմկարարները, այլ` վաւերականները:
Մանաւանդ Պիղատոս չըլլալ, ձեռքերը լուալ, ճամպրուկը շալկել եւ երթալ այս կամ այն աւետեաց երկիրը, հասցէն` մեծերու եւ համեստներու արտագաղթին:
Դարմա՞նը. կասկածանքի, անվստահութեան վերացումը, մեծերու եւ համեստներու իրատեսական քաջութեամբ յանձնառութիւնը:
26 յուլիս 2021, Նուազի-լը-Կրան
aztagdaily.com/archives/518101